Խիստ կը նեղուիմ, երբ ընթերցողներէն մէկը կը յանդգնի գրածներուս ճշգրտութիւնը հարցաքննելու։ Այդ ի՞նչ խօսք՝ եթէ ես իրաւ եմ, կամ, կը պատմեմ, եթէ կայ մեծ մօրս մայրը Փարիզ Էօզպաղը, Մեծ մայրս Փուփուլ Էօզպաղ Քարօղլուն, եթէ կայ այս պատումին մէջ մոռացուածները կամ բաց թողուածները մէկ մէկ նշող իր եղբայրը Արթին Էօզպաղը, ուրեմն որո՞ւն չէք հաւատար։ Ո՞ր մէկուս պատմածը կասկածով կը դիտէք։ Մենք հոս ենք ու իրաւ։ Ձեզ հետ նոյն օդը կը շնչենք, նոյն ջուրը կը խմենք ու նոյն երկիրը հայրենիք կը համարենք։ Իմ պատմածները կասկածի տակ դնել իմ գոյութիւնն ալ ուրանալ կը նշանակէ։ Ուրեմն թողէք որ պատմենք մենք մեր պատմութիւնը։ Լսենք մեծ մօրս Փուփուլի խօսքերը։ Չէ որ անոր խօսքերը ամբողջ ժողովուրդի մըն ալ պատմութիւնն են։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Խիստ կը նեղուիմ, երբ ընթերցողներէն մէկը կը յանդգնի գրածներուս ճշգրտութիւնը հարցաքննելու։ Այդ ի՞նչ խօսք՝ եթէ ես իրաւ եմ, կամ, կը պատմեմ, եթէ կայ մեծ մօրս մայրը Փարիզ Էօզպաղը, Մեծ մայրս Փուփուլ Էօզպաղ Քարօղլուն, եթէ կայ այս պատումին մէջ մոռացուածները կամ բաց թողուածները մէկ մէկ նշող իր եղբայրը Արթին Էօզպաղը, ուրեմն որո՞ւն չէք հաւատար։ Ո՞ր մէկուս պատմածը կասկածով կը դիտէք։ Մենք հոս ենք ու իրաւ։ Ձեզ հետ նոյն օդը կը շնչենք, նոյն ջուրը կը խմենք ու նոյն երկիրը հայրենիք կը համարենք։ Իմ պատմածները կասկածի տակ դնել իմ գոյութիւնն ալ ուրանալ կը նշանակէ։ Ուրեմն թողէք որ պատմենք մենք մեր պատմութիւնը։ Լսենք մեծ մօրս Փուփուլի խօսքերը։ Չէ որ անոր խօսքերը ամբողջ ժողովուրդի մըն ալ պատմութիւնն են։
Մօրս Փարիզ Մալխասի ընտանիքը
Մայրս Փարիզ Մալխաս վեց զաւակներու երկրորդն էր։ Կը բնակէին Զարայէն տասը քիլոմեթր հեռաւորութիւնով «Քաւաք» ագարակին մէջ։ 1915-ին ունէին եօթը զոյգ եզեր, երեք հարիւր ոչխարներ եւ չորս հարիւր փեթակ մեղու։ Բոլորն ալ մէկ օրուան մէջ գրաւուեցան։ Եղբայրներուն մէկ մասը պաշտօնակոչեցին իբրեւ թէ դէպի Արեւելք ալիւր ուղղարկելու համար։ Անգամ մըն ալ լուր չէ առնուած իրենցմէ։ Մեծ հայրս զաւակները փրկելու համար երեւելի մարդկանց հետ տեսակցելու գնաց ու ան ալ ետ չվերադարձաւ։ Այդ միջոցին մեծ քեռիս Անդրանիկ նոր վերադարձած էր Պալքանեան պատերազմէն եւ աշխատանքի սկսած էր ալիւրի գործարանին մէջ։ Եղբայրներուն տարագրութենէն 15 օր ետք Միւֆթիւյենց տղուն կողմէ սպանուեցաւ գործարանին մէջ։ Փոքր քեռիս Մուշեղ, մեր հարեւաններէն մէկուն ապաստանած էր։ Երկու օր անց Խաչի կատարին սպաննեցին ու Ալիս գետը նետեցին։ Դիակը քանի մը օր ետք երկու երեք քիլոմեթր հեռուն ժայռաբեկորի մը կառչած գտնուեցաւ։
Իւթիւթմազներու հարսը
Մայրս՝ նիհարակազմ, շիկահեր, կապուտաչեայ մայրս։ 23 տարեկան էր, մէկ օրուան մէջ տակն ու վրայ եղաւ իր կեանքը։ 1909-ին իրենց նման ագարակապան Իւթիւթմազներու հարս գացած էր։ Մանասի հետ ամուսնացած։ Մանասի մայրը շատ կանուխ մեռեր է։ Հարս գացած տան մէջ երկու աներ ունէր։ Երկու եղբայրներ մէկ տան մէջ իրենց զաւակներով կ՚ապրէին։ Նախ իր աները, յետոյ Մանասի հօրեղբայրը մահացեր են։ Մանաս միայնակ էր, բայց հօրեղբայրը երեք որդիներ ունէր։ Այնպէս որ Մանասի հօրեղբօր կինը Սրբուկ մօրս կեսուր եղաւ։ Սրբուկի աւագ որդին Օսկիեան Ագապիի հետ ամուսնացաւ եւ դուստր մը ունեցաւ։ Իսկ մայրս Մէնտիլ եւ Յովհաննէս անուններով երկու որդիներ ունեցաւ։
Ո՞վ, ո՞ւր, ինչպէ՞ս մահացաւ
1915-ի գարնան Զարայի մէջ միակ խօսուած նիւթը «ո՞վ, ո՞ւր, ինչպէ՞ս մահացաւ» էր։ Զինակոչիկ տղոց դիակները փողոցներու անկիւններէն կը գտնուէին։ Մօրս առաջին ամուսինը Մանաս, զարմիկը Օսկիեան եւ ուրիշներ Մալխաս ընտանիքին պատահածները լսելով կ՚անհետանան։ Զինուորները կու գան զիրենք փնտռելու։ Տան մէջ միայն կանայք կան։ Ինչպէս նաեւ Մանասի 8 եւ 10 տարեկան զարմիկները եւ իմ 2,5 տարեկան եղբայրս Յովհաննէս։ Զինուորները թալանած են տան ամէն ինչը։ Մայրս միայն յաջողեցաւ հարսնութեան ատեն իր հետ բերած կարպետը փրկել։ Այդ կարպետը աւելի ետք մեր տան ամենաթանկագին իրը դարձաւ։ Մայրս, զարմիկներու կիները եւ կեսուրմայր համարած, արդէն այրի, քերկինը երկար ատեն լուր մը չեն ստացեր իրենց ամուսիններէն։ Լսելով այրի կանանց գլխուն եկած փորձանքները որոշեր են, որ եթէ մարդիկ չվերադառնան եւ իրենք սպառեն իրենց յոյսերը, միասնաբար թոյն խմեն ու անձնասպան ըլլան։ Մայրս այդ որոշումը ամէն յիշելուն «մայրիկ ճան մայրիկ, կեանքը քաղցր է, այդ ապուրը երբեք չեռաց» կ՚ըսէր։
Բախտի սեւ շունը
Վերջերս այս անունով գիրք մը կարդացի։ Տպաւորեց զիս։ Տպաւորեց քանի որ գիտէի թէ բախտի սեւ շունը մայրս այցելած է։ Անոնք ալ պարտէզին մէջ սեւ գամփռ մը ունեցած են։ Այդ անասունն ալ տան այրերուն հետ անհետացած է։ Օրերէն մի օր առաւօտեան ժամերուն գամփռը կը յայտնուի ու թաթերով կը սկսի դուռը հարուածել։ Կանայք ներս կ՚առնեն շունը։ Կը նկատեն որ վզնոցին անուրին քուրջի կտոր մը կապուած էր։ Ուշադիր նայեցան եւ նկատեցին վրայի գրութիւնը։ «Վաղը երեկոյ այսինչին գոմը եկէք» գրուած էր։ Խոտերը հնձելու եղանակն է։ Մայիս կամ Յունիս ամիսները։ Իսլամներու ալ Ռամազանն է։ Երեք կիներ լաչակներու մէջ ծածկուած որ կ՚անցնին, գիւղացիներէն մէկը կ՚աղաղակէ՝ «ո՜վ Մուհամմէտի ժողովուրդ, հասէք կեավուրները կը փախչին»։ Այս լսող գիւղացիները վրայ կը հասնին, երեք կիները կը բանտարկեն տան մը մէջ, յաջորդ առաւօտ ալ կը տանին դատաւորին դիմաց։ Դատաւորը շուտով կը վճռէ՝ իսկոյն պիտի աքսորուին։ Այդ նոյն օր տան երախաները եւ պառաւներն ալ կը տանին անոնց քով։ Անօթի ծարաւ սպասումի օրերուն մարդիկ կու գան ու կանայք կը վերցնեն։ Պուլկարիոյ գաղթական մըն ալ մայրս վերցնել կ՚ուզէ։ Բայց ան կը դիմադրէ։ Կը սկսի պոռալ։ Գաղթականը ատրճանակը կը հանէ եւ կ՚ուղղէ Սրբուկի տասնամեայ զաւկին գլխուն։ «Եթէ չգաս կը սպաննեմ» կը սպառնայ։ Մայրս ճարահատ Մէնտիլն ու Յովհաննէսն առնելով կ՚երթայ մարդուն հետ։ Այդ մարդուն անունը երբեք չիմացանք։ Բանակի մէջ խոհարար է եղեր ու ամուրի։ Մայրս այդ օրերը յիշելով «պատերազմի տարիներ էին, ամէն ոք սովի մէջ էր։ Ես ու զաւակներս անօթի չմնացինք» կ՚ըսէր։ Այդ շրջանին Մէնտիլ եւ Յովհաննէս կեղծմաշկէ կը վարակուին։ Յովհաննէս կը կառչի կեանքին, բայց Մէնտիլ կը մահանայ։ Ըստ երեւոյթի բարեխիղճ մարդ մը եղած է այդ գաղթականը։ Բայց մայրս անոր հետ անցած չորս տարիները «Դժոխային տարիներ» անուանեց միշտ։
Արմատներուն վերադարձող էգ առիւծը
Շշուկներ տարածուիլ սկսած է։ «Ցանկացողը կրնայ քրիստոնէութեան դառնալ»։ Վարդանենց Գալուստի գաղտնագողի կ՚այցելէ մօրս եւ իմաց կու տայ այս մասին։ «Դուն մերոնց լուր տուր մօտ օրէն կը հասնիմ իրենց»։ Մարդը զարմացած է լսելով որ ոմանք կը շեղին Ալլահի ճամբէն ու կը դառնան քրիստոնէութեան։ Մայրս առանց վարանելու «ես ալ կը դառնամ» կ՚ըսէ։ Գաղթականը ուրիշ խօսք չունի ըսելու։ Բաճկոնը կը վերցնէ դրան ետեւէն ու կը հեռանայ առյաւէտ։ Մայրս Յովհաննէսը առնելով կը դառնայ ամուսնոյն տունը։ Սրբուկին խնամած մարդը մեռած է ու ան ալ երկու որդիներուն հետ եկած է նոյն տունը։ Մայրս Վարդանենց Գալուստի վկայութիւնով անձնագիրին մէջ դարձեալ «քրիստոնեայ» գրել կու տայ։ Հոն է որ Գալուստ «քոյրս, արու առիւծը որ առիւծ է, էգ առիւծը առիւծ չէ՞» կ՚ըսէ։ Օր մըն ալ, երբ Սրբուկ ալ տունն է, յանկարծ Ագապին կը յայտնուի։ Ամուսինը մեռած է։ Տնեցիները պարկ մը ալիւր եւ քիչ մըն ալ ձաւար տալով դստեր հետ միասին ղրկած են զինք։ Երեք կանայք երկար տարիներ տան մէկ մասը փուռի վերածելով հացագործութիւն կ՚ընեն։ 1922-ին Ուրուկուայէն նամակ մը կը հասնի։ Կը պարզուի թէ Իւթիւթմազկիլներու Սրբուկի որդին, Ագապիի ամուսինը Օսկիեան կ՚ուզէ իրենք իր քով առնել։ Իսկ մայրս 1924-ին կ՚ամուսնանայ հօրս Միհրան Զօրաեանի (Էօզպաղ)ի հետ։
Հայրս Միհրան Զօրայեան
(Էօզպաղ)
Հայրս Պոլիս ծնած ըլլալուն չէ աքսորուած։ Մեր մեծ հայրը Ալեքսան Պոլիս էր երբ հայրս ծնաւ։ Բայց մէկ տարեկանին որբացաւ մայրը կորսնցնելով։ Մեծ հայրս զինք կ՚առնէ ու Զարա կը վերադառնայ։ Բայց եօթը տարի անց ալ հայրը կը մահանայ։ Աւելի ետք կ՚ամուսնանայ երեք որդիներ եւ դուստր մը կ՚ունենայ, 1924-ին կինը հիւանդութեան մը պատճառով կը մեռնի։ Ապա կ՚ամուսնանայ մօրս Փարիզի հետ։ Իր հարազատ զաւակը ութ ամեայ Յովհաննէսը կը թողու Իւթիւթմազկիլներու տունը։ Ինք որ չորս զաւակներու խորթ մայր ըլլալով հարս կ՚երթայ, ընտանիքի մեծերը չեն յօժարիր որ որդին ալ հետը տանի։ Իմ ծնած թուականը 16 Մայիս 1927 մօրս Յովհաննէս եղբայրս տեսած վերջին օրը կ՚ըլլայ։ Իւթիւթմազներու Օսկիեան, մայրը Սրբուկը, կինը Ագապին եւ եղբորորդի Յովհաննէսը այդ օր կը հեռացնէ Զարայէն։ Դժուար ծննդաբերութիւնով մը աշխարհ եկեր եմ։ Մայրս շատ դժուար բաժնուէր է եղբօրմէս։ «Եթէ նոյնիսկ ծայրը մահ ըլլայ ես պիտի ճանապարհեմ» ըսէր ու մինչեւ Զարայի սահմանը գտնուող գերեզմանատան առջեւ ճամբեր է զինք։ Մայրս 1978-ին մեռաւ։ Մինչեւ կեանքին վերջը միայն նամակներով հաղորդուեցաւ զաւկին հետ։ Ամէն անգամ որ տան մէջ լուացք կ՚ընէր, խնամքով կը լուար ու կ՚արթուկէր Յովհաննէսէն մնացած միակ յիշատակը, թաշկինակը։ Յովհաննէսի զաւակներուն անունը մայրս ճշդեց։ Բայց երբեք չկրցաւ տեսնել թոռները։ Իմ նիհարակազմ, շիկահեր, կապուտաչեայ գեղեցիկ մայրս Փարիզ Էօզպաղ, երբ Իսթանպուլի մէջ կը մահանար, չէր լսած զաւկին Յովհաննէսի քանի մը ամիս առաջ մեռած ըլլալուն բօթը։