Երբեմն յանկարծակի երեւոյթներ կը յուշեն անցնող տարիները։ Այդպէս յանկարծակի առերեսում մը ապրեցանք երբ որմնազդի վրայ տեսանք «Իսթանպուլի 43-րդ Երաժշտական Փառատօն» գրութիւնը։ Այդ որմնազդը ինքնաբերաբար մեզ տարաւ վաղ երիտասարդութեան տարիներու։ 1972 տարեթիւն է մատնանշուածը։ Տարեթիւը՝ որ դուրս եկած ենք ծնողական անմիջական հոգատարութենէ եւ սկսած ենք որոնել մեզ ձեւաւորող ճաշակները, միտքերը, միջավայրները։ Ձեռնարկած ենք Սայաթ Նովա երգչախումբի հիմնարկութեան։ Եթէ նախապէս ամբողջովին շրջապատուած էինք ընտանեկան կամ դպրոցական յարաբերութիւններով, հիմա դուրս եկած այդ դաշտէն կը փորձէինք նոր ծանօթութիւններ, նոր ընկերութիւններ կազմել։ Այսօր սիրելի յիշատակ մը դարձած Արա Ղուպեսերեանի հետ ծանօթանալով գիւտը ըրած էինք դասական երաժշտութեան։ Գիւտ մը, որ մեր առջեւ լայնօրէն կը բանար համաշխարհայնացման դռները։ Այդ դռնէն կը մտնէինք նոր աշխարհ մը որ մեզ պիտի պարգեւէր աւելի նուրբ ճաշակ, աւելի զգայուն երաժշտական ընկալում, որոնցմով աւելի հարուստ պիտի զգայինք մենք
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Երբեմն յանկարծակի երեւոյթներ կը յուշեն անցնող տարիները։ Այդպէս յանկարծակի առերեսում մը ապրեցանք երբ որմնազդի վրայ տեսանք «Իսթանպուլի 43-րդ Երաժշտական Փառատօն» գրութիւնը։ Այդ որմնազդը ինքնաբերաբար մեզ տարաւ վաղ երիտասարդութեան տարիներու։ 1972 տարեթիւն է մատնանշուածը։ Տարեթիւը՝ որ դուրս եկած ենք ծնողական անմիջական հոգատարութենէ եւ սկսած ենք որոնել մեզ ձեւաւորող ճաշակները, միտքերը, միջավայրները։ Ձեռնարկած ենք Սայաթ Նովա երգչախումբի հիմնարկութեան։ Եթէ նախապէս ամբողջովին շրջապատուած էինք ընտանեկան կամ դպրոցական յարաբերութիւններով, հիմա դուրս եկած այդ դաշտէն կը փորձէինք նոր ծանօթութիւններ, նոր ընկերութիւններ կազմել։ Այսօր սիրելի յիշատակ մը դարձած Արա Ղուպեսերեանի հետ ծանօթանալով գիւտը ըրած էինք դասական երաժշտութեան։ Գիւտ մը, որ մեր առջեւ լայնօրէն կը բանար համաշխարհայնացման դռները։ Այդ դռնէն կը մտնէինք նոր աշխարհ մը որ մեզ պիտի պարգեւէր աւելի նուրբ ճաշակ, աւելի զգայուն երաժշտական ընկալում, որոնցմով աւելի հարուստ պիտի զգայինք մենք զմեզ։
Ահա այդ տարիներուն կը զուգադիպէր Իսթանպուլի Երաժշտական Փառատօնի նախափորձերը։ Մեր ժամանակներուն քաղաքը զուրկ էր այսօրուայ հսկայ, գեղակերտ համերգասրահներէն։ Ամէն ինչ կ՚ընթանար շատ աւելի համեստ պայմաններու տակ։ Համերգները մեծաւ մասամբ կը կայանային Հարպիյէի բացօթեայ թատրոնին մէջ, ուր համերգի մը յարմար ձայնի սարքաւորումը իսկ մեծ խնդիր կը կազմէր։ Բայց պէտք է նշել որ փառատօնը այդ տարիներուն այսօրուան նման ընտրանիներու մենաշնորհ մը չէր երբեք, այլ շատ աւելի ժողովուրդական անցուդարձ մը։ Տոմսակները, բաղդատմամբ այսօրուայ, շատ աւելի մատչելի էին։ Երբ պայմանները այսպէս կը ներկայանար, մենք՝ երիտասարդներս ալ չէինք դժուարանար համերգներու հետեւելու։ Անցան տարիներ եւ փառատօնի կազմակերպութիւնը շատ աւելի արհեստավարժ գործընթացի մը վերածուեցաւ։ Այդ պայմաններու մէջ այլեւս համերգասրահները պիտի բացուէր նիւթական որոշ կարողութիւն ունեցող զանգուածի դիմաց միայն։ Կասկած չկայ որ հարուստներ ուրախ էին այս զարգացումով։ Բայց մենք որ ուսանողի կամ աշխատողի մեր համեստ քսակներով բաժին կը քաղէինք այդ ուրախութենէն, հետզհետէ ետ մղուեցանք, գոհանալով մեզի համար այդքան հաճելի դասական երաժշտութիւնը փոխանակ համերգասրահներէն, ձայնապնակներու միջոցաւ լսելու։ Ուրեմն աւելի քան 30 տարիներու ընդհատումով յետադարձ ակնարկ մը գոյացուց Իսթանպուլի Փառատօնի այդ գովազդը։ Տարիներ ետք, այս անգամ Ակօսի աշխատակից ըլլալու պարգեւած առիթով անգամ մը եւս եկած ենք դասական համերգ մը ըմբոշխնելու։ Եւ պէտք է խոստովանիլ որ մեր ըմբոշխնածը իրական վայելք մըն է, այլ ոչ թէ սովորական համերգ։ Եթէ այդ հաստատումը որոշ չափով պիտի արդարանայ երաժիշտներու բարձր կարգի կատարումէն, աւելի մեծ մասով ալ առնչուած պիտի մնայ մեր անցեալի երիտասարդութեան ապրումներու հանդէպ բաղձանքի յագեցումէն։
«Մոսկվայի Մենակատարներ» կը կոչուէր նուագող խումբը։ Նախապէս նոյն փառատօնի շրջագծով լսած ըլլալով առասպելական Սբիվակովի «Մոսկվայի Վիրդիւօզներ» խումբը, ուղղակի զուգահեռներ գոյացուցած էինք լարաւորներու այս երկու նուագախումբերու միջեւ։ Տեսանք որ բոլորովին սխալ չեն եկած մեր կանխակալ համոզումները։ Ուրեմն անուանի ջութահար Եուրի Պաշմէթի ղեկավարած խումբն ալ յաջողեցաւ նուաճել ունկնդրի համակրանքը։ Մնաց որ խումբը օժտուած էր նաեւ տաղանդաւոր դաշնակահարով մը, Դանիլ Թրիֆանովի արտակարգօրէն յաջող նուագակցութեամբ։
Որպէսզի ապրումը աւելի յստակ ըլլայ, կ՚արժէ նկարագրել նաեւ համերգասրահը։ «Մոսկվայի Մենակատարներ»ու համերգը կայացաւ քաղաքի ամենալաւ աքուստիկ յատկութիւն ունեցող վայրերէն մէկուն՝ պատմական «Այա Իրինի» բիւզանդական եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ։
Նախապէս այս նոյն եկեղեցւոյ մէջ լսած էինք վերոյիշեալ Սբիվակովի Մոսկվայի վիրդիւօզները կամ յոյն երգչուհի Ֆոթէինի Տարան եւ դեռ շատ ուրիշներ։ Ամէն անգամուն ապրած էինք նոյն հիացումը եկեղեցւոյ հնչեղականութեան մասին։
Եուրի Պաշմէթի խումբը նախ ներկայացուց Ֆրէտրիխ Շոփէնի դաշնամուրային քոնցերթը։ Այս բաժնին մէջ արդէն հանդիսատեսը հիացումով լսեց երիտասարդ դաշնակահար Դանիլ Թրիֆանովի կատարողական մեծ տաղանդը։ 24 ամեայ այս երիտասարդ երաժիշտը արդէն այժմէն նուաճած է իր արուեստի մեծագոյն բարձունքները։ Բազում պարգեւներու արժանացած Թրիֆանով աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներ շրջելէ ետք եկած էր Իսթանպուլ, իր կատարողական տաղանդը մեզ շռայլելու համար։
Երկրորդ բաժինը սկսաւ Ճորճ Ֆիլիպ Թելեմանի ջութի քոնցերթով։ ԺԷ. դարու այս անուանի երգահանի երաժշտութիւնը յաճախ զուգահեռներ կը թելադրէ Պախի պարոգական երաժշտութեան հետ։ Ջութի քոնցերթն ալ կը թողուր նոյն տպաւորութիւնը։ Չորս բաժիններով այս գործին մէջ Եուրի Պաշմէթ թէ խմբավար էր եւ թէ մենակատար ջութահար։
Յաջորդող գործը Չայգովսգու երգացանկի իւրայատուկ մէկ օղակը կը կազմէր՝ «Ֆլորանսի Յուշեր»։ Դարձեալ չորս բաժիններով երաժշտութիւն մը, որու ընթացքին մեր միտքն ալ կը թռչէր դէպի վերածնունդի մայրաքաղաք՝ Ֆլորանս։ Վերածնունդի խորհուրդը տեղի կու տայ նոր միտքերու։ Կը խորհինք եւրոպական մշակոյթի հիմքերուն մասին։ Յիշողութիւնները դեռ կը թեւածեն եւ մեր մտքին մէջ կը յայտնուին Փրոֆ. Սերվեր Թանիլլի կամ Տոց. Պետրետտին Ճէօմերթ անունները։ Վերածնունդի, լուսաւորման եւ առհասարակ եւրոպական մշակոյթի մասին մեր սերունդները մեծ պաշար կուտակեցին անոնց ուսումնասիրութիւններէն։ Երկուքն ալ ֆաշիստներու գնդակներուն թիրախ եղան։ Ճէօմերթ մահացաւ երիտասարդ հասակով, իսկ Թանիլլի դատապարտուեցաւ սայլակի վրայ ապրելու։
Ժամանակակից չինացի յօրինող Թան Տունի կարճատեւ մէկ գործով աւարտին հասաւ այս խիստ տպաւորիչ համերգը։
Իսթանպուլի Երաժշտական Փառատօնի խորհրդանշանը անշուշտ որ ծովափայլ այս քաղաքի ամառուայ գիշերներն է։ Ահա այդպիսի գիշերուան մը գիրկը կ՚իյնանք Այա Իրինիյէն դէպի Սուլթանահմէտի հրապարակ քալելով։ Րամազան ամսուայ յատուկ ուրախ բազմութիւն մը լեցուցած է բազում դարերու վկայութիւնը պահող այս հրապարակը եւ յարակից փողոցները։ Կը խառնուինք այդ բազմութեան եւ համարեայ մեր վաղ երիտասարդութեան տարիներուն յագեցումով կը բռնենք տուն դարձի ճամբան, երանի տալով ապրուած օրին։