Պապ Ֆրանցիսկոսի առողջական վիճակըp

Վատիկանի 26 Փետրուար շաբաթ օրուան յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ 88 տարեկան Պապին վիճակըուրբաթ օրուայ համեմատութեամբ աւելի վատթար է եւ արիւնի փոխներարկում կատարուած է։ Պապը արթուն է եւաթոռին վրայ նստած, սակայն «բարձր քանակութեամբ» թթուածինի կարիք ունի, եւ անոր կանխատեսումը«զգուշաւոր» է։ Պապ Ֆրանցիսկոս Հռոմի Ճեմելի հիւանդանոցին մէջ թոքերու բորբոքման պատճառով բուժում կըստանայ։ Վատիկանը նաեւ նշեց, որ արիւնի փոխներարկումը անհրաժեշտ համարուած է սակաւարիւնութեան հետկապուած թրոմբոցիտներու ցած քանակի պատճառով։

Յայտարարութեան մէջ ըսուեցաւ՝ «Պապին վիճակը կը շարունակէ ծանր մնալ, վտանգը չէ անցած»։ ՊապՖրանցիսկոս նախապէս հիւանդանոց տեղափոխուած էր Փետրուար 14-ին՝ շնչելու դժուարութեան պատճառով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ