Պոլսոյ երկու քահանաներուն աւագութեան պատիւ շնորհուեցաւ

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ 25 Փետրուար 2025, Երեքշաբթի առաւօտ կատարուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, իր շուրջն ունենալով Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը։

Ս. Պատարագը մատուցեց Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ սարկաւագներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարեցան քահանայից դասու անդամները, առաջնորդութեամբ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Բրկ. Էտվին Յարութիւն Սրկ. Կալիպեանի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Նորին Ամենապատուութիւնը իրենց քահանայական օծման քսանամեակին, աւագութեան պատիւ շնորհեց Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանին եւ Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեանին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ