Կիւլիզարը իբրեւ դիմադրութեան ներշնչում

877-1878 տարեթիւը կը զուգադիպի նաեւ անկախութեան մասին ըսի ըսաւներուն, հողային կորուստի մտահոգութիւններուն ծայր տուած ժամանակահատուածի մը։ Ի դէմ այդ բոլորին, Իսթանպուլի կառավարութիւնը հայ ժողովուրդը ճնշելու համար կը դրդէ քրտական աշիրաթները։ Ահաւասիկ նոյն տարեթիւը հայ ժողովուրդի համար ալ սարսափի թուական մը ըլլալով կը ներկայանայ։ Այժմ այդ թուականի հոգեբանութեան գիտակցելու համար առիթ մը գոյացած է։ Իր մասին ողբերգներ հիւսուած արտակարգ կնոջ մը պատմութիւնն է մեր առջեւ։ Նոյն ինքն դստեր՝ Արմենուհի Գեւոնեանի կողմէ իր մօր պատումներով գրի առնուած Կիւլիզարի պատմութիւնը, տարածքաշրջանի սարսափելի գործիչին՝ Մուսա Պեկի կողմէ առեւանգուած 14 ամեայ մանկամարդուհիի մը կերպարին մէջ ժողովուրդի մը պատմութեան մասին պատմական վկայութիւններ կը բերէ։

ԳԱՐԻՆ ԳԱՐԱԳԱՇԼԸ

karinkarakasli@agos.com.tr

Միշտ այդպէս եղած է, պատմութեան ամենափոթորկալից շրջանները յիշուած են պաշտօնական տեսութեան կաղապարներուն մէջ։ Այդ պատումները կը միտին իրողութիւնները քօղարկելու, դաժանութիւններուն պատրուակներ գտնելու եւ ուրացումի։ Այդ բոլորի ետին թաքնուած իրողութիւնը երեւելի կը դառնայ իրական ապրումներով եւ վկայութիւններով։ Այդ իսկ պատճառաւ պատմութեան պաշտօնական տեսութիւնը զանց կ՚առնէ ռուս-օսմանեան պատերազմի տարիները։ Այդ 1877-1878 տարեթիւը կը զուգադիպի նաեւ անկախութեան մասին ըսի ըսաւներուն, հողային կորուստի մտահոգութիւններուն ծայր տուած ժամանակահատուածի մը։ Ի դէմ այդ բոլորին, Իսթանպուլի կառավարութիւնը հայ ժողովուրդը ճնշելու համար կը դրդէ քրտական աշիրաթները։ Ահաւասիկ նոյն տարեթիւը հայ ժողովուրդի համար ալ սարսափի թուական մը ըլլալով կը ներկայանայ։ Այժմ այդ թուականի հոգեբանութեան գիտակցելու համար առիթ մը գոյացած է։ Իր մասին ողբերգներ հիւսուած արտակարգ կնոջ մը պատմութիւնն է մեր առջեւ։ Նոյն ինքն դստեր՝ Արմենուհի Գեւոնեանի կողմէ իր մօր պատումներով գրի առնուած Կիւլիզարի պատմութիւնը, տարածքաշրջանի սարսափելի գործիչին՝ Մուսա Պեկի կողմէ առեւանգուած 14 ամեայ մանկամարդուհիի մը կերպարին մէջ ժողովուրդի մը պատմութեան մասին պատմական վկայութիւններ կը բերէ։

Առեւանգումէն յիսուն տարիներ ետք պատմուածները «Արաս» հրատարակչատուն «Կիւլիզարի Սեւ Հարսանիքը» անունով եւ թրքերէն թարգմանութեամբ կը ներկայացնէ ընթերցողին։

Վախը մարդկային զգացումներու ամենազօրաւորներէն է։ Շատ անգամ արիութեան եւ վախկոտութեան հակադրութիւններուն ընդմէջ կը մեկնաբանուի։ Մինչդեռ արիութիւնը վախի զգացումէն զերց չէ։ Արիութիւնը վախնալով հանդերձ շարժման անցնիլն է։

Խարս գիւղի պետ Միրոյի (Միհրան) թոռնուհիներէն ամենագեղեցիկն է Կիւլիզար որ հարսանիքի մը ընթացքին ուշադրութիւնը գրաւած է Մուսա Պեկին։ Այս վերջինը երբ կը մերժուի իր ցանկութիւնով, ոխը կ՚ուղղէ Միրոյին։ Շուրջիններուն կ՚ըսէ թէ Պիթլիսի Կուսակալ Էտհէմ Փաշայի մօտ իր մասին բողոք յայտնողներէն մէկն ալ Միրօն է։ Զատկի նախորդող աւագ Երկուշաբթի օր մը իր 150 զինեալներով կը պաշարէ Միրոյի տունը ու փախցնէ Կիւլիզարը։

Սա ոչ առաջին, ոչ ալ վերջին դաժանութիւնն է։ Առեւանգուած աղջիկներու ճակատագիրը կամ մահով, կամ ալ հնազանդութեամբ կը սահմանուի։ Կիւլիզարի պատմութիւնը բացառիկ դարձնողը անոր դիմադրելու կամքով կը ներկայանայ։ Կիւլիզար կը տարուի Մուսա Պեկի գիւղը Հեւետիկ։ Ան արդէն չորս կիներ ունի եւ ընտանիքի աւագները աւելի յարմար կը գտնեն զայն Մուսա Պեկի եղբօր Ճէզահիրի տալ։ Ֆաթմա կը կոչեն եւ հարճի մը կեանք կը տնօրինեն իրեն։ Կամ ալ այդպէս կը կարծեն։

Կիւլիզար ամէն առիթով լուր կը փոխանցէ իր ընտանիքին։ Մեծ ճիգ կը վատնէ կրօնը, լեզուն, անունը, հայութիւնը, անցեալը, կարճ խօսքով ինքնութիւնը պահելու համար։ Բայց դաժանութիւնը ալ աւելի կը սրի դիմադրութեան պահուն։ Նախատիքը, ծեծը, սպառնալիքը ամենօրեայ ապրումներու անբաժան մասնիկն է այդ տան մէջ։ Կիւլիզարի ընտանիքը առաջին հերթին ուրախացած էին անոր կենդանութիւնը լսելով։ Բայց երբ սորվեցան որ Մուսա Պեկի տանն է, «երանի* մահը խլէր մեր աղջիկը, քան թէ լսէինք որ Մուսա Պեկի տունն է» ըսին։

Ընտանիքի ջանքերուն հետեւանքով Սուլթանը Պիթլիսի կուսակալին հրամայեց որ Կիւլիզար դտարանի առջեւ յայտնէ իր ինքնութիւնը, թէ հայ է ապա ոչ քիւրտ։ Կեանքի մեծագոյն փորձն էր կ՚երեւի։ Ան մօրը յայտնած էր որ ինք այլեւս իսլամ է ու քիւրտ։ Բայց մէկ կողմէն ալ անհամբեր կը սպասէր դատավարութեան օրը։ Այդ օր մօրը թեւերուն վազեց ու աղաղակեց «մայր իմ, ես հայ եմ ու հայ պիտի մեռնիմ»։ Հանեց վրայի հագուստները եւ ներքնաշորերով կիսամերկ մնաց։ «Կ՚ուզեմ հօրս տունը վերադառնալ այն կերպարով, որով զիս փախցուցին քիւրտերը»։

Դատավարութեան գործընթացին Պատրիարքարանը կամ Հայոց Ազգային Ժողովը խիստ վերապահ գտնուեցան։ Իսկ Պիթլիսի ժողովուրդը զօրակցեցաւ Կիւլիզարին։ Միւս կողմէ այդ ժամանակներու ամենահեղինակաւոր հոգեւորականը Խրիմեան Հայրիկ արդէն թեւերուն տակ առած էր զայն։ Կիւլիզարը հայելիի մը վերածուած էր, ուր անոր մէջ ամէն մարդ իր իրողութիւնը կը տեսնէր։

Մուշի Առաջնորդարանի քարտուղար, քահանայ, Տարօնի երեսփոխան, Դաշնակցական կուսակցութեան վարչայիններէն Գեղամ Տէր Կարապետեանի հետ կ՚ամուսնանայ Կիւլիզար։ Բայց ճնշում ու տանջանքը չի թողուր զինք։ Ան կեանքի մնացեալ ժամանակներն ալ կ՚անցնէ դիմադրելով։ Մուսա Պեկ ի դէմ բոլոր մեղադրանքներուն անպարտ հռչակուած է։ Առարկութիւններէ ետք կրկին կը դատուի եւ Մէքքէ կ՚աքսորուի։ Բայց տարի մը անց Ապտիւլհամիտի կողմէ Համիտեան Գունդերու հրամանատար կը կարգուի։ Յաջորդ հանգրուանը 1915-ի դժոխքն է։

Բառին բուն իմաստով մինչեւ վերջին շունչը հայրենի երկրի կարօտը շնչած Կիւլիզար մահուան պահն ալ դիմադրութեան կը վերածէ իր պատգամով։ «Գեղամ իրեն համար գաւառ հանդիսացող Իսթանպուլի մէջ Մուշի կարօտով մեռաւ։ Իսկ ես կ՚ապրիմ անմխիթար։ Կը հաւատամ հրաշքներուն։ Որպէսզի միասին խառնուինք սրբազան հողին, պիտի դիմադրեմ ազատութեան այն օրին, ուր Գեղամի մնացորդացն ալ հետս պիտի տանիմ Մուշ»։

Կիւլիզարի թոռներէն է Գեղամ Գեւոնեան, որ այս գրքին մէջ յօդուածով մը տեղ կ՚առնէ։ «Կիւլիզարը, Մշոյ գիւղացիները, մահտեսիները, դպրոցը, վերակառուցող քարոզիչները, ազատութեան մարտիկները, բոլորն ալ մեռան։ Քարերն ալ մեռան։ Լեռները, դաշտերը, գետերը, բոլորն ալ մեռան։ Բարի կամ ողբերգական մահով մը, նոյնիսկ երբեմն կենդանութեան պահուն մեռան։ Բայց հաւատքը չէ մեռած։ Չէ մեռած, քանի որ իրականանալու ժամանակ չունեցաւ եւ մեզմով կ՚ապրի։ Մեզմով ապրող այդ բոլոր մեռելները մեր հոգիները եւ կամքը կը ձեւաւորեն։ Մեր տեսութիւններուն ուղղութիւն կու տան ու մեր ճակատագիրը կը ճշդեն»։ Գեղամ Գեւոնեանի այս տողերը կտակ մըն է նաեւ։ «Մինչեւ որ անմեղները իրենց գերեզմաններուն չտիրանան, մինչեւ որ իրողութիւնը իր ճանապարհը չի գտնէ մեր պարտականութիւնն ալ անաւարտ մնացած պիտի ըլլայ։ Յաբեթի ծոծրակին նստած աչքը միշտ բաց ու արթուն պիտի մնայ»։

Այդ իրողութեան հասնելու ճամբուն վրայ Կիւլիզարի պատմութիւնը թող ներշնչում պարգեւէ բոլորին, կամք եւ հաւատք պարգեւէ։