Առարկեցէ՛ք բռնակալութեան

Թուրքիոյ մէջ ազ­­գա­­­յին փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու յա­­տուկ կրթօ­­ճախ­­նե­­­րը Լո­­զանի Դաշ­­նագրի հի­­ման վրայ կը շա­­րու­­նա­­­կեն իրենց առա­­քելու­­թիւնը։

Անոնք հա­­մակեր­­պած են երկրի հիմ­­նա­­­դիր գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թեան պար­­տադրած ուսման ամ­­բողջա­­կան ծրա­­գիրը (Թեվ­­հի­­­տի թետ­­րի­­­սաթ քա­­նու­­նու)։ Սա­­կայն Հան­­րա­­­պետա­­կան շրջա­­նի հա­­մարեա բո­­լոր կա­­ռավա­­րու­­թիւններ յա­­տուկ ճնշումներ բա­­նեցու­­ցած են փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու դպրոց­­նե­­­րուն վրայ։

Այդ ճնշումնե­­րու գոր­­ծադրու­­թիւնը յանձնո­­ւած էր Կրթա­­կան Նա­­խարա­­րու­­թեան քա­­ղաք­­նե­­­րէ ներս են­­թա­­­կառոյցնե­­րուն, այ­­սինքն Կրթու­­թեան Տնօ­­րէնու­­թիւննե­­րուն։ Սոյն մար­­միննե­­րը փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րուն կ՚ու­­ղարկէին յա­­տուկ նշա­­նակո­­ւած փոխ տնօ­­րէն­­ներ եւ ու­­սուցիչ­­ներ, յատ­­կա­­­պէս այն առար­­կա­­­ներուն դա­­սաւանդման հա­­մար, որոնք ի սկզբա­­նէ վստա­­հուած են ծա­­գու­­մով թուրք ու­­սուցիչ­­նե­­­րուն։

Վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն կա­­նոնագ­­րութիւննե­­րու մէջ կա­­տարո­­ւած բա­­րեփո­­խումնե­­րով մեր վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու տնօ­­րէնու­­թեանց մա­­տու­­ցո­­­ւեցաւ ցան­­կա­­­ցած ու­­սուցի­­չը ընտրե­­լու իրա­­ւունք։ Սա­­կայն ըստ երե­­ւոյ­­թի այժմ ետ քայլ մը կը կա­­տարո­­ւի այդ բա­­րեփո­­խու­­մէն եւ Կրթա­­կան Տնօ­­րէնու­­թիւնը կրկին իր իրա­­ւասու­­թեան մէջ կ՚առ­­նէ փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու դպրոց­­նե­­­րուն մէջ պաշ­­տօ­­­նավա­­րող թուրք ու­­սուցիչ­­նե­­­րու նշա­­նակ­­ման մե­­նաշ­­նորհը։

Մտա­­հոգիչ զար­­գա­­­ցում մըն է այս, քա­­նի որ հա­­մայնքա­­յին դպրոց­­նե­­­րը վեր­­ջերս օժ­­տո­­­ւած էին իրենց ու­­սուցչա­­կան կա­­րողու­­թիւննե­­րով ակ­­նե­­­րեւ ու­­սուցիչ­­նե­­­րով։

Այս նոր որո­­շու­­մը ան­­գամ մը եւս առիթ պի­­տի ստեղ­­ծէ ո՛չ թէ իրենց աս­­պա­­­րէզի գի­­տելիք­­նե­­­րով, այլ ազ­­գայնա­­կան դիր­­քա­­­ւորու­­մով ու­­սուցիչ­­նե­­­րու ներ­­թա­­­փանցման։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ