Տիյարպեքիրի Փաստաբաններու Կաճառը վեցերորդ անգամ անպարտ հռչակուեցաւ

24Ապրիլի առթիւ կատարած յայտա­րարու­­թիւննե­­րուն մէջ Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն եզ­­րը գոր­­ծա­­­ծելու մե­­ղադ­­րանքով դա­­տուող Տիար­­պե­­­քիրի Փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու Կա­­ճառի նախ­­կին նա­­խագահ Նա­­հիթ Էրեն եւ վար­­չա­­­կան խոր­­հուրդի ան­­դամնե­­րը վե­­ցերորդ ան­­գամ ան­­պածտ հռչա­­կուե­­ցան:

Տիար­­պե­­­քիրի Փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու Կա­­ճառի նախ­­կին նա­­խագահ Նա­­հիթ Էրեն եւ 10 վար­­չա­­­կան խոր­­հուրդի ան­­դամնե­­րը 24 Ապ­­րիլ 2021-ին «Մեծ աղէ­­տի ցա­­ւը կի­­սելով» վեր­­նագրով յայ­­տա­­­րարու­­թեան պատ­­ճա­­­ռով հա­­րու­­ցո­­­ւած դա­­տական գոր­­ծի դա­­տաքննու­­թիւնը նա­­խորդ շա­­բաթ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ: Դա­­տական գոր­­ծը յա­­րու­­ցո­­­ւեցաւ «Պե­­տու­­թիւնն ու իր մար­­միննե­­րը հրա­­պարա­­կաւ նո­­ւաս­­տացնե­­լու» մե­­ղադ­­րանքով:

Դա­­տաքննու­­թեան ժա­­մանակ Նա­­հիթ Էրեն եւ այն ժա­­մանա­­կուայ Վար­­չա­­­կան Խոր­­հուրդի ան­­դամներ՝ Զու­­հալ Իշիք, Մեհ­­տի Էօզ­­տե­­­միր, Սեր­­տար Էօզեր, Տի­­յար Ռիւքնետ­­տին Չե­­թիտիր, Էօյ­­քիւ Չաք­­մաք, Հա­­թիճէ Տե­­միր ներ­­կայ էին:

Դա­­տավա­­րու­­թեան հե­­տեւե­­ցան Տիար­­պե­­­քիրի Փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու Կա­­ճառի այժմու նա­­խագահ Ապ­­տիւլքա­­տիր Կիւ­­լեչ, Խոր­­հուրդի վար­­չա­­­կան ան­­դամնե­­րը, ինչպէս նաեւ Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու Միու­­թեան, Թուրքիոյ Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու Հիմ­­նարկի, Փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րը Ազա­­տու­­թեան Հա­­մար Ըն­­կե­­­րու­­թեան Տիար­­պե­­­քիրի մաս­­նա­­­ճիւ­­ղե­­­րու եւ «Հաք Ինի­­սիատի­­ֆի» կազ­­մա­­­կեր­­պութեան Տիար­­պե­­­քիրի ներ­­կա­­­յացուցչու­­թեան ղե­­կավար­­ներն ու ան­­դամնե­­րը:

Դա­­տավա­­րու­­թեան ժա­­մանակ դա­­տախա­­զու­­թիւնը «յան­­ցա­­­գոր­­ծութեան օրի­­նական տար­­րե­­­րը չկազ­­մո­­­ւելու» պատ­­ճա­­­ռով բո­­լոր մե­­ղադ­­րեալ­­նե­­­րու ար­­դա­­­րաց­­ման որո­­շում կա­­յաց­­նե­­­լը պա­­հան­­ջեց:

Նա­­հիթ Էրեն նշեց, որ իրենց նպա­­տակը Թուրքիոյ ան­­ցեալի հետ առե­­րեսո­­ւելը եւ ըն­­կե­­­րու­­թեան բո­­լոր հա­­սարա­­կական խնդիր­­նե­­­րուն ու­­շադրու­­թիւն դարձնելն է: Դա­­տարա­­նը յան­­ցա­­­գոր­­ծութեան օրի­­նական տար­­րե­­­րը չկազ­­մո­­ւելու պատ­­ճա­­­ռով բո­­լոր մե­­ղադ­­րեալ­­նե­­­րու հա­­մար ար­­դա­­­րացում վճռեց:

Տիար­­պե­­­քիրի Փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու Կա­­ճառը ար­­դէն նա­­խապէս ալ նոյն մե­­ղադ­­րանքով դա­­տուած եւ ար­­դա­­­րացուած էր:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ