Աքսել Պեշիրեան բարձր ցատկի մէջ դարձաւ Իսթանպուլի առաջինը

Թուրքիոյ մարմնա­մար­զի դաշ­նակցու­թեան կող­մէ, Աթա­գիւ­ղի մար­զասրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած Իս­թանպու­լի փոք­րե­րու առաջ­նութեան ծի­րէն ներս, Շիշ­լի մար­զա­կումբէն Աք­սել Պե­շիրեան հա­սաւ ծա­փահա­րելի յա­ջողու­թեան մը։ Ան բարձր ցատ­կի մէջ դար­ձաւ Իս­թանպու­լի առա­ջինը, հաս­նե­լով 1,32 սմ. բարձրու­թեան։ Բաց աս­տի, ան Իս­թանպու­լի եր­րորդը հան­դի­սացաւ հառացատ­կի մէջ, հաս­նե­լով 4,09 սմ. հե­ռաւո­րու­թեան։ Աք­սել Պե­շիրեան մար­զո­ւած էր Հա­քան Կիւ­նարթա­նի կող­մէ։

Նոյն մրցա­շար­քին մաս­նակցե­ցան նաեւ Շիշ­լիի մար­զիկնե­րէն Ռոյ Լու­քաս Պա­քըր­ճը, Մա­րէ Եաշ­կիւչլիւ­քալ եւ Նա­րէ Եաշ­կիւչլիւ­քալ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ