Թերթիս հիմնադիր եւ հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Հրանդ Տինք, սպանութեան 18-րդ տարելիցին առթիւ, ոգեկոչուեցաւ իր նահատակութեան վայրին՝ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան առջեւ։ Այս տարի եւս կայացած ոգեկոչման հանդէսին մասնակցեցաւ ստուար բազմութիւն մը։ Տարուան յիշատակութեան խօսքը արտասանեց Հրանդ Տինքի բարեկամներէն Թագուհի Թովմասեան։ Թովմասեան. « Ի՞նչ էր Հրանդ Տինքի մեղքը։ Կասկածի տեղ չկայ։ Մարդասիրութիւնը ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու, խօսքի ազատութեան հանդէպ հաւատքը եւ աւելին՝ երկու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան հաստատումը եւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին բացումը ցանկանալը։ Այդ բոլորին վրայ մէյմնալ իբրեւ Աստուածատուր շնորհք, խօսակիցները համոզելու կարողութիւնը» ըսաւ։
Հոգիս Հրանդս, հոգիս եղբայրս
Այդ սոսկալի 19 Յունուար ուրբաթ 2007 թուականէն այս կողմ 18 տարիներ անցան։ Ամէն տարի 19 Յունուարին, քեզ ոգեկոչելու համար հազարաւոր եղբայրներդ այստեղ հաւաքուեցան։ Ամէն տարի քեզի համար ալ շատ սիրելի անձեր այս պատշգամբէն քեզի ձայնեցին։ Քու մարդասիրութենէն, հայրենասիրութենէն, արդարութեան, ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան եւ ազատութեան հանդէպ նուիրումէդ ճառեցին։ Անիծեցին քեզի դէմ բարձրացող ձեռքերը։ Անիծեցին այդ ձեռքերը պատրաստող ենթահողը։ 18 տարիներ անձ միասնաբար կը շարունակենք ատելու։ Սիրելի եղբայրս, իմ բարի Հրանդս քու այնքան սիրելի ընկերներդ՝ Հրանդի ընկերները խմբակը ուզեցին որ, այս տարի ես ձայնեմ քեզի։ Ինչպէ՞ս մ՛չ կրնայի ըսել։ Ես որ «Արաս»ի, «Ակօս» այդ հրաշալի երիտասարդներուն ոչ մէկ պահանջին ոչ ըսած եմ։ «Անշուշտ» ըսի։ Ըսի բայց եկուր ինծի հարցուր։ Հին կամ նոր չի տարբերիր, վիշտը վիշտ է։ Կածես քու վիշտդ անբաւարար ըլլար, նոր եղբօր կորուստ մը եւս ապրեցայ։ Քառասուն օր առաջ Թոմօն բերին Պալըքլը։ Ձեռքերովս թաղեցի Թովմասեաններու ծոցին։ Քեզմէ քանի մը քայլ հեռու է միայն։ Թորգոմ Պէշիքթաշլեանի դամբարանէն քիչ անց, հայ նահատակներու յուշարձանի կողքին Սարգիս Չերքեզեանն է։ Ձեր հարեւանութիւնով է Միսակ Մեծարենցը, Կարպիս Ճանճիքեանը։ Ղազարոս Պապիս, Թագուհի մեծմօրս որդիները՝ Սարգիսի ու Պետրոսի, անոնց հարսերուն՝ Սիլվարթի ու Մարիին, կարճ խօսքով Թովմասեաններուն կողքին կը հանգչի Թոմօն ալ։
Ամէն անգամուն որ գերեզման այցելեմ, ամէն անգամ որ անոնց հոգւոյն համար հրուշակ կը խարկեմ Մարտիկ հօբարի կսկիծը կ՚այրէ սիրտս։ Հոգիս Հրանդս մեր սրտերու ուրախութիւնն ալ, թախիծն ալ նոյնացած էր քեզի հետ։ Բայց կարծես թէ ուրախութիւնները աւելի նուազ վիշտերը աւելի շատ էին։ Երբ կը մէկտեղուէինք տխուր երգեր կը թափէր մեր շրթներէն։ Ռաքէլի մեզ բոլորս փշաքաղող այդ թրթռուն ձայնով երգած երգերը։
«Ես պլպուլ եմ մի բուն ունեմ։
Մի բուն ունեմ սիրուն է։
Սիրտս բոց է, սիրտս խոց է,
Մէջը լիքն արիւն է»։
Այդ երգերով մեր նախնիներու 100 տարուայ, 150 տարուայ պատմութիւններն են որ լեզու կը գտնեն։
Սերունդէ սերունդ փոխանցուած այս ողբերգերուն վերջ տալու ցանկութիւն մը ծագաւ իմ մէջ։ 20 տարի առաջ էր յիմարի քաջութիւն կ՚երեւի։ Մոռցայ, անտեսեցի այն իրողութիւնը, ուր իւրաքանչիւր 10 կամ առաւելագոյն 20 տարին անգամ մը նոր վիշտեր պատճառելու համար ծրագիրներ կը բեմադրուի այս երկրին մէջ։ Թագուհի մեծմօրմէս հօրս՝ Պետրոսին անկէ ալ ինծի փոխանցուած խղճի խայտ մըն է այս։ Վճռեցի որ 90 տարի ետք, ես այդ խղճի խայտը չփոխանցեմ իմ որդիներուն։ Անոնք այս հողերուն վրայ պայծառ օրեր թող ապրին եւ 100 տարի առաջուան պատահարները մեզի պէս չյիշեն։
Ի՞նչ է Թագուհի մեծմօրս խղճի խայթը։
Չորլուցի Թագուհի մեծ մայրիկս 20-ական տարիքներու վերջերուն համաձայներ է մեծ հօրս՝ Ղազարոսի հետ ամուսնանալու։ Ղազարոս պապիկս նախապէս ամուսնացած է եղեր Սոփիկ անուն գեղուհիի մը հետ։ Ունեցեր են երեք զաւակներ՝ Մարտիկը, Կարպիս եւ Աղաւնին։ Այդ տարիներուն Իսթանպուլ եկել եւ Ետիգուլէ թաղը հաստատուեր են։ Եկուր տես որ Սոփիկը երիտասարդ տարիքին մահացեր է Թոքաղտի հետեւանքով։ Երեք զաւակներով ամուրի մնացած Ղազարոս պապիկս որոշեր է կրկին ամուսնանալ։ Ազգականներու միջոցաւ առաջարկ գացեր է Թագուհիին, որու հետ խօսկապ ըրեր են։ Ղազարոս Թագուհին չխրտչեցնելու համար թագցրեր է երեք զաւակներէն մէկը։ Նոր հարսը երբ Չորլուէն Ետիգուլէ կը հասնի կ՚ընդվզի այս խաբկանքին դէմ. «Ինծի երկու զաւակ ունի ըսիք ընդունեցի, եթէ երեք ըսէիք դարձեալ կ՚ընդունէի, բայց կը տեսնեմ որ ինծի խաբել ուզեցիք։ Երկու զաւակները կը պահեմ իմ զաւակներուս պէս, բայց չեմ ընդունիս երրորդը։
Թագուհի մեծմայրս յարգեր է իր խօսքը եւ Ղազարոսի երկու զաւակները խնամեր է առանց խտրականութեան։ Ինք եւս ծներ է երկու որդիներ 1911-ին հայրս Պետրոսը եւ 1913-ին հօրեղբայրս Սարգիսը ծներ են։ Թագուհի մեծմօրս ուրախութիւնը հազիւ 5-6 տարի տեւեր է։ Վրայ հասեր է այդ անիծեալ 1915 թուականը։ Գիտեմ թէ «Ի՞նչ եղեր է որ» հարցնողներ պիտի ըլլան։ Ատանան, Սեբաստիան, Կեսարիան, Վանը, Կարինը, Երզնկան, ո՞ւր Թրաքիոյ, Չորլու, Սիլիվրի, Ռոտոսթօ, Մալգարան ո՞ւր։ Չէ որ պատերազմի շրջակայքի հայերը իրենց անվտանգութեան համար պիտի տեղահանուէին։ Ո՞ր տրամաբանութիւնով կը բացատրուի ամբողջ ազգ մը պատժելու միտող քաղաքականութիւնը։ Կարճ կապեմ տակաւին մանուկ հասակի Մարտիկ հօրեղբայրս բոլոր չորլուցիներու եւ Թրաքիոյ հայերու հետ միասին տեղահան եղած են պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն աքսոր կոչուած այդ ճամբորդութեան մասնակցելով։ Թագուհի մեծմայրս այդ օրէն ետք երբեք օր չէ տեսած։ Որդիները մեծցուցած է, բայց միտքը միշտ Մարտիկով տանջուած։
Ամիսներ, նոյնիսկ տարիներ ետք Թագուհի մեծմայրս միշտ յուսած էր որ օր մը ողջ առողջ պիտի գտնէ Մարտիկը։ Ամէն միջոց փորձած, ամէն տեղ հարցուցած, բայց ոչ մէկ նշոյլ գտած էր։ Մարտիկը մեծցած ըլլալու է կը խորհէր։ Ո՞վ գիտէ որո՞ւ զաւակը եղած է։ Թերեւս թուրք, թերեւս քիւրտ եղած է։ Թերեւս ալ ամերիկացի պատուելիներու որբանոցը մեծցած է…։ Մեծմայրս Մարտիկին մեռած ըլլալու հաւանականութիւնը երբեք չէր մտաբերած։ 1957-ին, 80 տարեկան հասականի երբ մահացաւ հազիւ այն ատեն խաղաղեցաւ խղճի խայթը։
Հայրս Պետրոս ստանձնեց մօրմէն ժառանգած խղճի խայթը։ Աշխարհի տարբեր երկիրներուն նամակներ գրեց, չորլուցի եղբօրը հետքը որոնելու համար։ Ան ալ այդ խղճի խայթով 1975-ին անդենական գնաց։ Այդ ծանր ժառանգը ինծի թողելով։ 23 տարեկան էի, երբ հօրս հոգւոյն համար հրուշակ կը խարկէի։ Դժուար էր, շատ արտասուեցի այդ օր։ Յետոյ գիւտ մը ըրի յանկարծակի։ Սկսայ հօրս հետ զրուցելու։ Կածես կենդանի ըլլար, կարծես դիմացս նստած ըլլար, հարցումներ ուղղեցի մեռած հօրս եւ ինքս պատասխանեցի այդ հարցումները։ Այդ զրոյցներով խաղաղեցայ կարծես։ Երբ որ հրուշակ խարկեմ ան եւ անոր սիրածները կը յիշեմ եւ ինծի այնպէս կը թուի թէ այս զրոյցները հօրս ալ հաճելի կու գայ անդենականի մէջ։
Հասանք 1915-ի 80-ամեակին։ Հօրս եւ սիրածներուս հոգւոյն հրուշակ խարկելու պահուն Մարտիկ հօբարս յիշեցի։ Այլեւս ժամանակը եկած էր մեծ մօրմէս եւ հօրմէս ժառանգած այդ խղճի խայթէն ձերբազատուելու։ Չէի ուզեր որ այդ ժառանգը ինձմէ ետք որդիներուս փոխանցեմ։ Մարտիկ հօբարս նոյնիսկ եթէ վերապրած ըլլար այլեւս տարիքի բերմամբ մեզի հետ չէր կրնար ըլլալ։ Դիմեցի ամենալաւ գիտցածիս եւ անոր համար ալ հրուշակ խարկեցի։ Որու որ մատուցեցի խնդրեցի որ Մարտիկ հօբարս ալ յիշատակեն։ Այսպէսով Թագուհի մեծմօրս տակաւին կոպտացող ոսկորները պիտի խաղաղուին, հայրս պիտի փակէ բաց մնացած աչքը եւ ամենակարեւորը՝ որդիներս պիտի խնայեմ այդ ծանր ժառանգը ստանձնելէ։
Ապրեցայ, եւ թէ հոգիս թեթեւցաւ կարծես։ 2007-ի Յունուար ամիսն էր, ամսու 19 , ուրբաթ օր մը, ճիշդ այս ժամերուն, ճիշդ այս տեղ սպանեցին հոգիս Հրանդը…։ Կը թողային որդիներուս, եղբօրորդիներուս, բոլոր երիտասարդներուն վրայ։ Կը ցանկայի որ անոնք այլեւս չլսեն մեր մեծերուն մեզի փոխանցած վիշտերը։ Այս գեղեցիկ երկրին մէջ ապրինք ազատ ու համարձակ։ Վա՛յ իմ յիմար լաւատեսութիւնս։ Օր ցերեկով, Իսթանպուլի կեդրոնին բոլորիս աչքերուն առջեւ սպաննեցին հայ լրագրողը։
Ի՞նչ էր մեղքը։ Կասկածի տեղ չկայ։ Մարդասիրութիւնը ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու, խօսքի ազատութեան հանդէպ հաւատքը եւ աւելին՝ երկու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան հաստատումը եւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին բացումը ցանկանալը։ Այդ բոլորին վրայ մէյմնալ իբրեւ Աստուածատուր շնորհք, խօսակիցները համոզելու կարողութիւնը։
Հոգիս Հրանդս 18 տարի անց ինչպէս Թագուհի մեծմայրիս չէր հաւատած Մարտիկ հօբարի մահուան ես ալ չեմ կրնար հաւատալ քու մահուն։ Անոր համար է որ քեզի համար խրուշակ մը չեմ խարկած։ Վերջապէս երազանք մը նպատակադրեցի, որու շնորհիւ մխիթարութիւն գտնել կը փորձեմ։ Ե՛ս սիրելի եղբայրս կը խոստանամ քեզի եթէ օր մը այդ քու երազած իրականացման համար սիրտ ու միտք մաշեցուցած, շունչ սպառած այդ սահմանադուռը… Եթէ օր բացուի Թագուհի մեծմօրմէս մնացած պղնձեայ սանը պիտի առնեմ, այդ անցակէտի վրայ հրուշակ պիտի խարկեմ։ Քու երազած այդ օրը ես արդեօք պիտի տեսնե՞մ։ Եթէ մինչեւ այդ կենդանի մնացած եմ պիտի կատարեմ ուխտս։ Այս խորհուրդը կը մխիթարէ զիս։ Նոյնիսկ երբեմն կը ոգեւորում, երազանքս կը ծաւալեմ եւ ոչ թէ միայն մէկ սան, այլ տասնեակ կաթսաներով հրուշակ խարկել կ՚երազեմ։ Այս հողերուն վրայ գաղափարի մը սիրուն, երազանքի մը սիրուն, վերջին շունչը փչողներով հոգւոյն խաղաղութեան համար…։
Սիրելի եղբայրս, երբ քեզի հետ նստած նման երազներ կը հիւսէինք, ինչպէ՞ս կը փայլատակէր աչքերդ, ինչպէ՞ս խինդով կը լցուէր սիրտդ։ Աչքերուս առջեւ կը կենդանանան պատկերդ հիմա։ Յետոյ կը վերադառնամ իրողութեան։ Կը յիշեմ խօսքերդ. «Այս երկրին մէջ աղաւնիներուն չեն դպչիր» կ՚ըսէիր։ Յետոյ տեսանք թէ ինչեր պատահեցաւ։ Ոչ տարիքէս, ոչ ալ առողջութենէս կասկած ունիմ։ Բայց դարձեալ կը մտածեմ թէ ես այդ օրերուն չեմ արժանանար։ Մի գուցէ դուք կրնաք տեսնել այդ օրերը խորհելով կը կտակեմ։ Վերցուցէք սաները գացէք Կարսի սահմանագծին եւ սահմանի երկու կողմին բաժնեցէք այդ հրուշակը։ Այս ալ բաւարար չէ։ Գացէք բոլոր սահմանագծերուն Հապուր, Սարփ, Իփսալա, Քափըքուլէ Քարքամըշ, Ճէյլափընար… Ձեր գիտցած բոլոր լեզուներով, աղօթքներով խարկեցէք հրուշակը։ Բաժանեցէք սահմաններու բոլոր կողմերուն։
Այս երազանք անգամ սիրտս զովացուց։ Կը մաղթեմ որ դուք իրականը ապրիք։
Շնորհակալութիւն բոլորիդ։