Ընտրութիւններու նախօրեակի ամենակարեւոր իրադարձութիւնը ըլլալ կը թուի Խորհրդարանի թեկնածուներու անուններու ճշդումը։ Շատեր շունչերը կտրած կը սպասէին այդ օրը, երբ օրինաւոր վերջին ժամկէտը կը լրանար Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբ յանձնելու համար թեկնածուներու անունները։
Ընտրութիւններու նախօրեակի ամենակարեւոր իրադարձութիւնը ըլլալ կը թուի Խորհրդարանի թեկնածուներու անուններու ճշդումը։ Շատեր շունչերը կտրած կը սպասէին այդ օրը, երբ օրինաւոր վերջին ժամկէտը կը լրանար Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբ յանձնելու համար թեկնածուներու անունները։ Այսպէս 7 Ապրիլ Երեքշաբթի օր, կուսակցութիւնները իրենց պատրաստած անուանացանկերը յանձնեցին եւ պաշտօնապէս յստակացան թեկնածուները։ Շատ երկար բացակայութենէ մը ետք 7 Յունիսի ընտրութիւններուն կը մասնակցին հայ թեկնածուներ ալ։ Այսպէս ՀՏՓ կուակցութեան առաջարկած անդամներու ցանկին մէջ կը տեսնենք Կարօ Փայլանի անունը, իբրեւ Իսթանպուլի երրորդ ընտրատարածքի շրջանի երկրորդ կարգի թեկնածու։
Սէլինա Էօզուզուն Տողան ՃՀՓ կուսակցութենէն կ՚առաջարկէ իր թեկնածութիւնը, իբրեւ Իսթանպուլի երրորդ ընտրական տարածքաշրջանի առաջին կարգի թեկնածու։ Իսկ իշխող կուսակցութենէն իր թեկնածութիւնը առաջարկած է Մարգար Եսայեան, որպէս դարձեալ Իսթանպուլի երկրորդ տարածքաշրջանէն 12-րդ կարգի թեկնածու։
Ներկայ դրութեան մէջ ամենաամուր գետնի վրայ նեկայացողը Սէլինա Էօզուզունն է, որ գրեթէ ապահոված է Խորհրդարան մտնել։ Իսկ Կարօ Փայլանի ճակատագիրը կապուած է իր կուսակցութեան բովանդակ երկրի տարածքին ստանալիք ձայներէն։ Արդարեւ ՀՏՓ այս ընտրութիւններուն առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի կուսակցութեան անունով։ Քանի որ նախորդ ընտրութիւններուն խուսափելու համար տասը տոկոսի անընդունելի արգելքէն, ան միշտ մասնակցած էր անկախ թեկնածուներու դրութեամբ։ Սակայն կուսակցութիւնը այս անգամ համոզուած է թէ կը յաղթահարէ այդ արգելքը եւ այդ իսկ պատճառաւ ալ աւելի յարմար գտած է կուսակցութեան անունով ընտրութիւններուն մասնակցել։
Նշենք որ Իսթանպուլի հայութիւնը, որպէս ընտրողներու թիւ չունի նոյնիսկ մէկ պատգամաւորի բաւարար ձայն։ Բայց քաղաքական առումով խիստ կարեւոր է հայ թեկնածու մը առաջարկելու երեւոյթը։ Այս է պատճառը որ այժմ կուսակցութիւններ իրարու հետ կը մրցին նաեւ իրենց հայ թեկնածուներու միջոցաւ։