Երբ ոմանք շունչերը բռնած մեծ ակնկալութիւնով կը սպասեն 15 Փետրուարին Իմրալըէն հնչելիք կոչին, անդին երկրէ ներս քիւրտերու քաղաքական կեանքը կրկին անգամ կը ոտնակոխուի իբրեւ թէ ահաբեկչութեան անհիմն մեղադրանքներով։
Բոլորովին քաղաքականացած դատական համակարգը Դեմոկլեան թուրի մը նման կը ճօճուի ՏԵՄ կուսակցութեան նուաճած քաղաքապետարաններու վերեւ։
Այս ծիրէն ներս վերջին ծանր հարուածը վիճակուեցաւ Վանի համաքաղաքապետ Ապտուլլահ Զէյտանին։ Զէյտան ահաբեկչութեան քարոզչութիւն մեղադրանքով 3 տարի 9 ամիս ազատազրկման դատապարտուեցաւ։
Այս որոշումը բնականաբար լուրջ հակազդեցութիւն գործեց Վանի մէջ, ուր ցուցարարներ փողոց իջան ընտրուած քաղաքապետին զօրակցութիւն յայտնելու։
Նոյն օր Իսթանպուլի դատախազութիւնն ալ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան ՏԵՄ-ի հետ գործակցելով նուաճած քաղաքապետարաններու մէջ բերման ենթարկեց երու փոխ քաղաքապետներ եւ քաղաքապետական խորհուրդի եօթը անդամներ։
Դատախազութիւնը վերոնշեալ համագործակցութիւնը յանցագործութիւն ըլլալով մեկնաբանած է։
Վերլուծաբաններ լրջօրէն կը դժուարանան մէկ կողմէ երկխօսութեան եւ հետզհետէ խաղաղութեան գործընթացի մը առկայութեան պայմաններուն նման զարգացումները մեկնաբանելու։