Պաշտօնեաներուն համար փախուստ չի մնաց

Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու ատեանի, Արդարադատութեան Նախարարութեան եւ Պաքըրգիւղի Ութներորդ Եղեռնադատ ատեանի վճիռներէն ետք, Իսթանպուլի դատախազութիւնը սկսած է հարցաքննել ամբաստանուած պետական պաշտօնեաները։ Դատախազութիւնը մինչեւ օրս հայցերը ստացաւ Սապրի Ուզունի եւ Ռամազան Աքեիւրէքի։

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

Հրանդ Տինքի ոճիրի հետ առնչուած պետական պաշտօնեաներու դատավարութեան մասին գործընթացը թափ ստացաւ։ Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու ատեանի, Արդարադատութեան Նախարարութեան եւ Պաքըրգիւղի Ութներորդ Եղեռնադատ ատեանի վճիռներէն ետք, Իսթանպուլի դատախազութիւնը սկսած է հարցաքննել ամբաստանուած պետական պաշտօնեաները։ Դատախազութիւնը մինչեւ օրս հայցերը ստացաւ Սապրի Ուզունի եւ Ռամազան Աքեիւրէքի։

Դատախազ Եուսուֆ Հաքքը Տողան իրենց հայցերը ներկայացնելու համար կոչ ուղղեց Իսթանպուլի Նախկին Ապահովութեան տնօրէն՝ Ճէլալէտտին Ճէրրահի եւ Իսթանպուլի Լրաքաղութեան Բաժնի տնօրէն՝ Ահմէտ Իլհան Կիւլէրի։ Մօտ օրէն իրենց հայցերը ներկայացնելու համար կը հրաւիրուին նաեւ ոճիրի թուականին Տրապիզոնի մէջ գործող ոստիկանական եւ ոստիկան զօրաց պաշտօնեաները։ Պետական պաշտօնեաները դատախազին կը ներկայանան դէպի ոճիր գացող գործընթացի մէջ տեղեկութիւն ունենալով հանդերձ ոճիրը չկանխելու մեղադրանքով։

Սահմանադրական ատեանն ալ հաստատեց

12 Նոյեմբեր Չորեքշաբթի առաւօտ Սահմանադրական ատեանն ալ հրապարակեց Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցին շուրջ ազդեցիկ հարցաքննութիւն մը չկատարուելու մասին արձակած վճիռին պատճառաբանութիւնը։ Այստեղ յաճախ ակնարկութիւններ կատարուեցան ԵՄԻԱ-ի վճիռին։ Դատարանը պատճառաբանութեան մէջ կը նշէ թէ պետական պաշտօնեաները ցարդ չեն հարցաքննուած դատական անկախ մարմիններու կողմէ։ Չէ ստուգուած սպանութեան մէջ անոնց դերակատարութիւնը։ Անխնամ եւ դանդաղ հարցաքննութիւնը ի հիմանէ պէտք է անզօր համարել։

Պատճառաբանութեան մէջ շեշտուեցան հետեւեալ զանցառութիւնները.-

Ա.- Պետական պաշտօնեաները չեն յաջողած կանխամիջոցներ ապահովելու։

Բ.- Հարցաքննութիւնը անկողմնակալ եւ ազդեցիկ չէ։

Գ.- Կուսակալը չէ արտօնած հարցաքննութեան։

Դ.- Թերացումները ամբողջութեամբ չեն ուսումնասիրուած։

Ե.- Տրապիզոնի եւ Իսթանպուլի պետական պաշտօնեաներուն հայցերը դեռ չեն ստացուած։

Միայն հետեւեցան

Մուսթաֆա Քէմալի որդեգիր Սապիհա Կէօքչէնի մասին հրատարակուած լրատուութենէն ետք «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ բողոքի ցոյց կատարուած, ապա թերթի խմբագրապետի դէմ դատ յարուցուած, իսկ ոստիկանութիւնը այս բոլոր զարգացումներուն միայն հեռուէն հետեւելով գոհացած էր։ Նոյն թուականին յարատեւօրէն սպառնական նամակներ փութացին խմբագրատուն։ Հրանդ Տինք այս բոլորը փոխանցելով հանդերձ ոստիկանութիւնը որեւէ հարցաքննութիւն չկատարեց այդ նամակներու հեղինակներու հասցէին։

Սպառնական նամակներէ ետք Իսթանպուլի Ապահովութեան Տնօրէնի օգնական՝ Հաքան Այտըն Թիւրքէլի դիմում կատարած էր Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի բաժնին եւ Պաքըրգիւղի ու Շիշլիի Ապահովութեան Տնօրէնութիւններուն, պահանջելով որ անոնք կանխամիջոցներ առնեն Հրանդ Տինքի անվտանգութիւնը ապահովելու համար։ Ազգայնամոլ «Գորշ Գայլերու» միութեան ատենապետը՝ Լէվէնտ Թէմիզ հրապարակաւ սպառնացած էր Տինքին, յայտարարելով, որ Հրանդ Տինք իրենց ատելութեան թիրախն է այլեւս։

Հաքան Այտըն Թիւրքէլի այս սպառնալիքի կողքին նշած էր նաեւ Հրանդ Տինքին եւ «Ակօս»ին հասած սպառնալիքները իր գրութեան մէջ։ 2006-ի Փետրուարին Պրուսայէն ուղարկուած Ահմէտ Տէմիր ստորագրեալ նամակով մը Հրանդ Տինք անգամ մը եւս սպառնալիքի ենթարկուեցաւ։ Այս նամակն ալ 2 Փետրուար 2006-ին յանձնուեցաւ Շիշլիի դատախազութեան։ Նոյն շրջանին վարդապետ Սանթորոյի սպանութեան յաջորդեց 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն մասին ցուցահանդէսին կատարուած յարձակումը։

Այդ շրջանին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքը Մեսրոպ Մութաֆեան Իսթանպուլի կուսակալին դիմելով մտահոգութիւն յայտնեց հայկական հաստատութիւններուն դէմ կատարուած սպառնալիքներու մասին։ Պահանջեց որ պետութիւնը կանխամիջոցներու դիմէ հաւանական դէպքերու առնչութեամբ։ Դարձեալ նոյն թուականին Ապահովութեան Տնօրէնը իր կազմի բոլոր բաժանմունքները զգուշացուց հաւանական որեւէ յարձակումի նկատմամբ զգոյշ գտնուելու մասին։

Դարձեալ 17 Փետրուար 2006-ին Տրապիզոնի Լրաքաղութեան Տնօրէնը իր Իսթանպուլի բաժանմունքը տեղեակ պահեց Հրանդ Տինքի դէմ կատարուելիք մահափորձի մը շուրջ իր լսումներուն մասին։ Այդ գրութեան մէջ նշեց նաեւ Եասին Հայալի անունը, իբրեւ նման ոճիր մը իրականացնելու կարողութիւն ունեցող անձ։ Փոխանցեց նաեւ այս վերջինիս Իսթանպուլի մէջ եղբօրը մօտ բնակելու հաւանականութիւնը։ Նախապէս ըսուած էր թէ Իսթանպուլի Լրաքաղութեան բաժինը այս ուղղութեամբ քննութիւններ կատարած, բայց արդիւնքի մը չէ յանգած։ Սակայն շուտով պարզուեցաւ որ անհիմն էր այս յայտարարութիւնը եւ նման գործողութիւն մը երբեք չէր կատարուած, այլ կատարուածի նման ցոյց տրուած էր։

Տինք ընտանիքի իրաւապաշտպաններէն Հաքան Պաքըրճըօղլու կը նշէ թէ Հրանդի ենթարկուած վտանգը բազմիցս օրակարգի եկած է, բայց պատասխանատուները ընդմիշտ թերացած են կանխամիջոցներու դիմելու խնդրին մէջ։ Այս պայմաններու տակ մենք համոզուած ենք որ ամբաստանեալներու հայցերը ստանալէ ետք դատախազութիւնը շուտափոյթ կերպով պէտք է դատ յարուցէ անոնց դէմ նիւթ ունենալով «անդրդուելու մնալով դիտումնաւոր մարդասպանութեան տեղի տալու մասին» Թուրքիոյ Պատժական Օրէնքի 83-րդ յօդուածի շրջագծով։         

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ