Քաղաքական դէմքերու բերման ենթարկուելու, ապա ձերբակալուելու վերջին օրինակը հանդիսացաւ «Յաղթանակ Կուսակցութեան» պետ Իւմիթ Էօզտաղ։
Էօզտաղ բերման ենթարկուեցաւ Անգարա, ճաշարանի մը մէջ ճաշած պահուն։ Ոստիկանները պաշարեցին փողոցը, եւ ապա հսկողութեան տակ առին կուսակցապետը։
Շուտով պարզուեցաւ թէ Դատախազութիւնը զինք կը մեղադրէր «ահաբեկչութեան դէմ պայքարի» պատճառաբանութեամբ։ Բժշկական քննութենէ ետք Էօզտաղ ցամաքային ճամբով ղրկուցաւ Իսթանպուլ եւ հարցաքննուելէ ետք ձերբակալուեցաւ ու դրուեցան Սիլիվրիի Արգելանոցը։
Հետզհետէ սովորական դարձած է Ժողովուրդի մէկ մասին դէմ ատելութեան գրգռութիւն բացատրութեամբ սահմանուած օրէնքի յօդուածը, որ ի գործ կը դրուի ընդդիմադիր շրջանակներուն։
Էօզտաղ ծանօթ է մանաւանդ սուրիացի գաղթականներու դէմ վանողական ու մերժողական դիրքորոշումով։