«Իթիմաթ Պիւրոյի» շուրջ յարատեւ տարակարծութիւն

Ինչպէս ծա­նօթ է պոլ­սա­հայու­թիւնը որ­դեգրած էր բա­րի աւան­դոյթ մը, որու հա­մաձայն յու­ղարկա­ւորու­թիւննե­րու ըն­թացքին փո­խան ծաղ­կեպսա­կի նո­ւիրա­տուու­թիւններ կը կա­տարո­ւէր հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րուն։

Սոյն նո­ւիրատ­ւութիւննե­րը գան­ձե­լու եւ ապա նշո­ւած հաս­տա­տու­թեան փո­խան­ցե­լու գոր­ծընթա­ցը ստանձնած էր յա­տուկ ըն­կե­րու­թիւն մը։ «Իթի­մաթ Պիւ­րոյ» անուն այդ ըն­կե­րու­թիւնը մա­տու­ցած ծա­ռայու­թեան փո­խարէն ի պահ կը դնէր կա­տարո­ւած նո­ւիրատ­ւութեան տա­սը տո­կոսը։ Շուրջ տա­րի մը առաջ զա­նազան շրջա­նակ­նե­րէ բո­ղոք­ներ հնչե­ցին այդ հաս­տա­տու­թեան դէմ որոշ զեղ­ծա­րարու­թեան պնդումնե­րով։ Այս զար­գա­ցումնե­րու վրայ ըն­կե­րու­թիւնը դադ­րե­ցուց իր աշ­խա­տան­քը՝ բայց ուղղո­ւած մե­ղադ­րանքնե­րը ու­նե­ցան յա­րատեւ բնոյթ։

Վեր­ջա­պէս Պատ­րիար­քա­րանը 7 Փետ­րո­ւարին մե­ղադ­րող եւ մե­ղադ­րո­ւող կող­մե­րը մէկ­տե­ղեց ժո­ղովի մը ձե­ւաչա­փով, բայց այստեղ եւս կա­րելի չե­ղաւ յստակ հա­մոզու­մի մը յան­գիլ։

Պար­տինք նշել թէ մե­ղադ­րանքներն ալ զուրկ են փաս­տա­ցի տո­ւեալ­նե­րէ եւ աւե­լի շատ կը ներ­կա­յանան բամ­բա­սանքնե­րու բնոյ­թով։

Ցա­ւալին այն է՝ որ «Իթի­մաթ Պիւ­րո­յի» կա­տարած առա­քելու­թիւնը շա­րու­նա­կելու հա­մար լու­ծում մը չէ գտնո­ւած, որու հե­տեւան­քով ալ խիստ նո­ւազած են կա­տարո­ւած նո­ւիրատ­ւութիւննե­րը։ Խնդի­րը այս երե­սակով կը պար­զէ հա­մայնքա­յին խո­չըն­դոտ մը եւ ցարդ չէ ձե­ւաւո­րուած ակնկա­լու­թիւննե­րու գո­հացում տո­ւող լու­ծում մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ