Արա Տինքճեան անցաւ զեփիւռի նման

Ընդառաջելով Շիշլիի Քաղաքապետարանի եւ Ճեմալ Ռէշիտ Ռէյ համերգասրահի համատեղ հրաւէրին՝ անուանի երգահան եւ ուտահար Արա Տինքճան կրկին անգամ այցելեց քաղաքս։

Ինչպէս նախորդ անգամներ, այս անգամ ալ Տինքճեանի «Տը Սեքրըթ Թռիօ» եռեակի հետ սարքած համերգի տոմսերը սպառեցան համերգի թուականէն օրեր առաջ։ Իսկ Ֆերիգիւղի Եկեղեցւոյ Նազար Շիրինօղլու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ասուլիս մը, ժողովուրդի զանգուածային մասնակցութեամբ։

Այստեղ Տինքճեան ելոյթ ունենալով խօսեցաւ իր անցած երաժշտական ճանապարհի մասին։ Ուշագրաւ դրուագներ փոխանցեց երաժշտանոցի ուսման տարիներէն, «Քալան Միւզիք» ընկերութեան հիմնադիր Հասալ Սալթըքի հետ ունեցած հանդիպումներէն եւ մանաւանդ ալ թուրքիացի երաժշտասէրներու հետ մշակած յարաբերութիւններէն։ Տինքճեանի անգլերէն ելոյթը իսկոյն կը թարգմանուէր Մուսթաֆա Աւճըի կողմէ։ Զրոյցի աւարտին Արա Տինքճեան բեմ հրաւիրեց երաժիշտ Արի Հերկելը, որու կիթառի նուագակցութեամբ միասնաբար կատարեցին Արա Տինքճեանի հանրածանօթ յօրինումներէն նմոյշներ։      

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ