Որդիական ակնածանքով՝
ԱՆԻ ՖԻՇԵՆԿՃԵԱՆ
Հալէպ-Երեւան
Յակոբ եւ Մարիամ զոյգերը, բնիկ ուրֆացի, եղեռնէն առաջ կը հիւսեն իրենց ընտանեկան բոյնը։ Կ՚ունենան երկու մանչ՝ Յովհաննէս եւ Պետրոս։ 1915-էն առաջ տեղի ունեցած զինուորահաւաքի օրերուն Յակոբը՝ տան հայրը, կը տարուի բանակ, իսկ Մարիամ իր երկու մանչերուն, մօր եւ 3 քոյրերուն հետ, 1915-ին, կը տարագրուին Ուրֆայէն եւ տարագիրներու կարաւաններուն հետ կ՚իյնան Սուրիոյ անապատները։
Ճանապարհի կիզիչ արեւը, տօթը եւ թուրք զինուորներու հալածանքն ու անբարոյ կեցուածքը անտանելի կը դարձնեն տարագիրներու կեանքը։ Անոնք կը նախընտրեն մահը եւ հերթով կը նետուին մօտակայ հորին մէջ վերջ տալով իրենց տանջանքներուն։ Մարիամ եւս իր մօր եւ քոյրերուն հետ կը նախընտրէ այդ ճանարահը եւ հոր նետուելէ առաջ իր երկու մանչերը կը յանձնէ մէկուն խնամքին։
Աստուածային տնօրինումով Մարիամ եւ փոքր քոյրը կը փրկուին։ Մարիամ, որպէս աղախին, ժամանակ մը կ՚աշխատի թուրքի տան մէջ։ Իսկ փոքր քոյրը կ՚արժանանայ բարեպաշտ մարդոց խնամքին եւ իմանալով իր քրոջ մասին՝ այդ մարդոց շնորհիւ քոյրը կ՚ազատէ այդ տանջանքէն եւ երկուքը կը փախցնեն Հալէպ։
Յակոբին վիճակուած էր նոր կեանք։ Ան պատերազմին չի զոհուիր եւ բանակին հետ կը յայտնուի Երուսաղէմ։ Այնտեղ կը հանդիպի իր տարագիր հարազատներուն, սակայն չգտնելով Մարիամն ու իր որդիները, կ՚որոշէ փնտռել ու գտնել։ Այդ ճանապարհով կը հասնի Հալէպ։ Հալէպի մէջ կը գտնէ միայն կինը՝ Մարիամը ու կրկին կը միանան։ Զաւակները վերագտնելու ուղիով կը հասնին Ուրֆա։ Վերակազմելով իրենց ընտանեկան բոյնը կ՚ունենան երկու մանչ՝ կրկին Յովհաննէս եւ Պետրոս, եւ մէկ աղջիկ՝ Ովսաննա, որ իմ մեծ մայրս է (եւ մինչ օրս կ՚ապրի Հալէպ՝ 93 տարեկան)։
1922-էն ետք կը վերադառնան Հալէպ վերջնականապէս լքելով Ուրֆան։ Ժամանակ մը կը բնակին Սուլէյմանիէի ուրֆայցիներու հիւղաւաններուն մէջ, որմէ ետք կը փոխադրուին Նոր Գիւղ (այդ թուականներուն Հալէպի արուարձաններէն կը համարուէր, այսօրուան հայաշատ կեդրոնը)։
Յակոբ կը մահանայ 1961-ին։
Մարիամ մինչեւ իր մահը կ՚ապրի երկու մանչերը գտնելու եւ տեսնելու երազանքով։ Բազմիցս Հալէպ եկող որբերուն մէջ կը փորձէ գտնել իր որդիները, սակայն չի գտներ։ Մարիամ իր զաւակները պիտի ճանչնար անոնց մարմինին վրայ թողած նշաններէն, սակայն եկող որբերը չէին կրեր այդ հետքերը։ Այսպիսով Մարիամ իր հոգին կ’աւանդէ 1966-ին, իր երկու զաւակներուն կորուստի ցաւն ու անոնց կարօտի երգը տարած իրեն հետ։
Թող բոլոր մեր կորուստեալներու հոգիները արժանանան երկնքի արքայութեան։
ՅԻՇԱՏԱԿԸ
ԱՆԹԱՌԱՄ ՄՆԱՅ