ՀՐԱՆԴ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի մէջ կալանաւորուած հայ ռազմագերիներու, պատանդներու ազատ արձակման պահանջքով բողոքի ցոյց։
10 Մարտ 2025 երկուշաբթի երեկոյեան կատարուած ցոյցը կազմակերպեցին Գերմանիոյ Մարդկային իրաւանց միջազգային կազմակերպութիւնը, «Հասարակութիւն՝ վտանգի տակ գտնուող ժողովուրդներու համար» հասարակական կազմակերպութիւնը, «Ընդդէմ ցեղասպանութեան եւ միջազգային ըմբռնման ու ճանաչման աշխատանքային խումբ» հասարակական կազմակերպութիւնը, «Խոշտանգումներու վերացման ուղղուած քրիստոնեաներու շարժում» հասարակական կազմակերպութիւնը եւ գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդը։
Մարդկային իրաւանց պաշտպան վերոյիշեալ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ցոյցի այլ մասնակիցներ, գերմաներէն, անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով արտասանուած ելոյթներով եւ լոզունգներով պահանջեցին Պաքուի բանտերու մէջ պահուող բոլոր հայ գերիներուն, պատանդներուն անյապաղ ազատ արձակումը։
Ցոյցի կազմակերպիչները նոյն պահանջքով գրաւոր նամակ յանձնեցին Եւրոպական յանձնաժողովի Գերմանիոյ գրասենեակի ղեկավարին եւ Մինսկի խումբի համանախագահող երկու երկիրներու՝ Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ու դեսպաններուն։
Մարդկային իրաւանց պաշտպանները, այլ նամակով դիմեցին նաեւ Գերմանիոյ Խորհրդարան՝ Պունտեսթակ։ 11 Մարտին Պունտեսթակի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ղեկավարին առձեռն յանձնեցին նամակ մը, որտեղ կոչ կ՚ուղղուի Գերմանիային արդիւնաւէտ ու յստակ ջանքեր գործադրել հայ պատանդներու տունդարձի համար։
Պատասխանատուութեան կոչ Գերմանիոյ կառավարութեան
Մայրաքաղաք Պերլինի գլխաւոր յուշակոթողներէն մէկը համարուող Պրանտենպուրկեան դարպասներու առջեւ կատարուած ցոյցի ընթացքին ելոյթ ունեցած գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդի ատենապետ Յովնաթան Շփանկընպերկ եւս իր խօսքը ուղղեց գերմանական կառավարութեան։ Ան իր խօսքի ընթացքին տարբեր միջազգային բարձրաստիճան դիտորդ եւ պաշտօնեաներու տեղեկագիրներէն մէջբերումներ ընելով ըսաւ. «Այսօր կանգնած ենք ազատութեան կարեւորագոյն խորհրդանիշներէն մէկուն առջեւ՝ բարձրացնելու մեր ձայնը յանուն արդարութեան եւ մարդասիրութեան։ Կանգնած ենք այստեղ պահանջելու՝ Ատրպէյճան գտնուող հայ պատանդներու անյապաղ ազատ արձակումը։ Անոնց կալանաւորումը անմարդկային արարք է, էթնիկ հետապնդման շարունակութիւն եւ միջազգային իրավունքի հիմնարար սկզբունքներու խախտում՝ ներառեալ ցեղասպանութիւն։ Գերմանիան յատուկ պատասխանատուութիւն ստանձնած պետութիւն է, պէտք չէ լուռ մնայ, այլ պարտաւո՛ր է գործել ՄԱԿ-ի ցեղասպանութեան պայմանադրութեան համաձայն»։
Ատենապետը իր ելոյթով մէջբերեց ՄԱԿ-ի յատուկ խորհրդական Ալիս Վէյրիմու Նտերիթուի (Alice Wairimu Nderitu) 22 Սեպտեմբեր 2023-ի պարզաբանումը, ըստ որու Արցախի քաղաքացիական բնակչութիւնը «ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով բռնութեան, վայրագութիւններու, ներառեալ ցեղասպանութեան վտանգի տակ է»։ Յովնաթան Շփանկընպերկ շեշտեց, որ ցեղասպանութեան կանխարգելման հարցերով ՄԱԿ-ի բարձրագոյն մարմնի այս նախազգուշացումը արդէն պէտք է դրդէր Գերմանիոյ կառավարութեան՝ անյապաղ կատարելու ՄԱԿ-ի ցեղասպանութեան պայմանադրութիւնով ստանձնած իր պարտաւորութիւնը։
Հայ ռազմագերիներու առնչութեամբ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող «դատավարութիւնները» կեղծ եւ ցուցադրական որակող Շփանկընպերկ, անոնք համեմատեց Սթալինեան ժամանակաշրջանի դատավարութիւններուն հետ։
Ատենապետ Շփանկընպերկ յիշեցնելով Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը պաշտօնապէս անգամ մը եւս վերահաստատող Պունտեսթակի կողմէ 2016-ին ընդունուած որոշումը, մատնանշեց այն զուգակցութեան, որ 110 տարի առաջ 24 Ապրիլ 1915-ին հայ վերնախաւն ու մտաւորականները կը ձերբակալուէին ցեղասպան մտայնութեամբ, իսկ այսօր նոյն ճակատագրին կ՚ենթարկուին արցախահայութեան վերնախաւը ու բռնի տեղահանուած ողջ արցախահայութիւնը։ Ըստ ատենապետի, Գերմանիոյ կառավարութեան արձագանքը պէտք չէ սահմանափակուի քննադատութեամբ եւ միայն դիւանագիտական կոչերով։ «Գերմանիան կարող է եւ պէտք է գործէ» ըսաւ ան, հասցէագրելով Գերմանիոյ մէջ մօտակայ ժամանակին կազմուելիք յաջորդ կառավարութեան նոր իշխանաւորներուն։
Ատրպէյճան վերածուած՝ անվերահսկելի երկիր
Ցոյցի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան, միջազգային ըմբռնման եւ ու ճանաչման աշխատանքային խումբ» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Տքթ. Թէսա Հոֆման, ով իր մտահոգութիւնը յայտնեց թէ հայ պատանդներու առողջական վիճակի մասին, թէ միջազգայնօրէն Ատրպէյճանի հետզհետէ անվերահսկելի դարձող ընդհանուր դիրքի մասին։
Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ հայ պատանդները բանտարկուած են մի շարք միջազգային օրէնքներու ակնյայտ խախտմամբ, որոնք են՝ Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրը, Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպական պայմանադրութիւնը, ռազմագերիներու նկատմամբ վերաբերմունքի վերաբերեալ Ժընեւի երրորդ պայմանադրութիւնը (1949թ.), Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային պայմանադրութիւնը, Խոշտանգումներու եւ այլ դաժան, անմարդկային կամ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերմունքի կամ պատժի դէմ պայմանադրութիւնը, Պատանդ առնելու դէմ միջազգային պայմանադրութիւնը։ Տքթ. Հոֆման մտահոգիչ համարեց նաեւ այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճանն աւելի ու աւելի կը մեկուսանայ՝ արտաքսելով միջազգային լրատուամիջոցները եւ արգիլելով ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն գործունէութիւնը երկրի ներս։ «Նոյնիսկ միջազգային կառոյցները, ինչպիսիք են Կարմիր խաչը, ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներու դէմ յանձնաժողովը, ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի մանկական հիմնադրամը եւ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրը ստիպուած եղան դադարեցնել իրենց գործունէութիւնը: Ատրպէյճանը հետզհետէ կը փախչի միջազգային վերահսկողութենէն եւ կը դառնայ անկանխատեսելի, ողջ աշխարհի համար» ըսաւ ան։
Յստակ քայլերու ակնկալում
Ցոյցի կազմակերպիչները Եւրոպական յանձնաժողովի Գերմանիոյ գրասենեակի ղեկավարին յանձնուած գրաւոր նամակով յստակ քայլեր պահանջած են Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) կառոյցներէն։ Անոնք պահանջած են պատժամիջոց կիրարկել Ատրպէյճանի պաշտօնատարներու եւ կառոյցներու նկատմամբ։ «Նկատի ունենալով Ատրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւանց շարունակական խախտումները՝ ԵՄ պէտք է թիրախաւոր պատժամիջոցներ կիրարկէ պատասխանատուներու, ի շարս որոնց՝ բարձրաստիճան քաղաքական եւ ռազմական գործիչներու դէմ եւ վերատեսութեան ենթարկէ այդ երկրին հետ իր տնտեսական եւ ուժանիւթային յարաբերութիւնները՝ խուսափելու համար մեղսակցութենէ» նշուած է նամակին մէջ։ Ցոյցի մասնակիցները ԵՄ-էն պահանջած են նաեւ կանխել Արցախի մշակութային արժէքներու ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորել տեղահանուած հայերու վերադարձի իրաւունքը։ «ԵՄ-ը պէտք է ճնշում բանեցնէ Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի անյապաղ ազատ արձակուին հայ գերիները» գրուած է նամակին մէջ։