Հարաւային Գալիֆորնիա դժոխքը կ՚ապրի

Հարա­ւա­յին Գա­­լիֆոր­­նիոյ զա­­նազան շրջան­­նե­­­րուն մէջ Յու­­նո­­­ւար 7-ին ծայր առած եւ տա­­կաւին շա­­րու­­նա­­­կուող հրդե­­հը պատ­­ճառ դար­­ձած է տաս­­նեակ հա­­զարա­­ւոր բնա­­կիչ­­նե­­­րու տար­­հանման։ Այդ ծի­­րէն ներս՝ Ալ­­թա­­­տինա­­յի, Փա­­սատի­­նայի, Լա Գա­­նիատա­­յի, Գրե­­սեն­­թա հո­­վիտի եւ հիւ­­սի­­­սային Կլեն­­տէյլի մէջ ապ­­րող հա­­զարա­­ւոր հայ ըն­­տա­­­նիք­­ներ եւս հար­­կադրո­­ւած են իրենց բնա­­կարան­­նե­­­րը լքե­­լու։ Այս երե­­ւոյ­­թը պատ­­ճառ դար­­ձած է աւա­­զակու­­թեան եւ գո­­ղու­­թեան դէպ­­քե­­­րու։

Տե­­ղական իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը նման յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը կան­­խե­­­լու հա­­մար դի­­մած են գի­­շերա­­յին ժա­­մերուն փո­­ղոց ել­­լե­­­լու ար­­գելքի դրու­­թեան։ 

Մինչ այդ հրդե­­հէն վնա­­սուած են նաեւ հայ­­կա­­­կան կարգ մը հաս­­տա­­­տու­­թիւններ։ Անոնց մէջ կը յի­­շուի Սա­­հակ Մես­­րոպ դպրո­­ցը, որ հրոյ ճա­­րակ դար­­ձած էր հրդե­­հի առա­­ջին օրն իսկ։ 

Հրդե­­հին վայ­­րե­­­րուն մէջ գտնո­­ւող հայ­­կա­­­կան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րը փա­­կուած են։

Մեր պաշ­­տօ­­­նակից «Աս­­պա­­­րէզ»ի հա­­մաձայն՝ Ազ­­գա­­­յին առաջ­­նորդա­­րանը յայ­­տա­­­րարած է, թէ Փա­­սատի­­նայի, Կլեն­­տէյլի, Մոն­­թե­­­պել­­լո­­­յի եւ Էն­­սի­­­նոյի իր եկե­­ղեցի­­ները բաց են՝ ըն­­դունե­­լու հա­­մար այն ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րը, որոնք են­­թարկո­­ւած են տար­­հանման: Արեւմտեան Ամե­­րիկա­­յի ՀՅԴ-ն եւս յայ­­տա­­­րարած է, թէ խնդրոյ առար­­կայ շրջան­­նե­­­րուն մէջ գտնո­­ւող իր կեդ­­րոննե­­րը բաց են հրդե­­հին պատ­­ճա­­­ռով ապաս­­տա­­­նի կա­­րիք ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րուն առ­­ջեւ։ Միւս կող­­մէ Քար­­տա­­­շեան ըն­­տա­­­նիքն ալ մաս­­նակցած է մար­­դա­­­սիրա­­կան ար­­շա­­­ւին, յատ­­կա­­­պէս սնունդ ապա­­հովե­­լով աղէ­­տեալ ժո­­ղովուրդին։ 

Յու­­նո­­­ւար 14-ին, ըստ վեր­­ջին հա­­շուեկ­­շի­­­ռի մը՝ կար առ­­նո­­­ւազն 26 մե­­ռեալ։

Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով ան­­յայտ կո­­րած­­նե­­­րու մա­­սին ոս­­տիակա­­նու­­թեան հա­­սած դի­­մումնե­­րը, իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը կը կան­­խա­­­տեսեն թէ մե­­ռեալ­­նե­­­րու թի­­ւը կրնայ բարձրա­­նալ յա­­ռաջի­­կայ օրե­­րուն եւս։

Միւս կող­­մէ հա­­սարա­­կու­­թեան տար­­բեր շեր­­տե­­­րէն բո­­ղոք­­ներ ու դժգո­­հու­­թիւններ կը լսո­­ւին հրդե­­հի դէմ պայ­­քա­­­րի առու­­մով։ Շա­­տեր կը պնդեն թէ հրշէջ­­նե­­­րը ան­­պատրաս­­տի գտնո­­ւած են նման աղէ­­տի դի­­մաց։

Վեր­­ջա­­­պէս յայտնի դար­­ձած է թէ բնու­­թեան ազ­­դա­­­կը գե­­րակ­­շիռ եղած է եւ ամէն ինչ կա­­խեալ է քա­­միի սաստկու­­թե­­­նէն, ու­­ղիէն եւ յա­­րատե­­ւու­­թե­­­նէն։

Հա­­րաւ Գա­­լիֆոր­­նիոյ տա­­րած­­քին տի­­րող աղէ­­տը նիւ­­թա­­­կան ծանր վնաս մըն ալ պար­­զած է, լուրջ դժո­­ւարու­­թեան մատ­­նե­­­լով ապա­­հովագ­­րութեան ըն­­կե­­­րու­­թիւնները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ