Տաղաւարի այցելութիւն Մալաթիոյ եւ Էլազըղի մեր

Ս. Ծննդեան եւ Աս­տո­ւածա­յայտնու­թեան տօ­նին առ­թիւ, Հա­թայի հո­գեւոր հո­վիւ եւ գա­ւառի տե­սուչ Արժ. Տ. Աւե­տիս Քհնյ. Թա­պաշեան, 10 Յու­նո­ւար 2025, ուրբաթ, մեկ­նե­ցաւ Մա­լաթիա։ Հո­վուա­կան ու­ղե­ւորու­թեան ըն­թացքին, Տէր Հօր կ’ըն­կե­րանար Իս­կենտէ­րու­նի Ս. Քա­ռասուն Ման­կունք Եկե­ղեց­ւոյ Ծխա­կան խոր­հուրդի ատե­նապետ Բրկ. Եու­սուֆ Ուր. Դպ. Թա­շապեան։

Տէր Հայ­րը յա­ջորդ առա­ւօտ, Մա­լաթիոյ Հա­յոց Գե­րեզ­մա­նատան Ս. Յա­րու­թիւն Մատ­րան մէջ Ս. Պա­տարագ մա­տու­ցեց, որու ըն­թացքին քա­րոզեց նիւթ ու­նե­նալով յոյ­սը եւ ըսաւ, որ մարդ արա­րածի հա­մար անհրա­ժեշտ է յոյ­սը որ քրիս­տո­նէու­թեան երեք հիմ­նա­կան պայ­մաննե­րէն է։ Տեղ­ւոյն հա­մայնքի յի­շողու­թեան մէջ դեռ թարմ է երկրա­շար­ժի դառն ազ­դե­ցու­թիւնը։ Տէր Հայ­րը ըսաւ, որ ամէն օր հա­ւատա­ցեալին հա­մար նոր յոյս է եւ մեր մե­ծագոյն յոյ­սը նոյ­նինքն Տէր Յի­սուս Քրիս­տոսն է։ Ան, մե­զի հա­մար աշ­խարհ եկաւ։ Այ­սօր՝ Ս. Ծննդեան եւ Աս­տո­ւածա­յայտնու­թեան տօ­նին առ­թիւ այս է որ կը նշենք։ Տէր Հայ­րը ապա ներ­կայ հա­ւատա­ցեալ­նե­րուն հա­ղոր­դեց Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան հայ­րա­կան օրհնու­թիւննե­րը։

Արա­րողու­թեան մաս­նակցե­ցան տեղ­ւոյն փոք­րա­թիւ հայ հա­մայնքի ան­դամնե­րը, ինչպէս նաեւ Իս­թանպու­լէն ժա­մանած բնիկ մա­լաթիացի­ներ՝ Գէորգ Էօզ­գա­րակէօզ եւ Խոս­րով Քէօլէ­դաւի­թօղ­լու։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տարա­գի՝ ի նշան Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի Յոր­դա­նան գե­տի մէջ մկրտու­թեան, կա­տարո­ւեցաւ ջրօրհնէք, կնքա­հայ­րութեամբ տեղ­ւոյն երի­տասարդնե­րէն Արէտ Պո­յաճըի։

Ապա կա­տարո­ւեցաւ պաշ­տօն՝ Մա­լաթիոյ մեր հա­ւատա­ցեալ հան­գուցեալ­նե­րու հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։ Մա­հուան քա­ռաս­նից լրման առ­թիւ շիր­մին շուրջ յի­շատա­կուե­ցաւ Տէր Հօր մօ­րաքոյ­րը՝ Մաք­պուլէ Գա­լայ­ճը։

Ս. Ծննդեան տօ­նի առի­թով, մատ­րան սրա­հին մէջ կա­տարո­ւեցաւ տնօրհնէք:

Տէր Հայ­րը մէկ­տե­ղուե­ցաւ ու զրու­ցեց տեղ­ւոյն մե­րազն ժո­ղովուրդի ան­դամնե­րուն հետ։

Նոյն իրի­կուն Մա­լաթիոյ մէջ գի­շերե­լէ ետք, Տէր Հայ­րը եւ Բրկ. Եու­սուֆ Ուր. Դպ. Թա­շապեան յա­ջորդ առա­ւօտ՝ 12 Յու­նո­ւար 2025, Կի­րակի, ցա­մաքի ճամ­բով ան­ցաւ Էլա­զըղ։

Տէր Հայ­րը առա­ւօտուն, Էլա­զըղի Հա­յոց Գե­րեզ­մա­նատան Ս. Նշան Մատ­րան մէջ Ս. Ծննդեան տա­ղաւա­րի Ս. Պա­տարագ մա­տու­ցեց, որու ըն­թացքին քա­րոզեց նիւթ ու­նե­նալով փոր­ձութիւ­նը՝ յատ­կա­պէս Ս. Յով­սէ­փի փոր­ձութիւ­նը։ Տէր Հայ­րը յի­շեցուց, որ ինչպէս անա­պատի մէջ Յի­սուս, այնպէս նաեւ Անոր հայ­րե­գիր Յով­սէփ եւս փոր­ձո­ւեցաւ։ Սա­կայն Յով­սէփ միշտ հաս­տատ մնաց Աս­տուծոյ եւ Անոր խօս­քին։

Տէր Հայ­րը քա­րոզի վեր­ջա­ւորու­թեան ներ­կա­ներուն հա­ղոր­դեց Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան հայ­րա­կան օրհնու­թիւննե­րը։

Հա­կառակ տի­րող ցուրտին, արա­րողու­թեան մաս­նակցե­ցան տեղ­ւոյն փոք­րա­թիւ հայ հա­մայնքի ան­դամնե­րը։

Այստեղ եւս, յա­ւարտ Ս. Պա­տարա­գի, կա­տարո­ւեցաւ ջրօրհնէք, կնքա­հայ­րութեամբ տեղ­ւոյն երի­տասարդնե­րէն Ար­տա Եաղ­ճըի։

Ս. Ծննդեան տօ­նի առի­թով, մատ­րան սրա­հին մէջ կա­տարո­ւեցաւ տնօրհնէք։

Ապա կա­տարո­ւեցաւ պաշ­տօն՝ Էլա­զըղի մեր հա­ւատա­ցեալ հան­գուցեալ­նե­րու հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։

Տէր Հայ­րը այստեղ եւս մէկ­տե­ղուե­ցաւ ու զրու­ցեց տեղ­ւոյն մե­րազն ժո­ղովուրդի ան­դամնե­րուն հետ։

Նոյն իրի­կուն Էլա­զըղի մէջ գի­շերե­լէ ետք, Տէր Հայ­րը եւ Բրկ. Եու­սուֆ Ուր. Դպ. Թա­շապեան յա­ջորդ առա­ւօտ՝ 13 Յու­նո­ւար 2025, Եր­կուշաբ­թի օր, ցա­մաքի ճամ­բով վե­րադար­ձան Հաթայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ