Ողբամ զքեզ Քոպանի

Նախորդ շաբաթ երբ Քոպանիի սահմանը հասայ, նկատեցի որ բոլոր կանխակարծիքներս սխալ են։ Տարօրինակ զգացումներու մատնուեցայ։ Քիւրտ ժողովուրդը թերեւս ալ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ այսքան միասնական դիմադրութիւն մը կը ցուցաբերէր։

ՊԷԼԿԻՆ ՃԷՆԿԻԶ
belgincengiz@gmail.com

Նախորդ շաբաթ երբ Քոպանիի սահմանը հասայ, նկատեցի որ բոլոր կանխակարծիքներս սխալ են։ Տարօրինակ զգացումներու մատնուեցայ։ Քիւրտ ժողովուրդը թերեւս ալ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ այսքան միասնական դիմադրութիւն մը կը ցուցաբերէր։

Տիյարպէքիրէն Սուրուչ ճամբորդեցի Մուշի պատգամաւոր տիկին Նուրսէլ Այտողանի հետ։ Ուրֆա հասնելով առաջին հերթին այցելեցինք հիւանդանոցները։ Ամէն հիւանդանոցի մէջ հանդիպեցանք Իսլամ Պետութեան ահաբեկիչներու յարձակումներով վիրաւորուած ամէն տարիքէ մարդկանց։ Ականով բզքտուած մարմիններ, հրասանդներու ռմբակոծումով այրած մարմիններ եւ այդ բոլորին մէջ մխիթարական խօսքեր ճարելու դժուարացող մենք։ Տիկին Այտողան քրտական կուսակցութեան պատգամաւոր ըլլալով հանդերձ ծագումով թուրք է եւ քրտերէն չի գիտեր։ Ան դէմքի արտայայտութիւններով կը փորձէր կիսել տառապող մարդկանց վիշտը։

Ապա Ուրֆայէն մեկնեցանք դէպի Սուրուչ, Քոպանիի սահմանը։ Այստեղի ընդհանուր համայնապատկերը խառնուածութիւնն է։ Տեղացիներ կամ դուրսէն զօրակցութեան համար եկողներ գաղթականներուն համար խրճիթներ կը պատրաստեն։ Անոնց յաջողութիւն մաղթեցինք եւ ուղղուեցանք դէպի Միւրշիտփընար կոչուած սահմանի անցման կէտը։ Այդ ճամբորդութիւնը կատարեցի զօրակցութեան համար Ակրիէն եկածներուն օթօպիւսով։ Կը պատմէին թէ մայր ճանապարհէն շեղելով գիւղերու միջով հասած են հոս։ Փշաթելերով շրջապատուած անցման կէտը զինուորներ կը հսկէին։ Փշաթելին մէկ կողմը զինուորներ, իսկ միւս կողմը Քոպանիէն եկած գաղթականներ։ Քոպանին այնքան մօտ է որ այս կէտին, եթէ ականի մը վրայ չկոխես՝ շուտով կը հասնիս։ Իրականութեան մէջ քոպանացիները եւ սուրուչցիները ազգական, բարեկամ են իրարու։ Կայսրութեան ժամանակ սահման չկար իրենց միջեւ։ Իսկ հիմա իրենց երբեմնի գիւղը կու գան, որպէս գաղթական։ Ոմանք պանիրներ կամ այլ ուտեստներ շալկած են, ոմանք անասուններ կը քաշքշեն, իսկ ոմանք ալ միայն երախանին փրկած հոս հասած։

Մեծ մօրս 1938-ի Տէրսիմի աքսորեալներու մասին պատմածները կը պատկերանան աչքերուս առջեւ։ Այստեղ ինծի օգնական առաջնորդ մը ունիմ՝ Էրհան Եըլտըզէր։ «Ատենօք մենք ալ ըրինք։ Մեր հայ եղբայրները, երբ կ՚աքսորուէին անհոգ դիտած էինք։ Հիմա մեր նախկին մեղքերով կ՚առերեսուինք» կ՚ըսէ Էրհան։ Իրաւացի էր։ Համարեա հարիւր տարի առաջ ճիշդ այս սահմանագիծէն հազարաւոր, թերեւս տասը հազարաւոր հայեր գիշեր ժամով ինչ որ կրցած բեռնուած, օր մը վերադառնալու յոյսով հեռացած էին այս տեղէն։ Այդ յոյսը երբեք չիրականացաւ հայերուն համար, բայց հիմա գաղթը հակառակ ուղղութիւնով կը կատարուի։

Երեք տարի է որ կը շարունակուի Սուրիոյ քաղաքական պատերազմը։ Բայց անոնք երբեք չէին մտաբերած թէ պատերազմը կը հասնի իրենց գիւղը եւ իրենք ալ կը հարկադրուին գաղթի ճամբան բռնել։

Գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ, Սիւննի իսլամ երկիրներու կողմէ զէնքով, զինամթերքով, դրամով աջակցուած ԻՊ իրեն վերջին թիրախ ընտրած է Թուրքիոյ սահմանամերձ Քոպանին։ Իրենց դէմ քաղաքը պաշտպանողը ԵՓԿ-ի եւ ԵՓԺ-ի երկսեռ հայդուկներն են։ Անոնք նախապէս ալ Մուսուլի արշաւանքի օրերուն Շէնկալի վրայ դիմադրած էին ԻՊ-ի։ Անոնց հերոսական դիմադրութիւնը արձագանգ գտաւ նաեւ արեւմտեան մամուլի մէջ։ Բայց այդ արձագանգները արգելք չեղան, որ միջազգային դերակատարներ անձայն համաձայնութիւնով ԻՊ-ը ուղղեն դէպի Քոպանի։

Թուրքիոյ կառավարութեան մշակած քաղաքականութիւնն ալ կ՚ուզէ քաղաքի անկումը։ Սահմանի վրայ պաշտօնավարող զինուոր մը բաւական վստահ է։ «Ինչու մտահոգուինք որ։ ԻՊ մեզի չի յարձակիր։ Մենք իսլամ ենք»։

Քիւրտ յեղափոխականութեան համար խորհրդանշական իմաստ մը ունի Քոպանին։ Ան Ռոժավայի վարչական կազմերէն մէկն է, որուն անկումով սայթաքած պիտի ըլլայ նաեւ Ապտուլլահ Էօճալանի առաջարկած հաշտութեան գործընթացը։ Ռոժավան զանազան ժողովուրդներու համատեղ գոյութեան, կիներու բացարձակ ազատութեան իմաստներով ալ կարեւոր ձեռքբերում մըն էր։

Իսկ այսօր պարզուած պատկերը բոլոր նախորդ տեղահանութիւններու մերօրեայ կրկնութիւնն է։ Նոյն աքսորը, նոյն անտունին, նոյն տարագրութիւնը…

Տպաւորութիւններ Քոպանիի ժողովուրդէն

Մէյրամ (Քուֆի գիւղ)

«Գաղթական դարձանք։ ԻՊ-ը մեզ հարուածեց։ Գիւղ մտաւ։ Կոտորեց, թափեց ամէն ինչ։ Տան ալիւրը, ձաւարը թալանեց։ Անասուններնիս տարին։ Հազիւ մեր կեանքը փրկեցինք։ ԵՓԿ մեզ համար կը պայքարի։ Բայց անոնց զէնքերը տկար են։ Անհամար ճահելներ զոհուեցան։ Ես Քոպանի դառնալ կ՚ուզեմ։ Մատաղ ըլլամ անոնց պոյ ու բոսին»։

Լէյլա (Խինի գիւղ)

«14 օր է որ ԻՊ շրջապատած է մեր գիւղը։ Անոնց գալէն օր մը առաջ մենք փախանք։ ԵՓԿ -դուք գացէք մենք պիտի պատերազմինք- ըսաւ։ Երկու շաբաթ է որ սահմանը կը սպասենք։ Դեռ երէկ մեզի ներս առին»։

Ֆաթմա Ահմէտ Պրահիմ (Շէյրան գիւղ)

«Մենք ալ ԻՊ-ի պաճառաւ հոս ենք։ Անտէր մնացինք։ Տղամարդ չկայ մեր մէջ։ Մեռնողը մեռաւ, մնացածները կը կռուին։ Մեր գիւղի մէջ պատերազմը դեռ կը շարունակուի։ Ուղղաթիռով կը զարնեն։ Մարդիկ կը կոտորեն, անասունները կը կոտորեն, աղջիկներուն գլուխները կը կտրեն։ Ոչ կին կը ճանչնան, ոչ տղայ։ Ճարահատ հոս եկանք։ Տասը օր է որ Սուրուչն եմ։ Այստեղ այս գործերը ով կ՚ընէ չեմ գիտեր։ Քաղաքապետութի՞ւնը, կառավարութի՞ւնը, ժողովո՞ւրդը։ Ամէն մարդ բաներ մը կ՚ընէ մեզի համար։ Կը կերակրեն մեզ։ Բայց մեր միտքը հոն մնաց։ Պատերազմող որդիներնուս մնաց։ Ուր տեսնուեր է մարդ տունը, տեղը թողու երթայ։ Մենք ճարահատ մնացինք։ Պատիւնիս փրկելու համար հոս եկանք»։

Ալաէտտին Պօզան (Շէյրան գիւղ)

«Իմ գիւղը Քոպանիի 7քմ. Արեւելքն է։ 19 Սեպտեմբերին ԻՊ մեր գիւղին յարձակեցաւ։ ԵՓԿ-ն դիմադրեց։ Եկած ենք Հիւսիսային Քրտաստան Սուրուչ։ Գիտեմ որ ԻՊ-ի յարձակումները Թուրքիոյ պետութեան համագործակցութիւնով կը կայանայ։ Կ՚ուզեն որ մեր տարածքը ԻՊ-ի ձեռքը անցնի։ Խակ երազ մըն է։ Չենք թողուր, չենք արտօներ»։            

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ