Կրթութեան Նախարարութեան «Ուսման Յատուկ Հաստատութիւններու Կանոնագիր»ի մէջ ըրած փոփոխութիւններով փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն շնորհուած փոխ տնօրէն եւ թրքերէն դասերու ուսուցիչներ ընտրելու իրաւունքը 3 Յունուար 2025-էն սկսեալ առկախուած է։
Այս որոշումը խոր մտահոգութիւն պատճառած է փոքրամասնութեանց դպրոցներու վարիչներուն։ Անոնք իրենց դժգոհութիւնը յայտնած էին Իսթանպուլի Կրթական Տնօրէնութեան։
Նախորդ շաբաթ Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան պատգամաւոր Սեւան Սըվաճըօղլու այս նիւթի մասին տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ուսման Յատուկ Հաստատութիւններու ընդհանուր տնօրէն Ֆեթհուլլահ Կիւնէրի հետ։
12 Փետրուար չորեքշաբթի օր, Թարգմանչաց Վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին, Կեդրոնականի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեան եւ Մխիթարան Վարժարանի տնօրէնուհի Եւա Օրաքեան եւս հանդիպում ունեցան Ֆեթհուլլահ Կիւնէրի հետ, մասնակցութեամբ Սեւան Սըվաճըօղլուի։
Հայոց վարժարաններու տնօրէնուհիները պահանջեցին ուսուցիչ պաշտօնակոչելու իրաւունքի վերահաստատումը։ Փոխադարձաբար ընդհանուր տնօրէնն ալ յայտնեց թէ չեն ուզեր փոքրամասնութեանց պատկանող դպրոցներուն նեղութիւն պատճառել։