Միջոցառման հետեւեց եւ «Ակօս»ի համար խմբագրեց՝
ՀՐԱՆԴ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Գերմանիոյ մէջ լոյս տեսաւ նոր գիրք մը, որ ի մի կը բերէ հայ գրականութեան անցեալ դարի առաջատար բանաստեղծներու եւ գրողներու ստեղծագործութիւնները։
«Քսաներորդ Դարը՝ քերթուածք եւ արձակ Հայաստանէն» խորագրով հրատարակուած գիրքին մէջ տեղ կը գտնեն թէ արեւմտահայ թէ արեւելահայ մտաւորականներուն գլուխգործոցները, որոնք կը բնորոշեն ազգային եւ համամարդկային գաղափարներու ներդաշնակ զուգակցումը։
Թարգմանաբար գերմաներէն լեզուով հրատարակուած գիրքը հաւաքածոյ մըն է, որ կ՛ընդգրկէ 33 բանաստեղծներու երկերը։
Շուրջ 230 էջերէ բաղկացած գիրքին գերմաներէն թարգմանութիւնը ստանձնած է Պերլինի «Frei» համալսարանի դասախօս, բանասէր Տքթ. Ժիրայր Քոչարեան։
Թարգմանութեան աշխատանքի աւարտին լրացուցիչ լուսաբանութեամբ գիրքը վերաշարադրած է գերմանացի բանասէր եւ ընկերաբան Դքթ. Թեսա Հոֆման, ով մի շարք այլ գիրքերու եւս հեղինակն է։
Հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները որպէս հաւաքածոյ ընթերցողին կը ներկայացուին եօթը հիմնական վերնագրերու ներքեւ, փորձելով պարզելու հետեւեալ հարցման պատասխանը, որ մատնանշուած է գիրքի շապիկին վրայ.
«Հայերու համար քսաներորդ դարը ամենաողբերգականն էր, ողբերգութիւններով հարուստ իրենց պատմութեան մէջ։ Ան բերեց զանգուածային աւերածութիւններ եւ պատմական բնակավայրի գրեթէ ողջ կորուստ, երկու համաշխարհային պատերազմներու եւ Խորհրդային բռնապետութեան տակ մնացած հայրենիքի բաժանում։ Հայ գրողները ինչպէ՞ս դիմագրաւեցին կեանքի ու հայրենիքի կորուստի այս սրընթաց յաջորդականութիւնը, որ միայն կարճ ժամանակով ընդհատուած է ունայն յոյսով։ Ի՞նչը անոնց ոյժ եւ վստահութիւն տուաւ»։
Հարցո՛ւմ, որ կարելի է ընկալել այժմէական, յատկապէս Արցախեան կորուստէն յետոյ։ Ենթադրելի է որ գիրքի հեղինակները այս պատճառով չէն զլացած Արցախեան եռագոյնը եւս աւելցնել գրաշապիկին։
Գիրքի ներկայացման առթիւ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ կազմակերպուեցաւ շնորհանդէս մը։ 1 Փետրուար 2025 Շաբաթ երեկոյ մայրաքաղաքի Հայտան մէջ տեղի ունեցած միջոցառման մասնակցեցան գիրքի զոյգ հեղինակներ Տքթ. Ժիրայր Քոչարեան եւ Տքթ. Թեսա Հոֆման, տեղւոյն համայնքի անդամներ, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր։ Հանդիսաւորութեան բացման խօսքը արտասանեց տիկին Սոնա Այփէր, որ իր խօսքին մէջ կարեւորեց հրատարակուած նոր գիրքի ներդրումը, հայկական մշակոյթի անբաժանելի մաս կազմող հայ գրականութիւնը գերմանախօս հանրութեան հասանելի դարձնելու գործին մէջ։
Միջոցառման ընթացքին գիրքի հեղինակները հայերէն եւ գերմաներէնով ընթերցումներ կատարեցին Դանիէլ Վարուժան, Մկրտիչ Պէշիքթաշլեան, Պարոյր Սեւակ, Եղիշէ Չարենց, Յովհաննէս Թումանեան, Սիլվա Կապուտիկեան եւ գիրքի մէջ լոյս տեսած այլ հայ գրողներու ստեղծագործութիւններէ հատորներ։
Հանդիսաւորութեան աւարտին տեղի ունեցած ընդունելութեամբ ներկաները առիթը ունեցան գիրքի հեղինակներուն հետ զրուցելու եւ տպագրուած նոր գիրքով անոնցմէ ստորագրութիւն ստանալու։