«Սայաթ Նովա» Երգչախումբի Սպասուող Համերգը

Կազ­մուելուն 42-րդ տա­րեդար­ձը ան­ցեալ տա­րի տօ­նած «Սա­յաթ Նո­վա» երգչա­խումբը 22 Մա­յիսին հա­մերգ պի­տի ու­նե­նայ։ «Կռունկ» խո­րագ­րուած հա­մեր­գը հան­դի­սատե­սին պի­տի ներ­կա­յաց­նէ 100 տա­րի առաջ Անա­տոլու ապ­րած հայ երա­ժիշտնե­րուն եւ եր­գա­հան­նե­րուն գոր­ծե­րը։ Հա­մեր­գին որ­դեգրած կար­գա­խօսը «խապ­րիկ մը մեր աշ­խարհէն» առ­նուած է «Կռունկ» եր­գէն։ Շիշ­լի Քէնթ Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­նալիք հա­մեր­գը ժա­մը 9-ին պի­տի սկսի։ Այս առ­թիւ զրու­ցե­ցինք երգչա­խումբի ղե­կավար Մե­լիք­ճա­ն Զամանի եւ վար­չութեան ան­դամ Նա­րօտ Էր­քօ­լի հետ։

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

Խումբը Դեկ­տեմբե­րին սկսած է հա­մեր­գին պատ­րաստու­թեան։ Պա­րոն Մե­լիք­ճան նշեց որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րելի­ցը նկա­տի ու­նե­նալով է որ հա­մեր­գը իր այ­սօ­րուան ձե­ւը առած է. «Եթէ ան­գամ մենք այս հա­մեր­գը 100-րդ տա­րելի­ցին չձօ­նենք, այն սա­կայն յի­շատա­կի շրջա­նակէն դուրս տես­նելն ալ շատ մեծ սխալ մը պի­տի ըլ­լայ։ Գաղ­թա­կանու­թեան եւ պանդխտու­թեան տխուր եւ յու­զիչ պատ­մութիւննե­րով լե­ցուն հա­յոց պատ­մութիւ­նը կռունկի կեան­քին կը նմա­նի եւ կռունկը այդ ձե­ւով կը դառ­նայ խորհրդան­շա­նը մեր ան­ցած ճամ­բա­յին։

Սի­րողա­կան երգչա­խումբին քա­ռաձայն երաժշտու­թիւնը

2005-ի առա­ջին հա­մեր­գը ղե­կավա­րած Մե­լիք­ճան Զա­մանին հա­մար այս մէ­կը մաս­նա­ւոր տեղ մը ու­նի։ Ան սի­րողա­կան երաժշտա­կան խումբ մը ղե­կավա­րելու մա­սին կ՚ըսէ. «Մաս­նա­կից­նե­րէն ոչ մէ­կը երաժշտա­կան կրթու­թիւն ու­նի, սա­կայն մե­ծամաս­նութիւ­նը դպրո­ցական տա­րիքէն պզտիկ­նե­րու զա­նազան երգչա­խումբե­րու մէջ եր­գած է, ինչ որ երաժշտա­կան բա­ւական ամուր եւ կա­յուն հիմք մը գո­յացու­ցած է անոնց մէջ, որ եր­գե­լու փորձ կը թե­լադ­րէ։ Ակնկա­լիք­նե­րը մաս­նա­գիտա­կան տե­սակէ­տէն հի­մա ալ մեծ չեն, սա­կայն սի­րողա­կան խումբէ մը ակնկա­լուա­ծէն աւե­լի հաս­տա­տապէս պի­տի գտնէք, երբ լսէք անոնց քա­ռաձայն կա­տարումնե­րը»։

Երգչա­խումբի վար­չութեան ան­դամ, նաեւ մաս­նա­կից երգչու­հի­ներէն Նա­րօտ Էր­քօլ իրենց երգչա­խումբին մա­սին հե­տեւեալը կ՚ըսէ. «Մին­չեւ Պա­րոն Մե­լիք­ճա­նին գա­լը պա­տահ­մամբ հա­ւաքուած եւ եր­գե­լը սի­րող ան­ձե­րու տպա­ւորու­թիւնը կը ձգէինք։ Իր ղե­կավա­րու­թե­նէն վերջ դրու­թիւնը կա­մաց-կա­մաց սկսաւ փո­խուի­լ, որուն ամե­նէն լաւ ար­դիւնքը ան­ցեալ տա­րուան հա­մերգն էր, երբ մենք ալ քիչ թէ շատ սկսանք զգա­լու որ «կ՚եր­գենք», որ ամէն բան աւե­լի լուրջ է եւ հա­ճելի քան առաջ»։

Էր­քօլ շա­րու­նա­կեց եւ ըսաւ. «11 տա­րեկա­նէս ի վեր ու­նե­ցած բե­մական փորձս ար­գելք չըլ­լար բնաւ որ ամէն հա­մեր­գէ առաջ մեր ղե­կավա­րին խօս­քը զիս ամ­բողջո­վին չյու­զէ եւ միեւ­նոյն ատեն չհան­դարտեց­նէ։ Ան ամէն հա­մեր­գէ առաջ ճառ մը կ՚ար­տա­սանէ, որ մե­զի ինքնավստա­հու­թիւն, խա­ղաղու­թիւն եւ յու­զումնա­լից նոր վայրկեան­ներ կու տայ»։

Հա­մեր­գին յայ­տա­գիրը պատ­րաստուած է նկա­տի ու­նե­նալով 100 տա­րի առաջ հոս ապ­րող հա­յերուն սի­րած եւ միշտ եր­գած եր­գե­րէն։ Երաժշտա­կան մա­սէն զատ՝ հա­մեր­գը գրա­կան մաս մըն ալ ու­նի, որուն ըն­թացքին հա­տուած­ներ պի­տի կար­դա­ցուին Գրի­գոր Զոհ­րա­պի, Զա­պէլ Եսա­յեանի, Ռուբէն Սեւակ գոր­ծերէն։