Քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի որոշումով եւ Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, 19 Փետրուար, Չորեքշաբթի, ժամը 17.00-ին, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որու աւարտին՝ նոր հոգեւորականի կոչման հանդիսութեան։

Կանոնական ժամերգութեան աւարտին, խարտաւիլակ Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան, օժանդակութեամբ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանի, եկեղեցւոյ գաւիթէն դէպի դաս ծնրադիր առաջնորդեց ընծայեալ Բրշ. Արի Սրկ. Էքինճեանը։

Շարականներու երգեցողութեան հետ հանդիսադիր Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ կատարուեցաւ ընծայեալի մինչեւ այսօր ապրած կեանքի քննութեան, հաւատաքննութեան եւ քահանայութեան կոչման արարողութիւնը։ Ապա Նորին Սրբազնութիւնը յիշեցուց մեր եկեղեցւոյ դաւանանքն ու ուղղափառ վարդապետները, որոնց կ՚աշակերտի եւ պիտի աշակերտի նուիրեալը։ Հուսկ՝ Բրշ. Արի Սրկ. կարդաց հաւատքի ուղղափառ դաւանութիւնը։

Իսկ 20 Փետրուար, Հինշաբթի, Ս. Ոսկեան Քահանաներու տօնին, Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցեց Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան, սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ դպիրներ:

Արարողութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, վեղարաւոր միաբան հայրեր եւ քահանաներ։ Ներկայ էին նաեւ քաղաքիս Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Մոնս Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Արքեպս., Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպս., Լատին Եկեղեցիէն Հ. Անթոն Վրդ. Պուլայի։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպրաց կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Զէյֆիեանի։

«Զի ողորմած…» աղօթքէն առաջ, խարտաւիլակ Տէր Հայրը ու օժանդակ Տէր Հայրը Նորին Ամենապատուութեան առաջնորդեցին ընծայեալը։ Ծնրադիր ու սաղմոսներով գնացքը կանգ առաւ մեր Հոգեւոր Պետին առաջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ Արի Սրկ.ի ուրարը փոխակերպեց փորուրարի, ապա աղօթքներով հագուեցուց փիլոնը, սաղաւարտը, շուրջառը, յանձնեց պատարագիչի զգեստները։

Աւանդատան մէջ խարտաւիլակն ու սպասարկողներ զգեստները հագուեցուցին ընծայեալին եւ «Խորհուրդ խորին» շարականով բեմ առաջնորդեցին։

Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց ճակատը եւ անուանեց զայն Տ. Արսէն Քահանայ։ Ապա օծեց նաեւ աջ եւ ձախ ձեռքերը, տուաւ իրեն Ս. Պատարագ մատուցանելու իշխանութիւն։

Յետոյ Նորընծան տուաւ իր առաջին քահանայական ողջոյնը. «Խաղաղութիւն ամենեցուն»։

Պատրիարքը այստեղ քարոզեց «Եթէ մէկը ամբողջ աշխարհը շահի եւ իր հոգին կորսնցնէ, ի՞նչ շահած կ’ըլլայ» բնաբանով, ապա օրհնեց նորօծ Տ. Արսէն Քահանան եւ աւարտեցաւ օծման կարգը։

Սարկաւագի «Ողջոյն տուք միմեանց» քարոզէն ետք, սկսեալ բոլոր հոգեւորականները բեմ բարձրանալով իրենց առաջին ողջոյնը տուին նորընծային։

Ս. Պատարագի աւարտին, հաւատացեալներ դասուն մէջ մօտենալով շնորհաւորեցին նորօծ Տ. Արսէն Քահանան։

Ապա Պալաթու Թաղային Խորհուրդը սիրոյ սեղան սարքեց եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

Նորընծայ Տէր Հայրը իր կանոնական ապաշխարութեան քառասունքի շրջանը կը բոլորէ Պատրիարքարանի համալիրին մէջ, որմէ ետք պիտի մատուցանէ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։

Կենսագրութիւն Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճեանի

Ծնած է 1978-ին, Իսթանպուլ։ Որդին է Միսաքի եւ Պէյազի։ Կը մկրտուի Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։ Կ՚ուսանի Գարակէօզեան, ապա Պէզճեան Մայր վարժարաններուն մէջ։ Կը պարապի ոսկերչութեամբ: Զինուորական պարտականութիւնը կը կատարէ 1998-2000 շրջանին։ Կ’ամուսնանայ Լինտայի հետ եւ կ’ունենան երկու զաւակներ՝ Ժոզէֆ եւ Սիմոն: 2023-2025 շրջանին հետեւած է Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւոր լսարանին։ Հայ լեզուի վարժութիւնը զարգացնելու համար, միջոց մը կ’ուղարկուի Անթիլիաս:

Դպրութեան չորս աստիճանները կը ստանայ Պատրիարքէ, 18 Փետրուար 2024-ին, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Կիսասարկաւագ եւ սարկաւագ կը ձեռնադրուի Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ, 7 Ապրիլ 2024-ին, Աւետման Տօնին, Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։

Սարկաւագ ձեռնադրուելէ ետք Իզմիրի մէջ գործօն պաշտօն կը սկսի վարել եկեղեցական կեանքէ ներս:

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ