Ոճիրը կը շարունակէ խաւարի մէջ մնալ

7Փետրո­­ւարին կա­­յացող դա­­տական նիս­­տը աւար­­տե­­­ցաւ 9 պե­­տական պաշ­­տօ­­­նեանե­­րու ցկեանս բան­­տարկու­­թեան վճի­­ռով։ Հրանդ Տին­­քի սպա­­նու­­թեան գոր­­ծին մէջ տար­­բեր պաշ­­տօններ զբա­­ղեց­­նող բարձրաս­­տի­­­ճան ոս­­տի­­­կան­­ներ, զի­­նուո­­րական­­ներ եւ լրա­­քաղու­­թեան բաժ­­նի գոր­­ծիչներ նա­­խապէս դա­­տուած եւ որոշ պա­­տիժ­­նե­­­րու ար­­ժա­­­նացած էին։ Վճռա­­բեկ Ատեանը առար­­կած էր այդ պա­­տիժ­­նե­­­րէն ոմանց դէմ եւ դա­­տավա­­րու­­թիւնը վերսկսած։

7 Փետ­­րո­­­ւարի նիս­­տին մե­­ղադ­­րեալ­­նե­­­րը մեր­­ժե­­­ցին իրենց վե­­րագ­­րո­­­ւած յան­­ցանքնե­­րը եւ պա­­հան­­ջե­­­ցին որ ան­­պարտ հռչա­­կուին։ Սա­­կայն դա­­տական նիս­­տի աւար­­տին դա­­տակազ­­մը հաս­­տա­­­տեց նա­­խապէս կա­­յացած վճիռ­­նե­­­րը։

Տինք ըն­­տա­­­նիքի իրա­­ւապաշտպան Հիւլյա Տե­­վէճի «Ակօս»ին յայ­­տա­­­րարու­­թիւններ տա­­լով ափ­­սո­­­սանք յայ­տնեց թէ ի դէմ 9 ցկեանս բան­­տարկու­­թեան Հրանդ Տին­­քի ոճի­­րը կը շա­­րու­­նա­կէ խա­­ւարի մէջ մնալ։ «Ամ­­բաստա­­նագի­­րը կ՚ըսէ թէ ոճի­­րը գոր­­ծո­­­ւած է կազ­­մա­­­կեր­­պեալ ձե­­ւով։ Բայց յայտնի չէ դար­­ձած թէ ով­­քե՞ր եւ ինչպէ՞ս կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­ցին ու աւար­­տին բե­­րին այս ոճի­­րը» ըսաւ Հիւլյա Տե­վէճի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ