Երազանք մըն է համընդհանուր համերաշխութիւնը

Երբ ՏԵՄ կու­սակցու­թեան պա­տուի­րակու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ իր շփումնե­րուն, զա­նազան կու­սակցու­թիւննե­րու հետ հան­դի­պումներ ու­նե­նալով։ Անոնք բա­ցի Խորհրդա­րանի մէջ ներ­կա­յացուցչու­թիւն ու­նե­ցող կու­սակցու­թիւննե­րէ, հան­դի­պումներ ու­նե­ցան այլ քա­ղաքա­կան հար­թակնե­րու հետ։ Կար­ծիքներ շօ­շափե­լու առու­մով այ­ցե­լեցին ՀՏՓ կու­սակցու­թեան նա­խորդ հա­մանա­խագահ­ներ՝ Սե­լահատ­տին Տե­միր­թա­շը եւ Ֆի­կեն Եիւքսեք­տա­ղը։ Հան­դի­պում մը ու­նե­ցան նաեւ Ամի­տայն նախ­կին քա­ղաքա­պետ, այժմ քաղ­բանտար­կեալ Սել­չուք Մըզ­րաքլըի հետ։

Պա­տուի­րակու­թիւնը այս շփումնե­րէն ետք կը պատ­րաստո­ւի Իմ­րա­լը կղզիի մէջ կրկին ան­գամ հան­դի­պիլ Քիւրտիս­տա­նի Բա­նուո­րական Կու­սակցու­թեան հիմ­նա­դիր Ապ­տուլլահ Էօճա­լանի հետ։

Միւս կող­մէ կա­ռավա­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րը նոյն թա­փով կը շա­րու­նա­կեն ընդդի­մադիր կու­սակցու­թիւննե­րէ ընտրուած քա­ղաքա­պետնե­րու վրայ ճնշումներ բա­նեց­նել։ Այդ ռազ­մա­վարու­թեան վեր­ջին զո­հը կը դառ­նայ Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղաքա­պետ Ռը­զա Աք­փո­լաթը։

Ան լու­սա­ծագի գոր­ծո­ղու­թիւնով մը բեր­ման են­թարկո­ւեցաւ քա­ղաքա­պետա­րանի գոր­ծունէու­թեանց մէջ օրէն­քի զան­ցա­ռումնե­րու մե­ղադ­րանքով։ Այս դէպ­քէն հա­զիւ շա­բաթ մը առաջ էր, որ դար­ձեալ բեր­ման են­թարկո­ւած էին այս ան­գամ Մեր­սին քա­ղաքի Աք­տե­նիզ գա­ւառի հա­մաքա­ղաքա­պետ­նե­րը։ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը իրենց տեղ իբ­րեւ տե­ղապահ պաշ­տօ­նի կո­չեց նոյն գա­ւառի գա­ւառա­պետը։

Ընդդի­մադիր շրջա­նակ­ներ, յատ­կա­պէս Ժո­ղովրդա­հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան վեր­նա­խաւը խստօ­րէն կը դա­տապար­տեն կա­տարո­ւած անօ­րինու­թիւնը, զգու­շացնե­լով թէ պաշ­տօ­նազրկման այս ար­շա­ւը ի վեր­ջոյ կը մի­տի Իս­թանպու­լի քա­ղաքա­պետ Էք­րեմ Իմա­մօղ­լուն եւս պաշ­տօ­նանկ ընե­լու։

Բո­լորին ծա­նօթ երե­ւոյթ է թէ նման գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը որ­քան ալ իբ­րեւ թէ դա­տախազ­նե­րու հրա­մանով կա­տարուին, նոյնն է, բո­լորին ետին կայ իշ­խող քա­ղաքա­կան կամ­քը։ Առ­հա­սարակ ան­հիմն եւ շին­ծու մե­ղադ­րանքնե­րով մեկ­նարկող այս դա­տական գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը բա­ցար­ձա­կապէս հե­ռու են իրո­ղու­թիւննե­րէ։

Իշ­խա­նու­թեան հա­լածան­քեն ար­ժա­նի բա­ժինը կը ստա­նան նաեւ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը։

Իս­թանպու­լի Դա­տախա­զու­թեան որո­շու­մով դատ բա­ցուած է այս քա­ղաքի Փաս­տա­բան­նե­րու Կա­ճառի նո­րըն­տիր վար­չութեան դէմ։ Կը պա­հան­ջո­ւի այս վեր­ջիննե­րուն եւս պաշ­տօ­նան­կութիւ­նը։

Հե­տեւա­բար հա­մընդհա­նուր խա­ղաղու­թեան բո­լոր ակնկա­լու­թիւննե­րը ի սպառ կը մնան տի­րող բռնա­կալու­թեան դի­մաց։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ