22 Հոկտեմբեր Չորեքշաբթի երեկոյ կայացած ՎԱՏԻՓ-ի ժողովի ընթացքին միաձայնութեամբ որոշուած էր շուտափոյթ կերպով նոր պատրիարքի մը ընտրութեան գործընթացին սկսիլ։ Նաեւ որոշուած էր, որ ամենամեծ թիւով հայ բնակչութիւն ունեցող հինգ թաղերու ներկայացուցիչներ այցելեն Պատրիարքարան եւ ժողովի տրամադրութիւնը փոխանցեն փոխանորդ Սրբազանին։
ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
mihranmanukyan@agos.com.tr
Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի «Ակօս»ին տուած յայտարարութիւններէն ետք Թուրքիոյ հայոց օրակարգը կ՚ողողուի Պատրիարքի ընտրութեան նիւթով։
22 Հոկտեմբեր Չորեքշաբթի երեկոյ կայացած ՎԱՏԻՓ-ի ժողովի ընթացքին միաձայնութեամբ որոշուած էր շուտափոյթ կերպով նոր պատրիարքի մը ընտրութեան գործընթացին սկսիլ։ Նաեւ որոշուած էր, որ ամենամեծ թիւով հայ բնակչութիւն ունեցող հինգ թաղերու ներկայացուցիչներ այցելեն Պատրիարքարան եւ ժողովի տրամադրութիւնը փոխանցեն փոխանորդ Սրբազանին։
Այսպէս 30 Հոկտեմբեր Հինգշաբթի երեկոյ Ֆերիգիւղի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ՝ Մանուկ Էօղէր, Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ՝ Եսայի Տէմիր, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ՝ Մեսուտ Էօզտէմիր, Եշիլգիւղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ՝ Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ՝ Արման Պիւքիւճիւեան եւ անոնց կողքին համայնքի վաստակաւոր վարչականներէն՝ Հայկ Ասլանեանէ բաղկացած պատուիրակութիւնը այցելեց Պատրիարքարան։
Պատրիարքարանէ ներս հիւրերը ընդունեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ՝ Արամ Արք. Աթէշեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ՝ Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Կր. ժողովի անդամները։
Պատուիրակութիւնը փոխանցեց ժողովի որոշումները, խնդրելով որ Պատրիարքարանը ձեռնարկէ պատշաճին։ Ի պատասխան Արամ Սրբազան յայտնեց թէ իրենք ալ արդէն աչալուրջ են զարգացումներուն եւ մտադիր են լաւագոյն լուծումներու յանգելու։ Թաղական ներկայացուցիչները յիշեցուցին նաեւ կարգ մը որոշումներու մէջ աշխարհականներու կարծիքը լսելու անհրաժեշտութիւնը։
Սրբազան Հայրն ալ իր կարգին փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռին կարգ մը զարգացումներու դիմաց ապրած անհանգստութիւնները, ցաւն ու մտահոգութիւնները։
Սկիզբը տիրող լարուած մթնոլորտը անհետացաւ վաստակաշատ գործիչ Հայկ Ասլանեանի շինիչ միջամտութեամբ։
Շուրջ երկու ժամ տեւող հանդիպումէն ետք ժողովը աւարտեցաւ կողմերու համագործակցութեան խոստումներով։ Աւելի ետք Պատրիարքարանէն հրապարակուեցաւ ժողովի բնոյթը եւ բովանդակութիւնը պարզող յայտարարութիւն մը։ Այդ բոլորին մէջ ուշագրաւ էր Պատրիարքական շրջանակներէ եկող այն մտահոգութիւնը, թէ ապագային կատարելի աշխատանքներու ընթացքին դարձեալ պիտի գտնուին անձեր, որոնք զարտուղի կեցուածքով եւ դիմումներով պիտի կաշկանդեն բարւոք ընթացքը։
Իսկ ո՞վ են այստեղ նշուած զարտուղի կեցուածք վերագրուածները։ Կրնանք հաստատօրէն համոզուիլ, որ ներկայ դրութեան մէջ համերաշխութեան տպաւորութիւն մը գոյացնել ուզողները հաւանական ընտրարշաւի մը ընթացքին թուրերը պիտի հանեն իրենց պատեանէն ու այն ատեն պիտի յստականայ, թէ որո՞նց կամ ինչի՞ կ՚ակնարկեն պատահականօրէն իշխանութիւնը ձեռք բերողները։
«Ակօս»ի տեսանկիւնով
Հետեւելով վերջին միշաբաթեայ անցուդարձերուն, կարելի է ըսել թէ Պատրիարքի ընտրութիւնը մտած է Պատրիարքարանի օրակարգին։ 30 Հոկտեմբերի ժողովին մասնակցող աշխարհականները կը վկայեն թէ Արամ Արքեպիսկոպոս ընտրութիւն չընելու ուղղութեամբ դիրք չէ բռնած։ Երբ ամբողջ ժողովուրդը միաձայնութեամբ իր կամքը կը յայտնէ Պատրիարքի ընտրութեան մասին, արդէն կարելի չէր այդ հակումին դիմադրել։ Պատրիարքարանի յայտարարութենէն կը զգացուի որ աթոռը կ՚ուզէ ժամանակ շահիլ։ Այսպէսով երկրաշարժի նման ցնցում յառաջացնող զարգացումներու ազդեցութիւնը հետզհետէ կրնայ մեղմանալ։
Ուշագրաւ է նաեւ Արամ Սրբազանի Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ մէջ տուած քարոզը։ Ան խորհուրդ տուած էր որ Յիսուսի հաւատացեալները եթէ տարակարծութեան մատնուին, երկխօսութեան համար չորս միջոցներ ունին։ Նախ դէմ առ դէմ խօսիլ, ապա երկու վկաներու ներկայութեամբ խօսիլ, հաւատացեալներու բազմութեան առջեւ խօսիլ եւ եթէ այս երեքն ալ լուծում չըլլան, ենթական անհաւատ համարել։ Պարզ է որ այստեղ մատնանշուածը Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն է։ Ըստ երեւոյթի Աթէշեան Սրբազան կը խուսափի ընտրութեան նախօրեակին Շիրինօղլուի հետ խնդիրներ ունենալէ։ Քարոզի մէջ նշուած երկու վկաները՝ Էրոլ Երկանեան եւ Իսքէնտէր Շահինկէօզ կրնան ըլլալ։
Արամ Սրբազան քարոզին մէջ նշած էր նաեւ Պատրիարքարանի իրաւական ինքնութեան համար միատեղ պայքարի անհրաժեշտութիւնը։ Անշուշտ որ շատ տեղին հաստատում մըն է այս, սակայն պարտինք նշել որ այդ միասնութիւնը ընտրուած պատրիարքի մը շուրջ կրնայ գոյանալ։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ Թուրքիոյ Հայոց առաջնահերթ խնդիրը կը շարունակէ պատրիարքի ընտրութիւնն ըլլալ։