Սայաթ Նովա Երգչախումբը այս տարի ալ գեղարուեստական եղանակի վերջին օրերուն արձանագրեց կարեւոր նուաճում մը ներկայացնելով իր տարեկան համերգը՝ «Կռունկ, խապրիկ մը մեր աշխարհէն» խորագիրով։ Պոլսահայ հասարակութեան համար ծանօթ իրողութիւն է, որ Սայաթ Նովա Երգչախումբը իր տարեկան համերգները կը ներկայացնէ խորագրի մը ներքեւ։ Այս տարի նկատի ունենալով դարադարձի խորհուրդը, այդ խորագիրը եղաւ կորուստեալ հայրենիքի գովերգութիւնը ընող երգերէ բաղկացող յայտագիր մը։ Մելիքճան Զամանի մականին ներքեւ բեմ բարձրացող Սայաթ Նովացիներ երգի զուգահեռ ներկայացուցին նաեւ գրականութեան նմոյշներ։
ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ
uygargultekin@agos.com.tr
Սայաթ Նովա Երգչախումբը այս տարի ալ գեղարուեստական եղանակի վերջին օրերուն արձանագրեց կարեւոր նուաճում մը ներկայացնելով իր տարեկան համերգը՝ «Կռունկ, խապրիկ մը մեր աշխարհէն» խորագիրով։ Պոլսահայ հասարակութեան համար ծանօթ իրողութիւն է, որ Սայաթ Նովա Երգչախումբը իր տարեկան համերգները կը ներկայացնէ խորագրի մը ներքեւ։ Այս տարի նկատի ունենալով դարադարձի խորհուրդը, այդ խորագիրը եղաւ կորուստեալ հայրենիքի գովերգութիւնը ընող երգերէ բաղկացող յայտագիր մը։ Մելիքճան Զամանի մականին ներքեւ բեմ բարձրացող Սայաթ Նովացիներ երգի զուգահեռ ներկայացուցին նաեւ գրականութեան նմոյշներ։ Այսպէս Կարիկ Պասմաճեանի «ինձ իմ երկիրը տարէք» տողերը ամբողջ համերգի բնաբանը հանդիսացաւ, քանի որ ան կրկնուեցաւ ամբողջ համերգի ընթացքին ամէն կատարումէ առաջ։ Խումբի անդամներէն իւրաքանչիւրը կրկնեց այդ նախադասութիւնը ըսելով՝ «ինձ իմ երկիրը տարէք վստահելի ճանապարհով։ Հետեւեցէք որեւէ կռունկի նա հաստատ վերադառնում է մեր երկիրը»։
Խմբավար Մելիքճան Զաման ալ նախ իր ձայնով ներկայացաւ բեմի ետեւէն, որ կը գոչէր Չարենցեան տողերով՝ «Հեռո՜ւ մօտիկ ընկերներին, աշխարհներին, արեւներին- Հրանման հոգիներին։ Բոլո՜ր նրանց, ում որ հոգին վառւում է վառ,- Բոլոր նրանց հոգիներին, արեւավառ, -Կեանքի՜, մահի՜ այս ամեհի աղջամուղջում՝, Ողջակիզուող հոգիներին –ողջո՜յն, -ողջո՜յն»։ Այս տողերէն ետք խմբավարը ունկնդրին մատուցեց առաջին կատարումը։ Աշխարհասփիւռ հայութեան եւ յատկապէս սփիւռքի հայութեան համար այնքան հոգեհարազատ «Կռունկ» երգի առաջին հնչիւններով իսկ երգչախումբը ապահովեց իր նախատեսած յուզականութիւնը։ Ապա իրար յաջորդեցին բազմաթիւ պանդուխտ երգեր, ինչպէս «Էրթանք Ստամպոլ», «Մայր Արաքսի Ափերով», «Պինկէօլ», «Ծաղկասարի Կանանչ Լանջին», «Իջաւ Մարմանդ Իրիկուն», «Ալագյազ» եւ Բարսեղ Կանաչեանի երկարաշունչ եւ խիստ տպաւորիչ յօրինումը՝ «Նանօր»։ Այս կատարումով համերգի առաջին բաժինը կը հասնի իր աւարտին։
Երկրորդ բաժնի մէջ երգչախումբը դարձեալ գրական արտասանութիւններու զուգահեռ կատարեց «Գարուն Ա», «Եարօ Ճան- Թամզարա», «Աղջի Ռեհան», «Սիփանայ Քաջեր», «Իմ Անի», «Արփա Սեւան», «Իմ Երեւան» երգերը։ Այս բաժնին մէջ շատ յաջող մենակատարութիւն մը ներկայացուց Շուշան Գալաթաշ, Ալեքսէյ Հեքիմեանի «Իմ Անի» երգով։
Համերգի աւարտը կրկին տպաւորիչ էր եւ յուզական, Կոմիտաս վարդապետի «Տէր Ողորմիայ»ի կատարումով։
Սայաթ Նովա երգչախումբը ինչպէս իր նախորդ բոլոր համերգներուն, այս անգամ ալ պատգամ փոխանցեց ունկնդրին յիշեցնելով հայ ժողովուրդի մեծ կորուստին դարադարձը։
Սայաթ Նովայի այս նախաձեռնութեան համար կ՚արժէ նշել նաեւ անեկդոտ մը։ Խումբի վարիչները ինչպէս սովորաբար կ՚ընեն, այս համերգի նախօրեակին ալ յատուկ ժամադրութիւն խնդրած են Պատրիարքարանէն, որպէսզի անձամբ յանձնեն համերգի հրաւիրագիրը։ Չեն յաջողած ժամադրութիւն ստանալու եւ Պատրիարքարանի հրաւիրագիրը ղրկած են խումբի նախագահ քահանայի միջոցաւ։ Սակայն Պատրիարքական Փոխանորդ Արամ Սրբազան բացի հրաւիրագիրը մերժելէ, սպառնացած է բոլոր հոգեւորական դասուն եւ արգիլած է անոնց այս համերգին մասնակցութիւնը։ Իսկ Սայաթ Նովացիները այս զարգացումը կը դիտեն հեգնանքով ու կ՚ըսեն թէ «ուրեմն շիտակ ճամբու մէջ ենք»։