Հայոց ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող անմոռուկ ծաղիկը 2015-ի տարեմուտով իրենց վզին կախող կամ լամբակին ագուցողները գիտէին թէ այդ նշանը պիտի պահեն ամբողջ տարուան ընթացքին, նոյնիսկ աւելի ալ երկար։ Այդ գիտակցութիւնով էր որ «Քալան» ընկերութեան սեփականատէր Հասան Սալթըք տակաւին 2013-ին անուանի երաժիշտ Արա Տինքճեանին խորհուրդ կու տար որ յատուկ ձայնագրութիւն մը պատրաստելու է Մեծ եղեռնի դարադարձին հրատարակելու համար։ «Դուն կը որոշես թէ մենանուագ պիտի ըլլայ, թէ ոչ փոքր կամ մեծ նուագախումբի ընկերակցութիւն։ Ուր որ ուզես կրնաս ձայնագրել, ԱՄՆ, Հայաստան կամ Թուրքիա։ Կարեւոր է ժողովուրդիդ համար այս բանը ընելդ» ըսած էր։ Տինքճեան կը խոստովանի որ այս առաջարկը բաւական ցնցած էր զինք։ Ոդիսականը լսենք Արա Տինքճեանի խօսքերով՝ որոնք տեղադրուած են «Յոյս եւ Իրողութիւն» ալպոմի կողքաշապկին մէջ։
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com

«Ես երանելի կը գտնեմ բոլոր այդ պահերը, որոնց հետեւանքով ես՛ ես եմ։ Այս նախագիծը միայն ժամանակով չէր կրնար սահմանուէր։ Ան տիեզերական պիտի ըլլար եւ աւելին՝ պատուաւոր։ Իմ երաժշտական ընկալումին մէջ միշտ սիրած եմ տարբեր հնչիւններու միաձուլումը։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ որոշեցի ուտի կողքին գործածել լարաւորներու քառեակը։
Առաջին անգամ 2013 թուին Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի հիմնարկութեան 60 ամեակի առթիւ կազմակերպուած եւ իմ ալ հօրս Օննիկ Տինքճեանի հետ մասնակցած համերգի առիթով ծանօթացայ Արի Հերկելի հետ։ Անոր երաժշտական տաղանդը եւ մարդկային ջերմութիւնը առաջին պահէն տպաւորեցին զիս։ Յետոյ լսեցի 2014-ին թողարկուած եւ Կոմիտասի երգերը ներառնող «Երգարան» ալպոմի մէջ իր մշակումները։ Ան իբրեւ հայ խորապէս թափանցած էր Կոմիտասեան երաժշտութեան իմաստին։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ այս ալպոմի մշակումներուն համար ալ դիմեցի իրեն։ Կը տեսնեմ որ տեղին որոշում մը եղած է։ Երաժշտական մեր սովորութիւններուն մէջ վարժ չենք ուտը մենակատարի, մանաւանդ ալ երգիչ մենակատարի դերին մէջ լսելու։ Ամերիկայի մէջ ապրելով աշխարհի կարեւոր մէկ մասէն թէ աշխարհագրական, եւ թէ զգացական առումով հեռու մնացած ենք։ Նկատի ունենալով որ այս նախագծի առաջարկը եկած էր Թուրքիայէն, փոխանակ իմ ապրած քաղաքի մէջ աշխարհէն մեկուսացած ըլլալու, նկատեցի որ շատ աւելի իմաստալից պիտի ըլլայ ձայնագրութիւնը Թուրքիա եւ թուրքիացի երաժիշտներով կատարել»։
Այս ալպոմի ձայնագրութեան ընթացքին Արա Տինքճեանին ընկերակցած են առաջին ջութակի վրայ Մեթէհան Տատա, երկրորդ ջութակով Մերթ Քեմանճը, ջութով Հիւսէյին Քեմանճը եւ թաւջութակով Շէնօլ Արքունէ բաղկացած «Իսթանպուլ Սթրինկս» քառեակը։ Արի Հերկել կիթարով, Էօզճան Կիւլ տուտուկով եւ Օննիկ Տինքճեան ձայնով ընկերակցեցան Արա Տինքճեանի ուտին։