Ջանկիւլիւմ

«Ակօս»ի հայերէն էջերու յատկապէս չորրորդը ունէր իր հաւատարիմ ընթերցողներու զանգուածը։ Եթէ բացառութիւնները մէկ կողմ թողունք այդ էջի վրայ մեր աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեան իրեն յատուկ մտերիմ ոճով կը պատմէր հայ դիցաբանական առասպելները։ Ան մեծ վարպետութեամբ հնադարեան այդ զրոյցները կը շաղկապէր օրուայ իմաստին։ Գարուն է սիրելի ժողովուրդ եւ գարունը ունի իր տօնական աւանդոյթները։ Սուրբ Զատկով սկսող գարնան տօներու շարքին մէջ կարեւոր հանգրուան մըն է Համբարձումը։ Այդ տօնը որքան ալ ունենայ համահայկական եւ համաքրիստոնէական բնոյթ, շնորհիւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի, պոլսահայ ապրումներուն մէջ ունի նաեւ յաւելեալ իմաստներ։

Երբ կը պատրաստուինք Շիշլիի Գերեզմանատան մէջ Սարգիս Սերովբեանի հանգման քառասունքը նշելու, անպատեհութիւն չենք տեսներ նախապէս այս էջի վրայ լոյս տեսած Համբարձման ներշնչումով անոր գրութիւններէն մէկը վերատպելու մէջ։

Ջաղացս պատիկ, պատիկ

Աչքերդ նռան հատիկ

Ամէն քեզի տեսնելուս

Համ Համբարձում, համ Զատիկ

Սուրբ Յարութեան տօնի՝ Զատիկի քառասուներորդ օրը Քրիստոսի Համբարձման տօնն է, որ ժողովրդեան բարբառով կը կոչուի «Վիճակ», նաեւ «Ջանկիւլիւմ»։

-Ինչո՞ւ վիճակ…

Պոլսահայերս, եթէ ձեւով մը ծանօթացած չըլլայինք Մեծն Թումանեանի «Անուշ»ին եւ անոր աննման երգերուն՝ «Համբարձում Եայլա»ին, «Ամպի տակից Ջուրն Է Գալիս»ին, ուրկէ՞ պիտի գիտնայինք տօնական օրերու հայ գաւառական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, ուկէ՞ պիտի գիտնայինք, որ անցեալին հայոց աշխարհի գեղջկական կեանքի մէջ, աղջիկ-տղայ լեռ ու ձոր երթալով, ծաղիկ քաղելով զիրար կը զարդարէին եւ այդ ծաղիկներէն, մանաւանդ Անթառամ ու Ապրիմ-մեռնիմը փետելով եւ տերեւներն իրարու տալով կը մաղթէին.

-Աս օրս Համբարձում է,

Աղջիկներուն հարցում է.

Ամէն աղջիկ պագ մի տայ,

Մէկէ՛ր աշխարհք կործում է։

-Ուսկի՞ կու գաս - Էլի Վանա,

Տարտէդ եմ եղեր տիվանա

-Ես տիվանա, դուն տիվանա

Աստուած մեզի դուռ մի բանայ։

***

Գարուն է կրկին, Համբարձման Տօնը հասած է դուռ։

Գոյնզգոյն ծաղիկներով նախշուն գորգեր զուգած զարդարած են դաշտերը։ Բայց ո՞ւր են այն փունջ-փունջ ծաղիկները, որ սարեր ելլեն ու վիճակ հանեն, պարեն երգեն։

Եկաւ Համբարձում

Ծաղկով զարդարուած

Մեր բախտին հարցում,

-Ո՞վ է մեզ գրուած։

Ծափ ու դափ զարնելով ջուր չտեսած (կոյս) կուժ մը եօթն աղբիւրներու ջրով լեցնեն ու ամէն ոք բան մը՝ մանեակ, մատնոց, ասեղ, մատնի, օղ եւլն. ձգէ կուժին մէջ։ Կուժն ալ զարդարուած է եօթը տեսակ ծաղիկներով ու կանանչ ճիւղերով…

Ես պըճըլիկ աղջիկ մ՛եմ

Եօթն աղբրկայ ջրիկ եմ,

Եօթը ծառի ճղիկ եմ,

Եօթը ծաղկի թերթիկ եմ,

Ես աղջիկն եմ, վիճուկն եմ։

***

Վիճակի Տօնին Արեւելեան Հայաստան՝ կ՚ըսեն «Ջան կիւլիւմ», որն է Վարդգէս, կամ վարդահանդէսին կրճատուածը՝ Կիւլբանայիր։

Այս կողմերը վարդեր ու ծաղիկներ կը հաւաքեն, կուժի փոխարէն պլուզի մը մէջ կը ծրարեն, անոր մէջ կը խառնուին հաւաքուած օղեր, մատնիներ եւ այլ իրեր, վրան ջուր կը սրսկուի ու կը յանձնուի դեռատի աղջկան մը, վիճակ հանելու համար, քանի մը ջանկիւլիմ-վիճակի քառեակներով.

Վիճակ, վիճակ

Վիճակի չիչաք (ծաղիկ)

Վարդ մանուշակ

Ոսկի կոճակ։

-Աղջիկ անունդ Շուշան,

Արի երթանք Սուրբ Նշան.

Թէ որ ինծիկ խօսք կըտաս,

Մատնիկս տամ քեզ նշան։

***

Քանի որ մեր յօդուածին սկսանք Թումանեանի անմահ «Անուշ»ով, վերջացնենք նոյն գործի աննման վերջաբանով…

Համբարձման գիշեր, էն դիւթիչ գիշեր,

Կայ հրաշալի, երջանիկ վայրկեան.

Բացւում են ոսկի երկնքի դռներ,

Ներքեւ պապանձում, լռում ամէն բան,

Ու Աստուածային անհաս խորհրդով

Լցւում բովանդակ նրա սուրբ գթով։

Էն վեհ վայրկեանին չքնաղ գիշերի՝

Երկնքի անհո՜ւն, հեռու խորքերից,

Անմուրազ մեռած սիրահարների

Աստղերը թռած իրար են գալիս,

Գալի՜ս՝ կարօտով մի հեղ համբուրւում

Աշխարհքից հեռո՜ւ, լազուր կամարում։