Թուրքիոյ հրէից ռաբունապետ Իզակ Հալեվա մահացաւh

Լուրը հաղորդող «Շա­լոմ» թեր­թը կը տե­ղեկաց­նէ թէ Հա­լեվա 2002 թո­ւակա­նէն այս կողմ ստանձնած էր Թուրքիոյ հրեայ հա­մայնքի հո­գեւոր առաջ­նորդի պաշ­տօ­նը։ Հա­լեվա նաեւ ու­սուցչա­գոր­ծած էր Պոլ­սոյ հրեայ վար­ժա­րան­նե­րու մէջ, դա­սաւան­դե­լով կրօնք, բա­րոյա­գիտու­թիւն եւ եփ­րա­յերէն։

Ան բազ­մա­թիւ յօ­դուած­ներ գրած էր նիւթ ու­նե­նալով հրէից աս­տո­ւածա­բանու­թիւնը եւ Թո­հայի պա­տուի­րան­նե­րը։ Ան բա­ցի եփ­րա­յերէ­նէ կը տի­րապե­տէր նաեւ թրքե­րէնի, ֆրան­սե­րէնի, անգլե­րէնի, արա­մերէ­նի եւ հին սպա­ներէ­նէն սե­րած լա­տինօ լե­զու­նե­րուն։

Ռաւ Իզակ Հա­լեվա ամուսնա­ցած էր եւ ու­նէր չորս զա­ւակ­ներ։

Հա­լեվա­յի յու­ղարկա­ւորու­թիւնը պիտի կատարուի 16 Յու­նո­ւար հինգշաբ­թի օր, Նե­վէ Շա­լոմ սի­նակո­կի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ