Պաղլամա, տարբեր տեսակի սրինգներ, էլէքտրոկիթար, բամբ կիթար, հարուածային գործիքներ նուագող հինգ երաժիշտներ բեմ եկան նախ, ապա անոնց միացաւ օրուան մենակատարը՝ Տիրէն։ Իսթանպուլի Մշակոյթի եւ Արուեստի հիմնարկİKSV-ի դահլիճին մէջ եզակի համերգ մը կը սկսի։ Վերջերս «Քալան» ընկերութեան հրատարակութիւնով լոյս տեսաւ տէրսիմցի երիտասարդ երաժիշտ Տիրէնի անդրանիկ ալպոմը՝ «Խորէ»։
ԱՂԱՒՆԻ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ
Պաղլամա, տարբեր տեսակի սրինգներ, էլէքտրոկիթար, բամբ կիթար, հարուածային գործիքներ նուագող հինգ երաժիշտներ բեմ եկան նախ, ապա անոնց միացաւ օրուան մենակատարը՝ Տիրէն։ Իսթանպուլի Մշակոյթի եւ Արուեստի հիմնարկİKSV-ի դահլիճին մէջ եզակի համերգ մը կը սկսի։ Վերջերս «Քալան» ընկերութեան հրատարակութիւնով լոյս տեսաւ տէրսիմցի երիտասարդ երաժիշտ Տիրէնի անդրանիկ ալպոմը՝ «Խորէ»։ Տիրէն մեր հարցումին պատասխանելով բացատրեց թէ բառը զազայերէն լեզուով կը նշանակէ խորութիւն։ Այսպէսով օրինակ մը եւս կ՚աւելնայ զազայերէն բառամթերքին մուտք գործած հայերէն բառերու ցանկին։
Մահերգներ եւ հարսանեկան երգերէ բաղկացող այս նոր ալպոմի ծանօթացման համերգին առաջին կատարումը կ՚ըլլայ զազայերէն ողբերգ մը։ Երիտասարդ երգիչը խիստ ազդուած կ՚երեւի իր կատարումէն։ Ձայնը մեծ ելեւէջներով կը գրկէ նաեւ բոլոր դահլիճը եւ ունկնդիրը կը տանի լեզուի իմացութենէ շատ աւելի լայն ընկալումի մը։ Եթէ գէթ մէկ անգամ գտնուած ըլլաս Տէրսիմի լեռնաշխարհի բնութեան մէջ, այդ պահուն արդէն կը զգաս որ լեզուն, բառերը կամ բառերու իմացութիւնը երբեք արգելք մը չեն այդ երգերուն ներքնաշխարհին թափանցելու համար։ Այս մտորումներու մէջ ենք, երբ երգը կ՚աւարտի ու հանդիսատեսը ջերմ ծափողջիւններով եւ բացագանչութիւններով կը յայտնէ իր գոհունակութիւնը։ Սակայն ինչպէս որ կ՚ըսէ «Կէզի»ի ապստամբութենէն միտքերնուս դրոշմուած վանկարկումը՝ «այս դեռ սկիզբն է»։ Ճիշդ է, չենք սխալած։ Եկած ենք արտակարգ համերգի մը ներկայ ըլլալու եւ արդէն երկրորդ կատարումը առիթ չի թողուր որ հանգիստ կանգնած լսենք յաջորդ երգը։ Այս անգամ հայերէն թագւորագովք մըն է որ կ՚երգէ Տիրէն եւ առաջին հնչիւններով իսկ կազմուած են ուրախ շուրջպարեր։ Անթերի հայերէնով մը կ՚արտասանէ երգին բառերը։ Եւ այդ կատարումով կը վերակենդանանայ բազմահազար տարիներու մշակոյթ մը, որ ափսոս վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին անտեսանելի դարձած էր մոռացութեան թանձր փոշիի մը տակ։ Տիրէն կը թոթովէ այդ փոշին եւ բոլորին կ՚ապացուցէ թէ հայ երգը ինչպիսի կենսունակութիւն մը կրնայ ունենալ ժողովուրդի ապրումներու հարազատութեան մէջ։
Երիտասարդ մենակատարի արձանագրած յաջողութեան համար մենք գոհանանք այսքանով եւ քիչ մըն ալ անդրադառնանք շաբաթավերջին կայանալիք մի այլ համերգին։
Արդարեւ նախորդ տարի լոյս տեսած «Անէծք» ալպոմի բովանդակութեամբ 31 Մայիսին Շիշլիի «Քէնթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ բեմ կ՚ելլէ մի այլ տէրսիմցի կատարող՝ Տողան Չէլիք։ Այս տողերը գրելու պահուն կը մտաբերենք այս երգիչին Կեդրոնական սանուց միութեան բեմին վրայ ներկայացուցած համերգը։ Համերգին մեզ հետ էր Ֆրանսայէն հիւրաբար ժամանած նախկին Պոլսահայ բարեկամ մը։ Աւարտին իր լսած զազայերէն երգերուն ակնարկելով կ՚ըսէր թէ այս երգերը հայ մարդու համար շատ աւելի հոգեհարազատ են, քան Հայաստանի հեռուստաալիքներէն վերջին տարիներուն սփռուած, լեզուով հայերէն, բայց երաժշտութիւնով խիստ օտար երգերը։ Ուստի մենք խորհուրդ կու տանք որ հայ մշակոյթի եւ յատկապէս ժողովրդական երաժշտութեան պապակ ունեցող մեր ընթերցողները օգտագործեն այս առիթը, որ պիտի կրնանք վստահեցնել, թէ երկարատեւ տպաւորութիւն պիտի թողու իրենց մօտ։