ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Լրագրող եւ մօտ անցեալի կարեւոր իրադարձութիւններու մասին հրատարակած գիրքերով ծանօթ Սերտար Քորուճու, այս անգամ ընթերցողներուն կը ներկայանայ նոր հատորով մը։
Վերջերս «Արաս» հրատարակչատան մատենաշարէն լոյս տեսաւ ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը։
12 Սեպտեմբեր 1980 թուականի զինուորական հարուածի օրերուն Թուրքիոյ հայոց դէմ գործադրուող քաղաքական, ընկերային եւ դատական ճնշումները այս ուսումնասիրութեան շնորհիւ առաջին անգամ ըլլալով կը պարզուին հասարակութեան։
Երկու գլխաւոր բաժիններէ բաղկացող գիրքի առաջին հատուածը ընդհանուր նկարագրականի մը բնոյթը ունի։ Հեղինակը այս բաժնի մէջ զանազաններու կարծիքները մէկտեղելով կը նկարագրէ 1970-ականներու երկրորդ կէսէն սկսելով Թուրքիոյ մէջ հակահայ քարոզչութեան ծաւալումը։
Քորուճու սոյն քարոզչութեան մեկնակէտ որպէս, կը ներկայացնէ 76-ամեայ Մկրտիչ Եանըքեանի Լոս Անճելըսի մէջ երկու թուրք դիւանագէտներ սպաննելու դէպքը։
Եանըքեան, ոճիրը գործելէ ետք այդ սպանդը բացատրած էր իբրեւ ցեղասպանութեան վրէժ։
Արդարեւ Եանըքեանի կոչը արժանացաւ արձագանգներու եւ ԱՍԱԼԱ-ի անունով գործուած ոճիրները իրար յաջորդեցին։
Սերտար Քորուճու այդ օրերու հայատեաց հալածանքները կը ներկայացնէ մամլոյ խորագիրներով։ Այդ տարիներու զանգուածային լրատուամիջոցները իրենց սլաքները ուղղած էին հայ ժողովուրդին, որուն անբաժան մասնիկն էր նաեւ երկրի հայ փոքրամասնութիւնը։
Այդ նոյն շրջանին Թուրքիոյ դէմ յստակ դիրքորոշում մըն ալ ձեւաւորուած էր եւրոպական երկիրներու մօտ, յատկապէս ալ կիպրական հարցի զուգահեռութեամբ։ ԱՄՆ-ի զինամթերքի արտածման առումով հռչակած շրջափակումին յաջորդեց եւրոպական երկիրներու վիզայի պարտադրութիւնը։ Եթէ այլ պատժամիջոցներ տարիներու ընթացքին համեմատաբար մեղմացան, վիզայի պարտադրանքը ալ աւելի սաստկանալով կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը։
Քորուճուի գիրքին երկրորդ հատուածը յատկացուած է վկայութիւններու։ Այս բաժնի մէջ 12 Սեպտեմբերի յաջորդող օրերուն, անհիմն մեղադրանքներով բերման ենթարկուած հայերու հարազատները կը պատմեն զանազան վկայութիւններ։ Այս հատուածի միջոցաւ առաջին անգամ գիրքի մը էջերուն վրայ կը յայտնուին այնպիսի դրուագներ, որոնք ցարդ չեն յիշուած ամենամտերիմներու շրջանակին մէջ անգամ։
Հանրածանօթ այդ դէմքերու մէջ յատկապէս կ՚առանձնանայ Հայր Մանուէլ վարդապետ Երկաթեան եւ պատուելի Հրանդ Կիւզելեան։ Երկու նուիրեալ անուններ, որոնք ենթարկուեցան ծանր տանջանքներու, որոնց հետեւանքով կորսնցուցին նաեւ մարմնի առողջութիւնը։
Իսքենտերունի, այլ անուանմամբ Ալեքսանտրեդի սանճաքի անկումէն, Մուսա Լերան հայերու զանգուածային գաղթէն, Շաբաթօրեայ մայրերու երկարատեւ դիմադրութենէն ետք դարձեալ պատմութեան մոռացութեան թողուած նիւթ մը, նոր վկայութիւններով կը ներկայանայ հանրութեան։
Քորուճու, իր այս ու նման ուսումնասիրութիւններով, բացի անմիջական ընթերցողներէ, կարեւոր ենթահող մը կը պատրաստէ ապագայի հետազօտիչներուն համար։ Այս ալ յաւելեալ արժէք կը բերէ կատարուած աշխատութեան։
25 Յունուար Շաբաթ յետմիջօրէին, Եսայեան միութեան մէջ կայացաւ գիրքի շնորհանդէսը, բազմաթիւ գրասէրներու ներկայութեամբ։ Այս առթիւ Սերտար Քորուճու, Բագրատ Էսդուգեան եւ Լուիզ Պաքար ելոյթ ունենալով արտայայտուեցան գրքի նախապատրաստութեան շրջանին եւ ապա ամբողջական պատումին կարեւորութեան շուրջ։
Աւարտին ցանկացողներուն համար հեղինակը մակագրեց իր վերջին գործը։