Իրան կ՛ողջունէ տարածաշրջանին մէջ փոխադրութիւններու ոլորտին մէջ համագործակցութեան ընդլայնումը, սակայն երկիրներու գերիշխան իրաւունքները պէտք է յարգուին։ Այս մասին, ըստ «Թանսիմ» գործակալութեան, ըսաւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի` պատասխանելով «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին հարցումի մը: «Իրանի դիրքորոշումը յստակ է», շեշտած էր ան։
Հայաստանի իշխանութիւնները բազմաթիւ անգամներ պատրաստակամութիւն յայտնած էին ապա շրջափակել բոլոր ճամբաները եւ հաղորդակցութեան ուղիները, սակայն ընդգծած էին, որ անոնք պէտք է ըլլան տուեալ երկրի գերիշխանութեան եւ իրաւասութեան տակ: