Մեր հերոսները՝ Ասլանն ու ֆարհատը այս անգամ կը տեսնենք Վասպուրական աշխարհի սրտին վրայ, հին շրջաններուն Տոսպ, կամ Շամիրամակերտ ալ կոչուած Վան քաղաքը շքաւորող հսկայ քարաժայռի ստորոտին, ուր մեր հերոսները կուսակալ փաշայի կողմէ տրամադրուած առաջնորդի մը ընկերակցութեամբ պիտի ծանօթանային Վանայ բերդին ու շրջակայքի հնութիւններուն։
ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
sseropyan@agos.com.tr
Մեր հերոսները՝ Ասլանն ու ֆարհատը այս անգամ կը տեսնենք Վասպուրական աշխարհի սրտին վրայ, հին շրջաններուն Տոսպ, կամ Շամիրամակերտ ալ կոչուած Վան քաղաքը շքաւորող հսկայ քարաժայռի ստորոտին, ուր մեր հերոսները կուսակալ փաշայի կողմէ տրամադրուած առաջնորդի մը ընկերակցութեամբ պիտի ծանօթանային Վանայ բերդին ու շրջակայքի հնութիւններուն։
Հասնելով քարաժայռի բարձրութեան վրայ բազմած բերդին ստորոտը, սկսան բարձրանալ քարէ մաշուած սանդուխներով դէպի վեր։ Սարսափելի ճնշող տպաւորութիւն կը գործէր այս բերդը ֆարհատի վրայ. անոր ահաւորութեան առջեւ մարդ կարծես կը մանրանար, կը փոքրանար եւ կը կորսնցնէր իր ամբողջ քաջութիւնը։
Այստեղ խօսքը դարձեալ կու տանք Ֆարհատին, այլ խօսքով վիպագիր Ռաֆֆին.
— Ասլանը չկամեցաւ իսկոյն բերդ մտնել, այլ սկսաւ հետազօտել նախ շրջակայքը։ Ամէն տեղ կ՚երեւէին հնութեան հետաքրքիր մնացորդներ, ամէն տեղ քարերու ճակատին կը տեսնէինք բազմատող բեւեռագրեր։ Երբ անոնց մասին հարցուցի Ասլանին, ան խիստ անփոյթ կերպով պատասխանեց. «Զիս չեն հետաքրքրեր այդ մեռած տառերը»։ Ուրեմն ի՞նչ կը հետաքրքրէր զինքը, ինչ կ՚որոնէր ան այս ամայի քարափներու մէջ, այնքան խորին ուշադրութեամբ։ Ան բան մը կ՚որոնէր, որովհետեւ ես շատ անգամ կը նկատէի, իր յիշողութեան գրքոյկը կը հանէր ծոցէն եւ բան մը կը գրէր անոր վրայ։
Այդ միջոցին, մեր առաջնորդը, որ իբրեւ զարգացած մարդ ու մանաւանդ իբրեւ հնագէտ, փաշան տուած էր մեզի, ցոյց կու տար վիրապի մը բաւական լայն բերանը.- «Նայեցէք սա ծակին, ան կ՚իջնէ ցած, մինչեւ երկրի խորքերը, յետոյ ստորերկրեայ ոլոր-մոլոր ճանապարհներով կը հասնի մինչեւ ծովակին յատակը։ Հոն կը բացուի ոսկեայ դուռ մը եւ մարդուն ներս կը տանի բիւրեղեայ հրաշալի ապարանքի մէջ։ Հոն մարջանի (բուստի) մշտադալար ծառերու տակ կը ճեմեն յաւերժական հուրիներ, փէրիներ, աւելի պայծառ, քան նոր ծագող արեգակը իր վարդակարմիր ճառագայթներով։ Հոն հազարան բլբուլը կը կերակրուի մարգարիտներով. եւ փղոսկրեայ վանդակի մէջ, ամէն մի վայրկեան կը փոխէ հազարաւոր եղանակներ, հազարաւոր նուագներով։ Անոր երգի ձայնէն անուշահոտ վարդենիները կը գտնուին մշտական զմայլմունքի մէջ։ Այնտեղ արարածները չեն ծերանար, այլ կը վայելեն յաւերժական սէր եւ մանկութիւն։ Բայց բիւրեղեայ ապարանքի ոսկեայ դուռը ամենուն առջեւ չի բացուիր, որովհետեւ ան կախարդուած է եւ խորհրդաւոր թիլիսման ունի։ Մի ծերունի տէրվիշ, որ իր աչքով տեսեր է այդ բոլորը, խոստացած է տալ ինձ այդ թիլիսմանը։
Ասլան ժպտաց թուրք հնագէտի միամտութեան վրայ։ Անոր ցոյց տուած հորը ուրիշ բան չէր, այլ հին, ստորերկրեայ անցքերէն մէկը, որ ժամանակին ծառայեր էր կամ որպէս փախուստի ճանապարհ, կամ հաղորդակցութիւն էր ունեցած ուրիշ ամրութիւններու հետ, որոնք շատ հեռու չեն բերդէն։ Այս տեսակ հորեր շատ էին, կարծես քարափի մթին խորքերը հսկայական մրջնանոց մը ըլլար իր բազմաթիւ խորշերով եւ խոռոչներով, ուր մարդիկ երբեմն գործեր էին։ Բայց իմ ուշադրութիւնը գրաւեցին երեսունէ աւելի մեծ եւ փոքր այրեր ու ընդարձակ քարանձաւներ, որոնք նոյնպէս փորուած էին քարափի մէջ, որոնց մէկ քանիին մէջ մենք կրցանք մտնել։ Անոնց վրայ կ՚երեւէր ժամանակի արհեստն ու ճարտարութիւնը, եւ անոնցմէ շատերը զարդարուած էին սեպաձեւ արձանագրութիւններով։
«Աւանդութիւնը, ըսաւ Ասլանը, այս բերդն ու այս այրերը Շամիրամին կ՚ընծայէ, որպէս՝ նինուէացի թագուհիին գանձատունը, մթերանոցները, պահեստի տեղերը եւ բաղնիքները։ Իսկ այս բոլորը աւելի հին են, քան թէ Շամիրամը, թէեւ մեր ծերունի Խորենացին հնագիտական միամտութեամբ նոյնպէս անոր կ՚ընծայէ։
-Ի՞նչ կ՚ըսէ Խորենացին, հարցուցի ես խորին հետաքրքրութեամբ։
Կարծես, Ասլանը Խորենացու գիրքը այնպէս սերտած ըլլար, որպէս ես Սաղմոսը. ան անգիր կարդաց պատմութենէն այդ բերդին վերաբերող մասը, յետոյ աշխարհաբարի թարգմանեց ինծի.- «Իսկ անձաւի արեւահայեաց կողմը, այնպիսի նիւթի կարծրութեան մէջ, ուր այժմ եւ ոչ մի գիծ երկաթով փորել կարելի է, (Շամիրամ) պէս պէս տաճարներ, օթեւաններու սենեակներ, գանձերու տներ եւ երկար այրեր հրաշակերտեց, յայտնի չէ ի՛նչ բաներու պատրաստութեան համար։ Բայց քարի ամբողջ երեսի վրայ, որպէս գրիչով մոմը հարթելով, շատ գրեր արձանագրեց, որոնց վրայ նայիլն միայն զարմանք կը պատճառէ»։
Ո՛րքանով ուղիղ էր Խորենացիի կարծիքը, ես այդ չէի կրնար դատել, միայն կը տեսնէի, որ ըսածներուն բոլորը կային։ Բայց Ասլան կ՚ըսէր, թէ այս ամէնը այն ամենահին ժամանակներէն են մնացեր, երբ մարդիկ տուներ չէին շիներ, այլ այրերու մէջ կը բնակուէին։ Այդ իմ խելքին ալ դիւր կու գար, որովհետեւ կը տեսնէի, որ այրերէն շատերը այնքան ահագին մեծութիւն ունէին, ուր կարող էին ամբողջ ընտանիքներ բնակիլ։
Բերդի շրջակայքը ման գալէ յետոյ, մենք մտանք բուն բերդին մէջ։ Այդ անմատչելի ամրոցը, ինչպէս ըսի, նստած է ժայռոտ քարափի գլխին, որ ուղղաձիգ բարձրութեամբ քաշուած է դէպի երկինք եւ այնտեղէն ահռելի կերպով կը հսկէ ամբողջ քաղաքի վրայ։ Դէպի ամէն կողմ, ուր կը նայիս, դարձեալ կ՚երեւին արձանագրութիւններ, որոնք լուռ եւ անբարբառ կը նային մարդուս երեսին, կարծես, ըսել ուզեն. «Մենք միշտ կը մնանք անվերծանելի եւ երբեք չպիտի երեւան հանենք հնութեան գաղտնիքը»։
***
«Դուք աւելի կը զարմանաք, պարոն բժշկապետ, երբ կը տեսնէք Թոփրաք Քալէի եւ Ջարխի-Ֆալակի գաղտնի անցքերը», ըսաւ մեր առաջնորդը մի առանձին պարծենկոտութեամբ, երբ լսեց Ասլանի գովասանքները, կարծես այդ հրաշալիքները իր պապերն էին ստեղծագործեր։ «Երբ այստեղը վերջացնենք, ես կը տանիմ ձեզ դէպի յիշեալ հնութիւններ, որոնք բաւական հեռու են այստեղէն։ Դուք հոն կը տեսնէք աւելի զարմանալի ստորերկրեայ անցքեր, որոնք այնքան երկար կը տարածուին գետնի տակէն, որ շատերը հաղորդակցութիւն ունեն հենց այս բերդի հետ։
Մենք ցած իջանք բերդէն միեւնոյն քարէ սանդուխներով, որոնց մասին Ասլան կ՚ըսէր, թէ մի ժամանակ Գագիկ Արծրունին է տաշել տուեր, բայց այժմ համարեա իսպառ մաշուած էին։ Բերդի ստորոտին, մեր ձիերը հեծանք ու դիմեցինք դէպի Թոփրաք Քալէ եւ միւս հնութիւնները։
Բաւականաչափ հեռացած էինք բերդէն, որ մեր շրջակայքը բացուեցան հիանալի տեսարաններ. մէկ կողմը կ՚երեւէր կանաչազարդ Այգեստանը, կ՚երեւէին նաեւ Վարագայ կանաչազարդ լեռները, որոնց կրծքին վրայ, խորին ջերմեռանդութեամբ գրկուած, բազմած էր Վարագայ գեղեցիկ վանքը։ Միւս կողմը, մանիշակագոյն հայելիի նման, կը փայլէր Վանայ ծովակը։ Այդ ձուաձեւ հայելին դրուած էր հիանալի շրջանակի մէջ, զոր կը բոլորէր անոր գեղագրական եզերքը՝ մեղմ, ալիքաւոր բարձրութիւններով, -անոնք էին՝ Արտոս, Արնոս, Սիփան, Նեբրովթ եւ Գրգուռ լեռները, որոնց գօտիները չորս կողմէն սեղմած էին իրենց մէջ ջրի այդ աւազանը։
Կարծես, այդ աշխարհի հեթանոսական եւ քրիստոնէական ժամանակներու յիշատակարանները դեռ մինչեւ այսօր մրցութեան մէջ էին իրարու հետ։ Մէկ կողմը, բեւեռագրերով զարդարուած փառաւոր շինուածքներ ցոյց կու տային ամենահին անցեալը, միւս կողմը, սփռուած կը տեսնէինք բազմաթիւ վանքեր ու եկեղեցիներ։ Այդ վանքերը դեռ շէն էին եւ լի բազմաթիւ կրօնաւորներով։ Իսկ անոնց կողքին, մենք կ՚երթայինք տեսնել հին, մոռացուած մեհեանի մը տխուր աւերակները…։
(Շար.՝ 9)
Յաջորդով՝
Թոփրաք Քալէ կամ Մհերի Դուռը