Վերակերտել

Սուրբ Խաչ Դպրե­վան­քի սա­նուց միու­թիւնը վեր­ջերս ծրագ­րած է վար­ժա­րանի եր­դի­քի տակ ճաշ­կե­րոյթնե­րու ձե­ւաչա­փով հան­դի­պումներ։

Պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակի բնա­կան հե­տեւանքնե­րէն մէկն ալ եղած է ըն­կե­րային կեան­քի զգա­լի ցա­մաքու­մը։ Նա­խապէս պոլ­սա­հայ հա­սարա­կու­թեան մէջ զա­նազան խմբակ­ցութիւններ բազ­մաբնոյթ մի­ջոցա­ռումնե­րով կ՚ապա­հովէին ըն­կե­րային որոշ եռու­զեռ։ Օրի­նակի հա­մար Բա­րեկեն­դա­նը յար­մար առիթ մը կը դառ­նար տար­բեր միու­թիւննե­րու իրենց եր­դի­քին տակ կամ այ­լուր մի­ջոցա­ռումներ կազ­մա­կեր­պե­լուն։ Ար­գե­լափա­կումնե­րով լե­ցուն հա­մավա­րակի օրե­րը կա­սեցու­ցին այդ սո­վորու­թիւննե­րը, պատ­ճառ դառ­նա­լով ձանձրա­լի մե­կու­սացման։

Թէեւ այդ մե­կու­սա­ցու­մը խթա­նող կա­րեւոր գոր­ծօն մըն ալ տնտե­սական առ­կայ ծանր պայ­մաններն են։ Պար­տինք տես­նել թէ աշ­խա­տավարձքե­րը հետզհե­տէ կը կորսնցնեն իրենց գնե­լու կա­րողու­թիւնը հա­մատա­րած սղա­ճի դի­մաց։

Բո­լոր այս պայ­մաննե­րու տակ Դպրե­վան­քի սա­նուց միու­թեան նա­խաձեռ­նութիւ­նը նոր աշ­խուժու­թիւն մը կը պար­գե­ւէ առ­նուազն այդ մի­ջավայ­րի ան­դամնե­րու առու­մով։

Առա­ջին ան­գամ 11 Յու­նո­ւար 2025 շա­բաթ օր, վար­ժա­րանի եր­դի­քին տակ մէկ­տե­ղուե­ցան 1959-ի եւ յա­ջոր­դող հինգ տա­րինե­րու, նաեւ 1992-ի եւ յա­ջոր­դող հինգ տա­րինե­րու շրջա­նաւարտնե­րը, իրենց ըն­տա­նիք­նե­րով։ Այս ձե­ւաչա­փը ինքնա­բերա­բար կը կամրջէր սե­րունդներ, որոնք իրա­րու հետ կի­սելու գլխա­ւոր առար­կայ ու­նէին իրենց այնքան թան­կա­գին վար­ժա­րանը։

Այս առա­ջին հան­դի­պու­մին առ­թած բարձր տրա­մադ­րութիւ­նը խրա­խու­սեց միու­թեան վա­րիչ­նե­րը, յա­ջորդ հան­դի­պու­մին հա­մար։

Այժմ Սուրբ Խաչ Դպրե­վան­քի սա­նուց միու­թիւնը ճշդած է յա­ջորդ հան­դիպման թո­ւակա­նը։ Այսպէս դպրե­վանքցի­ներ 22 Փետ­րո­ւար շա­բաթ օր դար­ձեալ պի­տի մէկ­տե­ղուին իրենց վար­ժա­րանին մէջ։ Այս մէկ­տե­ղու­մին պի­տի մաս­նակցին 1974 եւ յա­ջոր­դող չորս տա­րինե­րու, ինչպէս նաեւ 2007 եւ յա­ջոր­դող չորս տա­րինե­րու հունձքը։

Միու­թեան վար­չութիւ­նը երա­նու­թեամբ կը յի­շէ վար­ժա­րանի եր­բեմնի կար­կա­ռուն ու­սուցիչ­նե­րէն Վա­հան Աճե­մեանի որ­դեգրած բա­րի սո­վորու­թիւնը։ Պա­րոն Աճե­մեան իւ­րա­քան­չիւր տա­րեվեր­ջին մէ­կական գիրք կը նո­ւիրէր իր սա­ներուն։ Այ­սօր ալ նա­խաձեռ­նութեան կազ­մա­կեր­պիչնե­րը հա­ւաք­ման աւար­տին կը սի­րեն իրենց հիւ­րե­րը ճա­նապար­հել «Դպրե­վան­քի պա­յու­սակ»նե­րով, որոնց մէջ տե­ղադ­րո­ւած է Վահ­րամ Թոր­գո­մեանի «Մո­ռացեալ Ան­ցեալը», Զա­քարիա Միլ­տա­նօղ­լո­ւի «Ար­մա­շի Ճամ­բորդու­թիւնը» գիր­քե­րը եւ դպրո­ցական պար­բե­րաթերթ «Փիւ­նիկ»էն օրի­նակ մը։

Ըն­կե­րային կեան­քի վե­րակերտման առու­մով շա­հեկան այս հա­ւաքոյթնե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին յա­ռաջի­կայ ամիս­նե­րուն եւ առիթ ընդձե­ռեն դպրո­ցական յու­շե­րու դար­մացման եւ սե­րունդնե­րու մի­ջեւ կա­մուրջներ կա­պելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ