6 Յունուար Ս. Ծննդեան տօնի առթիւ Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ սրահին մէջ ընդունեց համայնքային հաստատութիւններու վարիչներու շնորհաւորութիւնը։ Փոխանորդ սրբազանը այս առթիւ յայտնեց թէ արդէն մօտաւորապէս ամիս մը առաջ դիմում կատարած են պետական մարմիններուն նոր պատրիարքի մը ընտրութեան ձեռնարկելու համար։
2015-ի տարեմուտով Թուրքիոյ քաղաքական կեանքի օրակարգը զբաղեցնել սկսած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակումներու դէմ Թուրքիոյ հանրապետութեան հակակշռելու ջանքերը։ Սկսելով Հանրապետութեան նախագահէն, Վարչապետը, Խորհրդարանի նախագահը եւ զանազան նախարարներ այս ուղղութեամբ ելոյթներ կ՚ունենան եւ կը պարզեն տարուած աշխատութիւնները։ Այսպէս նախագահ Էրտողան ելոյթ ունեցաւ զանազան երկիրներէ ներս Թուրքիան ներկայացնող դեսպաններուն հետ։ Նախագահը իր ելոյթի ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը յուզող զանազան խնդիրներու կողքին անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան դարադարձի նիւթին շուրջ կատարուած աշխատութիւններուն։ Այս ծիրէն ներս Արտաքին Գործոց նախարարը եւ Մշակոյթի նախարարն ալ տարբեր գետիններու վրայ ընդգծեցին 1915-ի դարադարձը։ Նմանապէս Խորհրդարանի նախագահ Ճէմիլ Չիչէք ալ կրկնեց ուրացման պաշտօնական տեսակէտը եւ դիտել տուաւ որ Թուրքիա միջազգային հասարակութեան չէ կրցած հաղորդել այս նիւթի շուրջ իր տեսակէտը։
Երբ պետական գետնի վրայ կ՚արձանագրուին այս ելոյթները, զանազան հասարակական կազմակերպութիւններ եւ ակադեմական շրջանակներ ալ իրենց կարգին ծրագիրներ կը մշակեն դարադարձի առթիւ ալ աւելի աշխոյժանալու՝ հայկական պահանջատիրութեան դէմ։
Այս կարգի օրինակ մը կարելի է համարել Իսթանպուլ համալսարանի եւ «Թիւրք Օճաղը» միութեան միասնաբար կազմակերպած Համաժողովը։ 5 Յունուար 2015 Երկուշաբթի առաւօտ Իսթանպուլ համալսարանի երդիքին տակ կայացող միջոցառման զեկոյցով մը մասնակցեցաւ նաեւ Կրօնական Ժողովի ատենապետ Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Համաժողովի բացման ճառերէն ետք ուղերձով մը ներկայացաւ նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Ս. Արք. Աթէշեան։ Փոխանորդ Սրբազանը իր ելոյթի ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն սեւեռեց Պատրիարքական աթոռի առաքելութիւններուն վրայ, յայտնելով որ Պատրիարքարանը հոգեւոր իշխանութիւն մըն է եւ միջամուխ չըլլար քաղաքական բանավէճներու։ «Բայց եթէ նիւթը կը վերաբերի հայ-թրքական յարաբերութիւններու, մենք անպայման շինիչ թելադրանքներով կը մասնակցինք այս նիւթին» ըսաւ Սրբազանը նշելով, որ նիւթի հիմնական կողմերը հայերն ու թուրքերն են եւ միայն անոնք են որ պիտի լուծեն առկայ խնդիրը։ Ան նաեւ անպատեհ գտաւ օտար երկիրներու խորհրդարաններու իրենց հիմնական պարտականութիւնները մէկդի դնելով այս նիւթին շուրջ պատմաբանի մը նման կարծիք յայտնելը։ Սրբազանին այս ելոյթը ջերմօրէն արձագանգ գտաւ երկրի ազգայնական մամուլին մէջ։
Յաջորդ օր, 6 Յունուար Ս. Ծննդեան տօնի առթիւ Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ սրահին մէջ ընդունեց համայնքային հաստատութիւններու վարիչներու շնորհաւորութիւնը։ Փոխանորդ սրբազանը այս առթիւ յայտնեց թէ արդէն մօտաւորապէս ամիս մը առաջ դիմում կատարած են պետական մարմիններուն նոր պատրիարքի մը ընտրութեան ձեռնարկելու համար։ Ինչպէս պիտի յիշեն մեր ընթերցողները, նիւթը վերջին անգամ ՎԱՏԻՓ-ի ժողովին օրկարագի եկած եւ ժողովականներէ բաղկացող պատուիրակութիւն մը այցելած էր Պատրիարքարան, հասարակութեան պատրիարքի ընտրութեան մասին կամքը փոխանցելու համար։ Պատրիարքութիւնը դրական պատասխանած էր այդ կամքին, բայց մինչեւ Յունուարի 6-ը որեւէ բացատրութիւն չէր տուած կատարուած աշխատութեան շուրջ։ Այժմ կ՚ակնկալուի թէ Ներքին Գործոց նախարարութիւնը ժամադրութիւն մը տայ, որպէսզի քննարկուին ընտրութեան կազմակերպութեան մանրամասնութիւնները։ Սրբազանը նշեց նաեւ որ նման ընտրութիւններու պարագային ցարդ հաւատարիմ մնացուած է 1863 թուակիր Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան սկզբունքներուն։ «Այս անգամ ալ նոյն հիման վրայ ընտրութիւն կատարելու համար պիտի դիմենք պետական իշխանութիւններու» ըսաւ Աթէշեան Սրբազան։