9 Յունուար 2025-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան Խորհրդարանը նոր նախագահ ընտրեց լիբանանեան բանակի հրամանատար Ժոզէֆ Աունը։
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորական նամակ մը յղեց նորընտիր նախագահին՝ ողջունելով անոր ընտրութիւնը եւ ընդգծելով, որ այս ընտրութեամբ նոր էջ մը կը բացուի Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան մէջ։
Ան նաեւ վստահեցուց նախագահը, որ Լիբանանի հայ առաքելական համայնքը կը մնայ անոր կողքին՝ զօրակից ու մասնակից Լիբանանի վերականգնումին նպաստող բոլոր աշխատանքներուն։ Հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ մօտ ապագային պիտի այցելէ նախագահական պալատ՝ անձնապէս փոխանցելու իր շնորհաւորութիւնները։