Էսաեան Սանուց Միութեան վարչութիւնը կը մեղադրուի զեղծարարութեամբ

Ինչպէս թա­ղակա­նու­թիւննե­րու պա­րագա­յին, Էսաեան Սա­նուց Միու­թե­նէ ներս ալ նա­խորդ շրջա­նի վար­չութեան դէմ դատ բա­ցած են։ Միու­թեան հինգ ան­դամներ առար­կած են 3 Մա­յիս 2023-ի ընտրու­թե­նէն առաջ ան­դա­մացան­կե­րու այժ­մէակա­նացու­մը չի­րակա­նաց­նե­լու մե­ղադ­րանքով։

Դա­տարա­նը 29 Յու­նո­ւարի նիս­տին մի­ջան­կեալ որո­շում կա­յացուց, պա­հան­ջե­լով 3 Մա­յիս 2023-ին կա­յացած ընդհա­նուր ժո­ղովի օրի­նակա­նու­թեան հաս­տա­տու­մը։

Այս որո­շու­մէն ետք միու­թեան վար­չութիւ­նը ըն­կե­րային ցան­ցե­րու իր հա­շիւ­նե­րէն լու­սա­բանու­թիւն մը հրա­պարա­կեց եւ ըսաւ թէ հա­սարա­կու­թեան կոչ ուղղած են ան­դա­մակ­ցութիւննե­րու այժմէակա­նաց­ման հա­մար։ Ար­դէն խնդի­րը ճիշդ ալ այս կէ­տին է որ կը ծա­գի, քա­նի որ ան­ցեալին վար­չութեան մաս կազ­մած Սո­նա Մեն­թե­շէ, Թա­լին Փա­փազեան, Մա­րի Աք­պաշ, Թա­լին Աշ­չը եւ Լեռ­նա Փա­փազեան ճիշդ ալ այդ կո­չին ըն­դա­ռաջե­լով պա­հան­ջած են իրենց ան­դա­մակ­ցութեան վե­րահաս­տա­տու­մը։ Սա­կայն այս պա­հան­ջը չէ իրա­կանա­ցած եւ անոնք չեն կրցած մաս­նակցիլ 3 Մա­յիս 2023-ի ընտրու­թեան։

Այժմ կը սպա­սուի դա­տարա­նի նշա­նակած մաս­նա­գէտ­նե­րու հե­տազօ­տու­թիւննե­րուն եւ ապա պար­տաստո­ւելիք տե­ղեկագրին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ