Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէ համայքի վաստակաւոր առաջնորդ արհիապատիւ Գերապայծառ Յովհաննէս Չոլաքեան մեծարուեցաւ յոբելեանական հանդիսութիւնով։ Արհիապատիւ Սրբազանը յառաջացած տարիքի բերմամբ իր ծառայութիւնները թողած է Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեանի եւ ինք կը մնայ իր աթոռին վրայ խորհրդանշական բնոյթով։ Այս կարգադրութիւնը ապահովելու համար Հռոմի Փրանկիսկոս Պապը Գերապայծառ Զէքիեանը Իսթանպուլ ուղղարկեց «Ամիտայի Առաջնորդ» կոչումով։ Այսպէսով ան յարգած եղաւ Գերապայծառ Չոլաքեանի աթոռը, բայց գործնականապէս ալ վարչական ծանր աշխատութիւնը բեռցուց նոր նշանակեալ սրբազանին։ Իսկ Գերապայծառ Զէքիեան յարգելով Չոլաքեան սրբազանի երկարամեայ ծառայութիւնը որոշեց յոբելեանով մը ողջունել անոր բազմամեայ ծառայութիւնը։ Արդարեւ 24 Մայիս Կիրակի օր Գատըգիւղի Սուրբ Լեւոն եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Հոգեգալստեան Սուրբ Պատարագի սիրոյ սեղան սարքուեցաւ ի պատիւ Չոլաքեան Սրբազանին։ Այս կարեւոր միջոցառումին ներկայ գտնուեցան քաղաքիս ասորի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը, Գատըգիւղի եւ Շիշլիի քաղաքապետները, Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, Հայ կաթողիկէ համայնքի անդամները եւ այլ հիւրեր։ Ընթերցուեցաւ Հռոմի Պապաի ողջոյնի խօսքը ու ապա ներկաները առաջնորդուեցան դէպի սիրոյ սեղան։ Այս առթիւ գլխաւորութեամբ Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի հոգեբարձութեան զանազաններ յուշանուէրներ յանձնեցին մեծարեալ քահանայապետին։Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէ համայքի վաստակաւոր առաջնորդ արհիապատիւ Գերապայծառ Յովհաննէս Չոլաքեան մեծարուեցաւ յոբելեանական հանդիսութիւնով։ Արհիապատիւ Սրբազանը յառաջացած տարիքի բերմամբ իր ծառայութիւնները թողած է Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեանի եւ ինք կը մնայ իր աթոռին վրայ խորհրդանշական բնոյթով։