Շաբաթ 9 Մայիսին Պէյօղլուի Ճեզայիր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ նուիրուած Զահրատի (Զարեհ Եալտըզճեան) 91-րդ տարեդարձին, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ նայեւ երեկոյի կազմակերպիչ «Արաս» Հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած հեղինակին թրքերէն թարգմանութիւններու հատորը։
ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
vahaknk@gmail.com
Շաբաթ 9 Մայիսին Պէյօղլուի Ճեզայիր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ նուիրուած Զահրատի (Զարեհ Եալտըզճեան) 91-րդ տարեդարձին, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ նայեւ երեկոյի կազմակերպիչ «Արաս» Հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած հեղինակին թրքերէն թարգմանութիւններու հատորը։
«Մի վահատիր»՝ (Ferah Tut Yüreğini) խորհագրեալ հատորին մէջ տեղ կը գտնեն Զահրատի հաւատարիմ թրքերէնի թարգմանիչ Օհաննէս Շաշքալի բծախնդրութեամբ թարգմանած աշխատանքները, որոնք կը ներկայացնեն փունջ մը Զահրատի զանազան գիրքերէն։ Ի մի բերուած թրքերէն կարդացող ընթերցողին համար, հաւաքածուն լաւագոյնս կը ներկայացնէ Զահրատի բանաստեղծական ստեղծագործութեան զանազան հանգրուանները։
Գրական երեկոյին առաջին բաժինն էր Զահրատի կենսագրական ներկայացում մը։ Ինչպէս «Արաս» Հրատարակչատան նախորդ բազմաթիւ միջոցառումներուն, Նարօտ Էրքօլի գեղեցիկ ընթերցանութեամբ ներկաները ծանօթացան Զահրատի կեանքին ու գործին։ Ապա բեմ բարձրացան օրուան զեկուցողները, առաջնորդութեամբ «Արաս» հրատարակչատան խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշի։ Զահրատի կեանքի ու գործին անդրադառնալու դժուարին պարտականութիւնը, նիստը պատշաճօրէն հասցուց իր նպատակին։ Ուստի թէ Զահրատին ծանօթը, եւ թէ առաջին անգամ լսողը, հեռացան սրահէն պարուրուած ու բաւականութիւն ստացած Զահրատի դիւթիչ խօսքերէն, կախարդուած անոր պարզութենէն ու ծանօթացած անոր կեանքին։
Առաջին զեկուցողն էր «Ատամ» հրատարակչատան խմբագիր Նազար Պիւյիւմ, զոր եղած ըլլալով Զահրատի մտերիմը, պատմեց անոր հասարակական-քաղաքական ձգտումներուն եւ մեծ գրողին կեանքին մասին մարդկային մակարդակի վրայ։ Ապա խօսք առաւ հատորի թարգմանիչ Օհաննէս Շաշքալ, որ ներկայացուց Զահրատի գրական-կեսնագրական գիծերը, այս տեղեկութիւնները զետեղելով ընդհանրական պարունակի մը մէջ, ու Զահրատը ներկայացնելով որպէս իր բնութեան, իր քաղաքին ու ընդհանրական ու անմիջական միջավայրերուն գրողը։ Երրորդ զեկուցողն էր բանասէր-գրականագէտ Սեւան Տէյիրմէնճեան, որ ներկայացուց Զահրատը որպէս հայ գրող, Զահրատի տեղը Հայաստանեան եւ սփիւռքեան գրականութիւններուն մէջ։ Յատկանշական էր Տէյիրմէնճեանի նշումները, թէ ինչպէս գրողներ Պարոյր Սեւակ, Հրանդ Մատթէոսեան Հայաստանէն, եւ Շահան Շահնուր ու Վահէ Օշական սփիւռքէն մօտէն ճանչցած եւ նամակցած են Զահրատի հետ, առաջարկած են զինք որպէս օրինակ եւ դասած են զինք հայ գրականութեան արդի ուղղութեան կարեւոր ներկայացուցիչը։ Ապա խօսք առաւ գրող-խմբագիր Գարին Գարագաշլը, որ ներկայացուց Զահրատի տեղը արդի թրքական գրականութեան մէջ, ու պատմեց անձնական յուշեր, թէ ինչպէս Հրանդ Տինքի սպանութենէն միայն մէկ ամիս ետք, Զահրատի մահուան գոյժը ցնցած է զինք, եւ համայն Պոլսահայ համայնքը։
Գրական երեկոյի աւարտին իր երկտողէն չխնայեց ներկաները, Զահրատի կողակից Տիկին Անայիս Եալտըզճեանը։ Դերասան Գէորգ Մալիքեան թատերական ընթերցանութեամբ մը ներկայացուց գիրքի պարունակութենէն քանի մը օրինակներ։ Ներկաները առիթը ունեցան ձեռք բերելու նոր հրատարակուած հատորը տեղւոյն վրայ։