Անգարա բարձր կը գնահատէ երկու յանցագործի արտայանձնման մէջ Հայաստանի ցուցաբերած գործակցութիւնը

Թուրքիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնը իր պաշ­տօ­նական էջին վրայ անդրա­դարձած է կազ­մա­կեր­պո­ւած յան­ցա­գոր­ծութեան մէջ ներգրա­ւուած եր­կու ան­ձե­րու Հա­յաս­տանէն Թուրքիոյ ար­տա­յանձնման` բարձր գնա­հատե­լով այս հար­ցին մէջ Հա­յաս­տա­նի ցուցա­բերած գոր­ծակցու­թիւնը:

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնը հա­ղոր­դած էր, որ Հա­յաս­տա­նը Թուրքիոյ ար­տա­յանձնած է եր­կու ան­ձեր, որոնք Թուրքիոյ մէջ ներգրա­ւուած եղած են կազ­մակեր­պո­ւած յան­ցա­ւորու­թեան մէջ: «Ար­ձա­գան­գե­լով «Ին­թերփոլ»ի Կար­միր ծա­նու­ցումով ներ­կա­յացո­ւած խնդրան­քին` 19 Յու­նո­ւար 2025-ին Հա­յաս­տա­նը Թուրքիոյ ար­տա­յանձնած է եր­կու ան­ձեր, որոնք Թուրքիոյ մէջ ներգրա­ւուած եղած են կազ­մա­կեր­պո­ւած յան­ցա­ւորու­թեան մէջ», նշո­ւած էր Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ:

Թուրքիոյ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խարար Ալի Եր­լի­քայան յայտնեց, որ Էր­ճան Եըլ­մազն ու Իպ­րա­հիմ Քայ­մա­քը Հա­յաս­տա­նէն Թուրքիա տե­ղափո­խուած են թրքա­կան ոս­տի­կանութեան կող­մէ, Եըլ­մա­զը կազ­մա­կեր­պո­ւած յան­ցա­գործ խումբի ղե­կավար է, իսկ Քայ­մա­քը` խումբի ան­դամ, անոնք Թուրքիոյ մէջ հա­մապա­տաս­խա­նաբար առ­նո­ւազն 15 եւ 6 տա­րուան բան­տարկու­թեան կրնան են­թարկուիլ:


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ