Յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստան Հնդկաստանէն Trajan հրազէն պիտի գնէ

«Էքոնոմիք Թայմս»ը  կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ ամիսներուն, Հայաստան Հնդկաստանէն 155 մմ. տրամաչափի Trajan քարշակային հրետանային հրազէնի՝ գագաթնահար կրակով խմբաքանակ մը պիտի գնէ: 

Ըստ «Էքոնոմիք Թայմս»ի՝ այս զինատեսակը կ՛արտադրուի հնդկական Larsen & Toubro ընկերութեան կողմէ՝ ֆրանսական արտօնագիրով, եւ հրետանային այդ համակարգին առաւելագոյն հեռահարութիւնը 39 քիլոմեթր է:

Կ՚ուզենք նշել թէ Երեւան եւ Տելհի այդպիսի գործարքի մը մասին պաշտօնապէս դեռ յայտարարութիւն մը չեն հաղորդած:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ