Երբ միջազգային քաղաքականութեան զանազան դերակատարներ, այդ թուին Թուրքիոյ եւ Եւրոպայի երկիրներու ղերավարներ կը խրախուսեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մը ստորագրութիւնը, Ալիեւ կը շարունակէ սպառնական լեզուով խօսիլ Հայաստանի իշանութիւններու հետ։
Ան կը շարունակէ օրակարգի վրայ պահել «Զանգեզուրի Միջանցք» եզրը, անտեսելով այս մասին ՀՀ Կառավարութեան բացարձակ մերժող մերձեցումը։
Նոյնիսկ կ՚անտեսէ այս նիւթի շուրջ մօտ անցեալին իր ելոյթները, ըստ որու Զանգեզուրը անհրաժեշտութիւն մը չէ եւ իրենք կրնան այլընտրանքային միջոցներ շահագործել։
Նշենք որ աւելի քան 30 տարիներ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան Հայաստանը շրջափակման մէջ պահելու համար հնարած են բազմաթիւ «այլընտրանքային» միջոցներ։ Մենք այդ պատկերը տեսանք կազատար կամ նաֆթատար խողովակաշարերու ծրագրման օրերուն ալ։
Անոնք յանձն առին շատ աւելի երկար եւ բազմածախս ուղիներ, լոկ Հայաստանի հողային տարածքը շրջանցելու նպատակով։
Նոյնը պատահեցաւ երկաթուղիներու ծրագրաւորման մէջ։
Այժմ Ալիեւի իշխանութիւնը կը փորձէ շարունակել նոյն ռազմավարութիւնը եւ միւս կողմէ ալ Հայաստանը կը մեղադրէ ապրանքներու եւ մարդկանց շրջանարութիւն խափանելու պնդումով։