Օրթագիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցւոյ կոչնակը երբ զանգէ, առաջին եկողներէն է Հեղնա Եոլտաշը։ Միշտ խնամուած է իր հագուստ-կապուստը։ Սպիտակ մազերը միշտ սանտրուած։ Ձեռքի պայուսակը կ՚ամբողջացնէ իր վայելուչ կերպարը։ Կը նախընտրէ եկեղեցւոյ ետեւի նստարաններէն մէկուն նստիլ։ Անտարբեր կը մնայ շուրջ բոլորի նկատմամբ եւ կ՚ամփոփուի ինքն իր մէջ։ Ես որ միշտ հետաքրքիր եմ մարդկանց ապրումներուն եւ մանաւանդ պատմութիւներուն նկատմամբ, չէի կրնար անտարբեր մնալ այս անուշիկ մեծ մայրիկին հանդէպ։ Ուստի եկեղեցիյէն ելքին մօտեցայ ու յայտնեցի փափաքս։ Բարի եղաւ ու կիսեց իր պատմութիւնը ինծի հետ։ Ես ալ ձեզ հետ կը կիսեմ, քաջ գիտնալով թէ դուք բոլորդ պիտի բաժնէք այս հայ կերպարի հարազատութիւնը։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Օրթագիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցւոյ կոչնակը երբ զանգէ, առաջին եկողներէն է Հեղնա Եոլտաշը։ Միշտ խնամուած է իր հագուստ-կապուստը։ Սպիտակ մազերը միշտ սանտրուած։ Ձեռքի պայուսակը կ՚ամբողջացնէ իր վայելուչ կերպարը։ Կը նախընտրէ եկեղեցւոյ ետեւի նստարաններէն մէկուն նստիլ։ Անտարբեր կը մնայ շուրջ բոլորի նկատմամբ եւ կ՚ամփոփուի ինքն իր մէջ։ Ես որ միշտ հետաքրքիր եմ մարդկանց ապրումներուն եւ մանաւանդ պատմութիւներուն նկատմամբ, չէի կրնար անտարբեր մնալ այս անուշիկ մեծ մայրիկին հանդէպ։ Ուստի եկեղեցիյէն ելքին մօտեցայ ու յայտնեցի փափաքս։ Բարի եղաւ ու կիսեց իր պատմութիւնը ինծի հետ։ Ես ալ ձեզ հետ կը կիսեմ, քաջ գիտնալով թէ դուք բոլորդ պիտի բաժնէք այս հայ կերպարի հարազատութիւնը։
1916-ին ծներ եմ Եոզղատի Չորքոտն գիւղը։ Վեց տարեկան էի, երբ ընտանեօք Օրթագիւղ եկանք։ Եկանք որ կ՚ըսեմ, մեր կամքովը չէր։ Արտեր ունէինք, տուն ունէինք, բոլորն ալ իրենց մնացին։ Այազմա կը կոչէին. հսկայ ապարանք մը կար։ Եոզղատէն եկած տասը-տասներկու ընտանիք, ամէն մէկը մէկ սենեակի մէջ հոն կը բնակէինք։ Հայրս բաժնետէր էր այդ տան։ Տան պարտէզը յունաց եւ հրէից գերեզմաններուն կը նայէր։ Անասուններ ունէինք։ Այծին կաթէն, հաւերուն ձուէն կ՚օգտուէինք։ Հայրս՝ Հայրապետ, բոլորին ծանօթ էր Օրթագիւղի մէջ։ Ձիու վրայ կողովներ բեռցուցած սոխ ու գետնախնձոր կը վաճառէր։
Պոլսեցիները «Գաղթական» կը կոչէին մեզ, մեր բնակարանն ալ՝ «Գաղթականաց Տուն»։ Ես այդ տունէն հարս գացի։ Ափսոս 90-ական թուականներուն հրոճարակ դարձաւ այդ շէնքը։
Ինքզինքս 93 տարուայ Թարգմանչացի սան կը համարեմ։ Մինչեւ երրորդ դասարան յաճախեցի այդ դպրոցը։ Դպրոցի արտաքին տեսքը այսօրուայ նման էր, բայց ներքեւը փայտաշէն։ Աւելի ուշ նորոգուեցաւ։ Այն ատեն Վոսփորի գիւղերէն շատեր դպրոց չունէին, աշակերտութիւնը Գուրուչէշմէյէն, Պէպէքէն, Թարգմանչաց կու գային։ Երրորդ դասարանէ վերջ ծխախոտի գործարան աշխատիլ սկսայ։ Օրթագիւղի այժմու «Զիւպէյտէ Հանըմ» արհեստներու դպրոցը նախապէս ծխախոտի շտեմարան էր եւ բոլորս ալ հոն կ՚աշխատէինք։
Տօնական օրերը շատ բարձր տրամադրութիւնով կ՚ապրուէին Օրթագիւղի մէջ։ Ծնունդի նախորդող Ճրագալոյցին ամբողջ Օրթագիւղը եկեղեցի կը փութար։ Արարողութենէն ետք ալ մանկունք-պատանեկիք «Խորհուրդ Մեծ» կամ «Մելքոն-Գասպար» երգելով թաղի տուները կը շրջէինք ու շաքար կը հաւաքէինք։ Թաղի երէցը Տէր Սահակն էր։ Մեռելոցին իր ետին թափօր կազմած գերեզման կ՚երթայինք։ Այն ժամանակ այսօրուան նման վարդապետներ, եպիսկոպոսներ չէին ըլլար թաղումներուն։ Տէր Սահակ առանձին էր խորհրդակատարութեան պահուն։
Բարեկենդանը ուրիշ տեսակ ուրախութիւն մըն էր։ Այդ օրը դպրոցը արձակուելու պահուն բոլորիս մէյմէկ տոպրակ կը բաժնէին։ Մէջը շաքարով լեցուն կ՚ըլլար։ Երիտասարդները կը ծպտուէին ու այդպէս այցելութեան կ՚երթային։ Տարի մը եղբայրս Գրիգորն ալ բարձր կրունկով կօշիկներ, փէշ եւայլն հագած, կնոջ պէս ծպտուած էր։ Ընտանեօք կառք նստած, Սամաթիա մեր հարազատներուն այցելութեան գացած էինք։
Զատկին անպայման ծնկաչոք հաղորդութիւն կ՚առնէինք։
Աստուածածնի տօնը մեր թաղի եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնն էր միաժամանակ։ Յաջորդ շաբթուն անպայման մատաղօրհնութիւն կ՚ըլլար։ Նախորդող Շաբաթ օր եկեղեցւոյ բակին մէջ մատաղները կը մորթուէին եւ մեծ կաթսաներու մէջ մինչեւ առտու կ՚եփուէր մատաղի միսը։ Բոլոր թաղեցիները կը մասնակցէին այդ աշխատութեան։ Այն ատեն եկեղեցին սրահ մը չուներ։ Եկեղեցւոյ պարտէզը վրաններ կը պարզէինք, դպրոցէն նստարաններ ու սեղաններ կը փոխադրէինք։ Եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ կնքահայրս Արամ Եոլտաշն էր, որ առաջին անգամ սրահ մը սարքեց։
Ափսոս որ միշտ ուրախ բաներ չեն յիշածներս։ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը պատահեցան։ Իսլամ հարեւաններէն մէկը «շուտ դրօշակ կախեցէ՛ք» ըսելով զգուշացուց։ Քիչ անց խուժանի աղմուկը լսուեցաւ։ «Կոտրեցէք, թափեցէք» ըսելով յառաջացող խուժան մը բոլոր հայու, յոյնի կամ հրէից տուները կը թալանէին։ Յունաց եկեղեցին ալ աւերեցին։ Սրբանկարները գետին նետելով կոխկռտեցին։ Այդ դէպքերէն ետք ալ բոլոր հայ երիտասարդները զինուոր տարին։ Խաչի տաղաւարին երբ գերեզման գացինք, տեսանք որ բնաւ երիտասարդ չէ մնացած։
Հայրս Հայրապետ Ուրուշան 1871-ին Եոզղատի Չորքոտան գիւղը ծնած է։ 1915-ին զինուոր էր Օսմանեան բանակի մէջ։ Ամուսնացած էր եւ որդի մը ունէր։ Վերադարձին, երկուքն ալ սպանուած էին։ Հայրս միշտ թախծոտ էր։ Ես ու եղբայրս՝ Գրիգոր, մեր ծնողաց երկրորդ ամուսնութիւններուն պտուղն ենք։ Տարագրութեան ժամանակ հօրքուրայրս սպաննուեր էր։ Հօրաքոյրս Եղիսաբեթ երկու որդի ունէր, որոնցմէ կրտսերը կրցած էր իր քովը պահել, իսկ աւագը աքսորուէր է։ Հօրաքոյրս երկար ժամանակ լուր չառաւ իրմէ։ Բաւական ուշ լսեցինք որ Պեյրութ որբանոց մը ապաստանած է։ Տարիներ ետք հօրաքոյրս ու զարմիկս ալ Պեյրութ գացին ու միացան իրեն։
Հայրս 1969-ին, 98 տարեկան հասակին Իսթանպուլի մէջ մահացաւ։
Մօրս անունը Աննա էր, բայց բոլորը «Եւա» կը կոչէին։ Չաթէն հարս եկած էր Չորքոտան։ 1915-ին անոր ալ ամուսինը սպաններ են։ Մանջ ու աղջիկ երկու զաւակ ունեցած է, որոնք կորսնցուցած է տարագրութեան ճամբաներուն։ Մայրս երկար տարիներ իր եղբայրը՝ Աւետիս քեռին եւ որդին փնտռեց։ Ի վերջոյ լսեցինք որ անոնք ալ Պեյրութ հասած, հոնկէ ալ Ֆրանսա անցած են։ Նամակներ կ՚երթար կու գար, բայց մայրս իր աչքով անգամ մըն ալ չտեսաւ ոչ որդին, ոչ ալ եղբայրը։