Միացեալ Թագաւորութեան զետեղուած առաջին հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան

Փետրո­ւար 15-ին, դես­պան Վա­րու­ժան Ներ­սէ­սեան Գար­տի­ֆի մէջ մաս­նակցած է յու­շա­տախ­տա­կի մը բաց­ման արա­րողու­թեան, որ կը պա­տուէ անոնք որոնք նշա­նակա­լից դեր ու­նե­ցած են Կալ­լէ­սի կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան պաշտպա­նու­թեան ուղղո­ւած աշ­խա­տանքնե­րուն մէջ:

Հայ­կա­կան Հա­մայնքա­յին խոր­հուրդի կազ­մա­կեր­պած ձեռ­նարկը տե­ղի ու­նե­ցած է Գար­տի­ֆի Խա­ղաղու­թեան տա­ճարին մէջ, ուր կը գտնո­ւի Միացեալ Թա­գաւո­րու­թեան հան­րա­յին տա­րած­քին վրայ զե­տեղուած առա­ջին Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շարձա­նը:

Ձեռ­նարկին ներ­կայ եղած են Գար­տի­ֆի քա­ղաքա­պետու­հի Հե­լըն Լոյտ Ճոնզ, երես­փո­խան­ներ՝ Ճե­սիքա Մոր­տըն եւ Ճե­նի Ռեթ­պոն, ինչպէս նաեւ Կալ­լէ­սի հայ հա­մայնքի ան­դամներ:


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ