ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Վարդան Էսդուգեան- Դուք յաճախ կու գաք Իսթանպուլ է, համերգներ կու տաք։ Ի՞նչ այս քաղաքին յատկութիւնը ձեզի համար։ Ի՞նչու համար կարեւոր է Իսթանպուլը ձեզի համար։
Լէնա Շամամեան- Արդէն երեք տարի է որ աւելի յաճախ կու գամ Իսթանպուլ։ Սակայն ասիկա իմ երկրորդ մեծ համերգս է։ Կը յուսամ որ աւելի մեծ թիւով համերգներ կու տամ այստեղ։ Անկէ բացի՝ կու գամ արձանագրութեան եւ երաժշտական աշխատանքի համար։ Այստեղի երգահաններուն հետ կ՚աշխատիմ։ Այս քաղաքին մէջ հարազատ կը զգամ։ Թերեւս բնութիւնն է, արեւը, մարդիկը, բան մը կայ, որ Սուրիոյ կը նմանի։ Ինքզինքս ապահով կը զգամ։ Անշուշտ կայ նաեւ այն իրականութիւնը, որ երաժշտական մակարդակը շատ բարձր է այստեղ։ Սուրիոյ համեմատ երաժշտական չափանիշները բարձր են։ Երբ կ՚աշխատիմ այստեղի երաժիշտներուն հետ, ստիպուած կ՚ըլլամ աւելի լաւ երգելու։ Այսպէս է որ կը բարձրանայ երաժշտական որակը։ Նաեւ կայ հոգեւոր գործօնը։ Ինծի համար նոյնիսկ Եւրոպայի մէջ անգտանելի է փնտռածս, այստեղ է որ կը գտնեմ Արեւմտեան երաժշտութեան հոգին, եւ ոչ Եւրոպայի մէջ, ուր կը բնակիմ այժմ։ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խառնուրդ մը կայ այստեղ, եւ զարգացած ճարտարարուեստին հակառակ, երաժշտութեան հոգին պահպանուած է։ Ասիկա մեծ յատկութիւն է։
Չեմ ուզեր համեմատական մը դնել Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ երաժշտական որակներուն միջեւ։ Ես Սուրիոյ մէջ ուսանող էի։ Կ՚աշխատէի ուսանողներու հետ, որոնք Սուրիոյ մակարդակով լաւագոյններն էին թերեւս։ Այստեղ կ՚աշխատիմ երաժշտութեան ուսուցիչներու հետ, տասնեակ տարիներու փորձառութիւն ունին։ Այս պատճառով իմ ալ կարողութիւններս բարձրացած են, եւ ես ալ այժմ ունիմ որոշ ուսուցողական աշխատանքներ, կը վարեմ աշխատանոցներ։ Համեմատականը երկիրներու միջեւ չէ, այլ փորձառութեան միջեւ է որ կ՚ուզեմ դնել։ Այստեղ կը մնայ լեզուի դժուարութիւնը, չունիմ հասարակաց լեզու այստեղի երաժիշտներուն հետ, բայց անշուշտ երաժշտութեան լեզուն աւելի հաղորդակցական է, քան միւս բոլոր լեզուները։ Երաժշտական հաղորդակցութեամբ է որ կ՚աշխատիմ այստեղ, ինչ որ մեծ բաւարարուածութիւն կու տայ ինծի։
Վ.Է.- Դուք մաս չկազմեցիք Ապրիլ 24-ի Յուշ-Համերգին, բայց կը մասնակցիք ԱՎԷԱ-ի կազմակերպած միջոցառումին, ինչպէ՞ս եղաւ այս ընթացքը։
Լ.Շ.- Ինծի որեւէ առաջարկ չէ եղած Ապրիլ 24-ի համերգին մասնակցելու։ Հրաւէր մը չեմ ստացած։ Այժմ կ՚աշխատիմ հաւաքածուի մը վրայ Անտրէ Մանուկեանի հետ համագործակցաբար, որը ֆրանսահայ երաժիշտ մըն է։ Եկած էինք այստեղ արձանագրութեան համար, թաւջութակահար Էօզէր Արքունի հետ կ՚աշխատինք քանի մը կտորի վրայ։ Արդէն իսկ մի քանի երգ արձանագրած ենք։ Ապրիլ 24-ին հրապարակեցինք «Մութն էր» երգը, որը հասանելի է Եու-Թուպի վրայ։ Քանի որ երաժշտութիւնը, որ կ՚ուզենք ընել աւելի շատ Անատոլիայի հայկական երաժշտութեան մօտիկ պիտի ըլլայ։ Կ՚ուզեմ որ այստեղի հոգին արտացոլանք ունենայ մեր աշխատանքին մէջ։ Քանի որ Անատոլիայի հայկական երաժշտութիւնը տարբեր է Հայաստանի մէջ եղած հայկական երաժշտութենէն։ Այստեղ էի ուրեմն, ծանօթացանք ԱՎԷԱ-ի պատասխանատուներուն հետ, առաջարկեցին համերգ մը կազմակերպել, եւ համաձայնեցանք թուականներուն վերաբերեալ։ Այսքան պարզ։
Վ.Է.- Ամբողջ Արաբական աշխարհը կը ճանչնայ ձեզ որպէս արաբերէն երգի լաւագոյն մեկնաբաններէն մէկը։ Որպէս հայ ինչպէ՞ս կրնաք միացնել այս հանգամանքը ձեր ինքնութեան հետ։
Լ.Շ.- Աշխարհի բոլոր հայերուն պարագան նոյնն է, պէտք է մեր ապրած երկիրներուն լեզուն լաւ գիտնանք։ Առանց այս կարողութեան ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ հաղորդակցիլ շրջապատին հետ։ Շատ կարեւոր էր ինծի համար որ երգեմ ու խօսիմ արաբերէնը։ Հայկական երաժշտութիւնը սակայն, կեանքիս ամենէն մեծ գանձն է։ Այսօր իսկ, նոյնիսկ երբ արաբերէն է երգածս, մարդիկ կ՚ըսեն թէ իրականութեան մէջ հայերէն է որ կ՚երգեմ, սակայն արաբերէն բառերով։ Եւ եթէ չերգեմ արաբերէն, արաբներուն համար ոչ մէկ բան պիտի նշանակէ հայկական երաժշտութիւնը, բայց երբ հայկական ազդեցութեամբ է որ կ՚երգեմ արաբական երգերը, իրենք կը սորվին թէ ինչ է հայկական երաժշտութիւնը։ Սուրիոյ մէջ այսպէս եղած է նաեւ այլ ասպարէզներու պարագային։ Բոլոր սուրիացիները գիտեն որ հայերը մաս կազմած են ընդհանուր հասարակութեան, պահելով հանդերձ իրենց իւրայատուկ ինքնութիւնը։ Ճանչցուած են որպէս գործունեայ եւ համերաշխ ժողովուրդ, որ ինչքան ալ մատնուին դժուարութիւններու կարողութիւնը ունին վերապրելու եւ վերստին կերտելու։ Ինծի համար ինքնութեանս այս գիծը միշտ շատ կարեւոր եղած է, եւ միշտ ջանացած եմ արուեստիս մէջ ցոյց տալ այս յատկութիւնը։ Այս էր կարեւորը ինծի համար։ Ստեղծագործելու ժամանակ ցոյց տալ որ հայ մը կրնայ արաբերէն արուեստ ստեղծել ու ապրիլ արաբերէն երաժշտութիւնը արաբի մը նման։
Վ.Է.- Կ՚ըսէք թէ կ՚աշխատիք Անատոլիայի հայկական երաժշտութեան վրայ, ի՞նչ է ըստ ձեզի տարբերութիւնը ընդհանրական հայ երաժշտութենէն, եւ կամ ի՞նչ է անոր կապը արաբական եւ թրքական երաժշտութեան հետ։
Լ.Շ.- Հայաստանի երգի տեսակը աւելի մօտ է արեւմտեան եւ ռուսական դասական երաժշտութեան։ Անատոլիայի հայկական երաժշտութիւնը արեւելեան է։ Ի վերջոյ հասած եմ եզրակացութեան որ իմ ձայնս արեւելեան է։ Ես հայ եմ հօրենական կողմէս, եւ ասորի եմ մօրենական կողմէս։ Բնական է որ այս ըլլայ իմ երաժշտութիւնս, արեւելեան երկու կողմէն ալ։ Երբ կը ստեղծագործեմ, նոյնիսկ երբ արաբերէն երգ կը գրեմ, այս Անատոլիայի երաժշտութեան է որ կը վերադառնամ։ Ասիկա շատ տարբեր է Արեւելահայ մօտեցումէն։ Արեւմտահայ երաժշտութիւնը աւելի արեւելեան կը մնայ, եւ ես անոր է որ կը պատկանիմ։ Երգեցողութիւնը ամբողջովին տարբեր է։ Օրինակ՝ երբ լսենք Ուտի Հրանդը, ինք չափանիշ մըն է։ Այստեղի մարդոց երգեցողութիւնը այս է։ Երանի թէ կարենամ աւելի տիրապետել իրենց երգեցողութեան հիմունքներուն, կարենամ տիրապետել իրենց բարբառներուն, լաւագոյնս արտայայտելու համար իրենց երգին ուժը։ Այս է հայերուն եւ ասորիներուն երաժշտութիւնը, որ կ՚ապրէին Անատոլիայի մէջ։
Վ.Է.- Սուրիոյ պատերազմը ինչպէ՞ս ազդած է ձեր վրայ, ձեր արուեստին վրայ, եւ ընդհանրապէս արուեստին վրայ։
Լ.Շ.- Արուեստը կեանքէն հեռու չի կրնար ըլլալ։ Արուեստը կ՚արձանագրէ կեանքը, եւ այնքան ատեն որ կեանք կայ արուեստն ալ կայ։ Մեր այսօրուան ապրածն ալ պիտի արձանագրէ արուեստը։ Սուրիական արուեստը իր գագաթը կ՚ապրէր պատերազմէն առաջ ու սկսած էր աշխարհին բացուիլ ու տարածուիլ։ Մարդոց համար այժմ դժուար է շարունակել իրենց գեղարուեստական աշխատանքը Սուրիոյ մէջ։ Բայց ամէն դժուարութենէ դրական իրավիճակներ կը ստեղծուին։ Ես ալ անոնցմէ մէկն եմ, որ երբ դուրս եկանք, կորսնցուցինք ամէն ինչ։ Ես ալ շատերու պէս զէրոյէն է որ վերսկսած եմ։ Ի յայտ եկաւ իրականութիւն մը, որ Սուրիացիները տարածուեցան աշխարհով մէկ։ Բոլոր աշխարհը իմացաւ որ արուեստ կար Սուրիոյ մէջ։ Շատ խորունկ բան մը կը պատահի այնտեղ։ Բոլորս ալ սկսանք աշխատիլ միջազգային երաժիշտներու հետ։ Ճակատագիրը այնպէս բերաւ որ, ցաւին հետ միասին Սուրիական գեղեցիկն ալ տարածուեցաւ աշխարհով մէկ։ Սուրիական արուեստը հասաւ բոլոր աշխարհին։
1926 թուականին Խորհրդային Հայաստանը մեծածաւալ ու ստուար հատորի մը մէջ կը հրապարակէ իր հինգ տարուայ գործունէութիւններու հաւաքածոն։ Գիրքի «Ժողովրդական Տնտեսութիւն» բաժինը կ՚աւետէ նոր գործարանի մը բացումը, որ առաջինն է Հայաստանի մէջ. «Լուկաշինի անուան տեքստիլ գործարանը Լենինականում»։ Իսկ լուսանկար մը ցոյց կու տայ այդ գործարանի իլիկներու բաժինը։
Հազուագիւտ է «տեքստիլ» (Ֆր.՝ Textile) բառի գործածութիւնը հայերէնի մէջ, եւ ո՛չ անհրաժեշտ՝ երբ ունինք «հիւսուածոյ, հիւսուածեղէն» բառերը։ Իսկ ընթերցողը իրաւունք ունի հարցականի մէջ մնալու, կարդալով գրութեան ենթախորագիրը, թէ հիւսուածեղէններ ինչպէ՛ս կրնան «նրբատաշ» ըլլալ, ընդունելով, որ «տաշել» բայը շատ անգամ սահմանուած է քարին, փայտին կամ մետաղին։ Սակայն, ստուգաբանական փոքրիկ պտոյտ մը լեզուներու եւ դարերու մէջ՝... ու կը տեսնենք, թէ այդ բոլորին պատմութիւնները հիւսուած են իրարու հետ եւ անոնց արմատները շատ ալ հեռու չեն մեր մայրենի հողէն։
Նախ տեսնելու համար, թէ «տեքստիլ»ը եւ «տաշել»ը որքա՛ն նոյնացած կրնան ըլլալ, ճամբորդենք Լուկաշինի գործարանէն 170 քմ. արեւելք, դէպի Գոշավանք։ Հոն կը գտնենք «Ասեղնագործ» կոչուած այն յայտնի խաչքարը, որ 1291 թուականին Պօղոս վարպետը ստեղծած է։ Ան խաչքարներուն ամենէն նուրբն է ու ամենէն բարդը՝ իր երիզաձեւ զարդերով, երկրաչափական բազմախաւ տարրերով, ութանկիւն աստղերու մէջ տեղադրուած խաչերով ու անկրկնելի ծաղկանախշերով։ Այս խաչքարը ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ, եթէ ոչ՝ հայուհիի մը ձեռքէն ելած ընտիր ժանեակ մը, արուստի բարձրագոյն արտայայտութիւն։ Բառարանները կը բացատրեն, թէ «տեքստիլ»ը բամպակի, բուրդի կամ մետաքսի արուեստ է։ Իսկ Պօղոս վարպետը իր խաչքարով, արդի լեզուաբաններէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ ապացուցած է, թէ «տաշել»ը կապուած է «տեքստիլ»ի հետ ու կարելի է տուֆն իսկ հիւսել։
«Տեքստիլ» բառը 15-րդ դարուն լատիներէնէ անցած է միջին ֆրանսերէն, ապա դարձած է միջազգային։ Արմատն է լատիներէն textere բայը, որ կը նշանակէ՝ հիւսել, իսկ նոյն արմատէն սեռած textura բառը՝ ցանց, կառոյց։ Բուն արմատը նախա-հնդեւրոպական է, «տեքս-» բազմիմաստ բառը- հիւսել, շինել, կազմել, յօրինել, կառուցել կամ ճարտարագործել։ Քաղաքակրթութեան տարածման հետ միասին, այս արմատն ալ մտած է այլեւայլ լեզուներ։ Աւեստայի մէջ «տաշա» կը նշանակէ կացին, փայտատ։ Սանսկրիտի մէջ «տաքշ»ը կտրել է, արուեստով շինել կամ կոփել, իսկ «տաքսան»ը՝ ատաղձագործ կամ հիւսն։ Հին պարսկերէն «տախշ»ը գործունեայ ըլլալ է, մինչ՝ յունարէն «տեքտոն»ը՝ ատաղձագործ է եւ «տեխնի»ն՝ արուեստ։ Ծիսական սլաւոներէն «տեսլա»ն կացին է, իսկ լիթուաներէն «տասաու»ն՝ փորագրել։ Հայերէն «տաշել»ը փոխառութիւն մըն է պահլաւերէնէ, որուն հարեւանն է պարսկերէն «տաշ»ը,- կացին, ուրագ։
Հայկական Լեռնաշխարհի մէջ, Ալաշկերտի, Մուշի եւ Վանի վարպետները, տեսքտիլի ընտիր բանուածքի նման «տաշած» են քարը, կամ փայտը։ Խարբերդի հանճարներու համար այն կոչուած է «դաշիլ», Համշէնի մէջ՝ «դաշուշ», Սեբաստիոյ եւ Տիգրանակերտի մէջ՝ «դաշել», Թիֆլիսի, Ագուլիսի, Գորիսի, Ղարաբաղի, Մոկքի եւ Շամախիի մէջ՝ «տաշիլ»։
Լուկաշինի տեքստիլի գործարանը, որ որակի պետական նշաններ ստացած էր, ինչպէս նաեւ՝ Աշխատանքային Կարմիր դրօշը եւ Ժողովուրդներու Բարեկամութեան շքանշանը, եւ ուր, լոյս է տեսեր «Տեքստիլագործ» թերթը, Հայաստանի անկախութենէն յետոյ դադրեցուց իր գործունէութիւնը։ Բայց չի դադրիր մարդու ստեղծելու կիրքը։ Պատմականօրէն, բառը իմաստի զարգացումներ ունեցեր է, ըստ երկրի մշակոյթին եւ վարպետներու մասնագիտութեան, առանց կորսնցնելու իր բնիմաստը. «արուեստով շինել»։ Իլիկով, թէ՝ կացինով։