12 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 7-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, շրջանիս հոգեւոր հովիւին նախագահութեամբ, եկեղեցւոյ սարկաւագներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ, նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսին տաճար ընծայման տօնը՝ Տեառնընդառաջը: Կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, Տեառնընդառաջի նախատօնակ, ապա կատարեց մանուկներու ընծայումը Ս. Խորան՝ «Քրիստոս Փառաց Թագաւոր...» շարականին երգեցողութեամբ։ Ս Խխորանէն լոյսը առնելով վարեց ժողովուրդին մոմերը իբրեւ Քրիստոսի լոյս՝ զայն տարածելու համայն աշխարհին։
Արարողութեան աւարտին, հոգշ. Հայր սուրբը եկեղեցւոյ սպասաւորներուն ընկերակցութեամբ, թափօր կազմած, ուղղուեցաւ վառելու աւանդական խարոյկը: Ընթացքին, «Համազգային»ի «Կիլիկիա» պարախումբը ճոխացուց մթնոլորտը՝ կրակին շուրջ շուրջպար բռնելով: