Իմ կաթոգին սիրած տղայ… Աւետիք Իսահակեան

ԱՆՆԱ ՍԱՐՈՅԵԱՆ

Այս տա­րի՝ Նո­յեմ­բե­րի 27-ին, մեր օրե­րու լա­ւագոյն գրա­­կանա­­գէտ, բա­­նասի­­րական գի­­տու­­թիւննե­­րու տոք­­թոր, փրո­­ֆէսոր, ՀՀ արո­­ւես­­տի վաս­­տա­­­կաւոր գոր­­ծիչ, մեծ վար­­պետ՝ Աւե­­տիք Իսա­­հակեանի թոռ՝ Աւիկ Իսա­­հակեան նշեց իր ծննդեան 80-ամեակը։

Աւիկ Իսա­­հակեանը ծնած է 1944 թո­ւակա­­նի Նո­­յեմ­­բե­­­րի 27-ին Երե­­ւան։ Ու­­սա­­­նած եւ աւար­­տած է Երե­­ւանի Պե­­տական Հա­­մալ­­սա­­­րանի բա­­նասի­­րական ֆա­­կուլտե­­տի ժուռնա­­լիս­­տի­­­կայի բա­­ժինը, այ­­նուհե­­տեւ Մոս­­կո­­­վայի Մաք­­սիմ Կոր­­քիի անո­­ւան Հա­­մաշ­­խարհա­­յին գրա­­կանու­­թեան աս­­պի­­­րան­­տուրան։ Կ՚աշ­­խա­­­տի ՀՀ ԳԱԱ Մա­­նուկ Աբե­­ղեանի անո­­ւան գրա­­կանու­­թեան ինստի­­տուտ, եղած է բնագ­­րա­­­գիտու­­թեան բաժ­­նի վա­­րիչ, 2008-2015 թթ.`ինստի­­տու­­տի տնօ­­րէն։ Աւիկ Իսա­­հակեանի ամե­­նակա­­րեւոր գոր­­ծը Իսա­­հակեանի ակա­­դեմիական հա­­տոր­­նե­­­րու հրա­­տարա­­կու­­թիւնն է։ Մօտ 20 մե­­ծադիր հա­­տորը հրատարակելու համար Գրա­­կանու­­թեան ինստի­­տու­­տի տեքստա­­բանու­­թեան բա­­ժինը անոր ղե­­կավա­­րու­­թեամբ կ՚աշ­­խա­­­տի գիտ­­նա­­­կան­­նե­­­րու հրա­­շալի խումբ մը։

Աւիկ Իսա­­հակեանը հե­­ղինակն է նաեւ բազ­­մա­­­թիւ գրքե­­րու, գրած է ար­­ձակ հրա­­շալի պատ­­մութիւններ ոչ միայն Վար­­պե­­­տի, այ­­լեւ սի­­րելի տա­­տի՝ տի­­կին Սո­­ֆիայի, մեր քա­­ղաքի ու անոր ճանչցո­­ւած մարդկանց մա­­սին`մեզ վե­­րադարձնե­­լով մեր քա­­ղաքի պատ­­մութիւ­­նը, փո­­խան­­ցած Վար­­պե­­­տի ցաւն ու տագ­­նա­­­պը Սե­­ւանին սպառ­­նա­­­ցող վտան­­գով գրե­­լով Սե­­ւանայ կղզին գիր­­քը: Երե­­ւանի վեր­­ջին 70-80 տա­­րուայ պատ­­մութիւ­­նը իմաս­­տա­­­ւորած է իր` «Երե­­ւանը երա­­զում եւ արթմնի» գրքի մէջ։

Աւե­­տիք Իսա­­հակեանի տուն-թան­­գա­­­րանի աշ­­խա­­­տակից Ան­­նա Սա­­րոյեան գե­­ղեցիկ զրոյց մը ու­­նե­­­ցաւ անո­­ւանի գրա­­կանա­­գէտի հետ։

Ա.Ի.- Կը ցան­­կա­­­նայի խօսքս սկսիլ Պոլ­­սէն, քա­­նի որ մայրս՝ Իզա­­պել­­լան, ծնած էր հէնց այնտեղ։ Պո­­լիսը ինձ հա­­մար առա­­ջին հեր­­թին Այա Սո­­ֆիայի քա­­ղաքն է։ Մեր մե­­ծերէն Պա­­րոնեանը, Օտեանը, Սիաման­­թօն, Վա­­րու­­ժա­­­նը, Զոհ­­րա­­­պը, Զար­­դա­­­րեանը, Հայր Կո­­միտա­­սը, Թե­­քէեանը կա­­պուած եղած են Պոլ­­սի հետ եւ Պո­­լիսը անոնց հա­­մար չէ եղած օտար մի պե­­տու­­թիւն, այլ Հա­­յաս­­տա­­­նի մի հա­­տուած։ Այ­­սօր ալ աշ­­խարհի մէջ գտնո­­ւող պոլ­­սա­­­հայ միու­­թիւննե­­րը լա­­ւագոյններն են եւ կը շա­­րու­­նա­­­կեն հայ­­կա­­­կան Պոլ­­սոյ աւանդներն ու հպարտ են դրա­­նով։ Ցա­­ւօք սրտի ես չեմ եղած Պո­­լիս, բայց այն ինձ հա­­մար աշ­­խարհի գե­­ղեցիկ քա­­ղաք­­նե­­­րէն է եւ հա­­յերն այնտեղ իրենց մշտա­­կան դրոշմն ու­­նե­­­ցած են, յատ­­կա­­­պէս Պա­­լեան ճար­­տա­­­րապետ­­նե­­­րու ըն­­տա­­­նիքը։ Ան­­տեղ հնչած են Կո­­միտա­­սի կա­­տարումնե­­րը, ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծած են Վա­­րու­­ժա­­­նը, Դու­­րեանը, Սիաման­­թօն, Ռու­­բէն Սե­­ւակը. թանկ անուններ։ Պա­­պիկիս հա­­մար թանկ ըն­­կեր էր Ադոմ Յար­­ճա­­­նեանը՝ Սիաման­­թօն, որու ող­­բերգա­­կան մա­­հուան մա­­սին միշտ կը պատ­­մէր, իր ճե­­մարա­­նական ըն­­կե­­­րը՝ Կո­­միտաս Վար­­դա­­­պետը։

Պա­­պիկս՝ Աւե­­տիք Իսա­­հակեանը, 1911-էն մին­­չեւ 1912 թիւ ամա­­ռը ապ­­րած է Պո­­լիս եւ հէնց այստեղ առա­­ջին ան­­գամ տպագ­­րած է իր «Աբու-Լա­­լա Մա­­հարի» պոէմը։ Եւ կրնանք հա­­մարել, որ Պո­­լիսը «Աբու-Լա­­լա Մա­­հարի» պոէմի ստեղծման, տպագրման առա­­ջին հայ­­րե­­­նիքն է։

Այ­­սօր ալ հա­­յերը Իս­­թանպու­­լի մէջ ու­­նին իրենց ու­­րոյն դե­­րը, կ՚ապ­­րին մշա­­կու­­թա­­­յին կեան­­քով, ու­­նին սե­­փական թեր­­թը, եկե­­ղեցին, դպրո­­ցը, նոյ­­նիսկ ազ­­գա­­­յին հի­­ւան­­դա­­­նոցը։

Ա.Ս.- Ինչպէ՞ս կը զգայ Աւիկ Իսա­­հակեանը իրեն 80 տա­­րեկա­­նին։

Ա.Ի.- Դժո­­ւար է ըսել։ Հի­­մա մենք նստած ենք այն շէն­­քը, որ­­տե­­­ղէն ես գա­­ցի 20 տա­­րեկա­­նին, բայց կը թո­­ւի, թէ երեկ էր։ Մարդկա­­յին կեան­­քը ասու­­պի պէս արագ կ՚անցնի եւ մար­­դը կը մտա­­ծէ, կ՚երա­­զէ, թէ ամէն ինչ կը հասցնէ, որ կեան­­քը յա­­ւերժ է։ Ես ինքս ալ չեմ հա­­ւատար, որ 80 տա­­րեկան եմ։ Հի­­մա ես կը յի­­շեմ, որ պա­­պիկիս 80-ամեակն նշած էինք այս տան ­­մէջ, ես կը զար­­մա­­­նայի, 80 տա­­րեկան, ի՜նչ պատ­­կա­­­ռելի տա­­րիք, պա­­պիկս ալե­­հեր, բայց այ­­սօր ես կը հասկնամ, որ ոչ մի դժո­­ւար բան չկայ։ Կա­­րեւո­­րը, որ մարդ հա­­ւատայ իր ու­­ժե­­­րուն, երա­­զանքնե­­րուն եւ իր ազ­­գի ապա­­գային։ Ես մեծ յոյս կը տա­­ծեմ մեր ժո­­ղովուրդի ապա­­գայի հան­­դէպ, որով­­հե­­­տեւ հրա­­շալի սե­­րունդ ու­­նինք։ Եւ կ՚ու­­զեմ լա­­ւատե­­սօրէն խօսքս աւար­­տել. Մեր ժո­­ղովուրդը միշտ եղած է ու­­ժեղ, ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծող եւ ես ալ, որ­­քան ու­­ժերս կը նե­­րէ կը ծա­­ռայեմ հայ գրա­­կանու­­թեանը, Վար­­պե­­­տի յի­­շատա­­կի պահ­­պանմա­­նը եւ իմ սի­­րելի ժո­­ղովուրդին։

Ա.Ս.- Սի­­րելի՛ Վար­­պետ, «Ակօս»ի անու­­նէն սրտանց կը շնոր­­հա­­­ւորենք ձեր ծննդեան 80-ամեակը եւ կը ցան­­կա­­­նանք, որ հայ գրա­­կանա­­գիտա­­կան եւ գրա­­կան մտքի կեն­­սո­­­լոր­­տէն չպա­­կասի ձեր ներ­­կա­­­յու­­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ