Պապական Նուիրակը զօրակցութեան այց տուաւ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքին

Կիրակի, 23 Փետրուար, 2025-ի առաւօտուն, Պապական Նուիրակ՝ Գերապայծառ Տ. Ատոլֆօ Արքեպիսկոպոս Տիտօ Ըլանայ, ընկերակցութեամբ իր առաջին քարտուղար՝ Հայր Նիկոլա Դի Պոնզիոյի՝ այցելեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցաւ Նորին Ամենապատուութիւն Տ․ Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հօր հետ։

Հանդիպմանը, որուն ներկայ էին նաեւ Սուրբ Աթոռոյս Կալուածոց տեսուչ՝ Գերաշնորհ Տ․ Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեան եւ Դիւանապետ՝ Հոգեշնորհ Տ․ Աղան Վարդապետ Գոգչեան՝ քննարկուեցաւ Երուսաղէմի քաղաքապետարանին կողմէ Հայոց Պատրիարքութեան գոյքի բռնագրաւման անարդար որոշման եւ Պատրիարքութեանս պարտադրուող անտրամաբանական ահռելի պարտքի հարցը։

Գերապայծառ Տ. Ատոլֆօ Արքեպիսկոպոս Տիտօ Ըլանայ իր մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Նորին Ամենապտուութեան եւ վստահեցուց, որ այս հարցին մէջ Վատիկանը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ Սուրբ Երկրի բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու կողքին է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ